50 Տարի Առաջ (10 Յունիս 1967)
Հայրենիք Եւ Ազատութիւն Անկախ ապրելու յախուռն պահանջ էր, որ ստեղծեց մեր մէջ հայրենիք ստեղծելու կիրքը եւ շուտով ճշդուեցաւ, թէ այդ երկուքը` անկախութիւնն ու հայրենիքը, անհրաժեշտ են իրարու, մէկը արժէք չունի առանց միւսին: Որովհետեւ առանց հայրենիքի ազատութիւնը բեղմնաւոր պիտի չըլլար եւ առանց ազատութեան` հայրենիքը պիտի ըլլար տեսակ մը արօտատեղի: Որովհետեւ ազատութիւնը ինքնանպատակ հարստութիւն մը չէ, կարելիութիւններու աղբիւր է, հայրենիքը բնակավայր չէ,...





