ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Աշխատանքի մէջ կացութիւնը յստակ է. պէտք է առիթ գտնէք հարցերէն դուրս ելլելու եւ ուշադրութիւնը գրաւելու ձեր շուրջիններուն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պէտք ունիք անցեալին պատահած հարցէ մը ձերբազատելու: Այսպիսով, օրը պիտի անցնէք խաղաղ եւ ուրախ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Վարչական գործունէութիւն մը պիտի խլէ ձեր ժամանակը: Այսուհանդերձ, պիտի կարենաք ձեր որոշած ծրագիրը իրագործել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բանակցութեան մը, որուն դուք ձեռնարկած էիք, պիտի միանայ ուրիշ օգտակար եւ կարեւոր խնդիր մը: Յաջոութիւն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Սկսեցէք պարզ խնդիրները աւարտելով: Այսպիսով, յառաջդիմելու զգացում պիտի ունենաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Սիրոյ պատմութիւններ կը ծնին, սակայն չէք գիտեր, թէ ինչպէ՛ս: Հաւատարիմ մնացէք այս կացութեան եւ ձգեցէք, որ հարցերը ինքնաբերաբար կատարուին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դուք չէք կրնար ուղղել բոլոր անարդարութիւնները: Ոչինչի կը ծառայէ ինքզինքը յանցաւոր զգալ ուրիշներու սխալին համար:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր հեղինակութիւնը պիտի գնահատուի: Դուք լուրջ եւ աշխուժ էք. մանաւանդ ձգտումը ունիք միշտ ուրախ մնալու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր պաշտօնին մէջ նոր աշխատանք մը պիտի ունենաք: Կարողութիւնը ունիք հարցերը հաճոյքով դիմագրաւելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի կարենաք դուք ձեզ նշմարելի դարձնել դրական ձեւով: Պիտի իրագործէք ձեր աշխատանքները յաջողութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բոլորին սրտին մէջն էք ամենայն վստահութեամբ: Պէտք է պահել կարգ մը գաղտնիքներ: Պիտի գնահատեն ձեր այս կեցուածքը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի դարմանէք բարեկամի մը հետ եղած թիւրիմացութիւն մը, եւ ամէն ինչ լաւ ընթացք պիտի ունենայ: