ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բարեկամութիւն մը պիտի շարունակուի լաւ ընթացքով` հակառակ ձեր միջեւ եղած գաղափարական, քաղաքական եւ կրօնական տարբերութեան:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր անհատականութիւնը ձեզի պիտի մղէ միջամուխ ըլլալու նոր հարցերու: Ուշադիր եղէք, կրնաք պատժուիլ աշխատանքի մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երբեմն փափաքը կ՛ունենաք փախչելու աշխարհի միւս ծայրը, նոյնիսկ եթէ ան ըլլայ անապատ մը, որ ձեզի կը յարմարի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նախընտրելի է գիծ մը քաշել անիրականանալի երազներու վրայէն: Անցէք աւելի շօշափելի հարցերու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Առանձի՞ն էք բոլորին դէմ: Ուրեմն ժխտական տագնապներ չունիք: Ջանացէք ըլլալ հանդարտ եւ սիրալիր:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր առողջութիւնը տկա՞ր է: Աշխուժացէք` ուտելով կարելի եղած չափով օգտակար եւ սննդարար ուտելիքներ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Աջ ու ձախ պիտի վազէք, ինչ որ պիտի յոգնեցնէ ձեզ: Աւելի հանդարտ կեանք մը ապրեցէք եւ մտածեցէք միայն ձեր մասին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Երբեմն դուք ձեզ շատ կը քննադատէք: Պէտք չկայ միշտ յոռետես ըլլալու: Թոյլ տուէք, որ բարին միշտ տիրապետէ ձեր շուրջը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Արտայայտեցէք ձեր զգացումները` գրելով: Ինչո՞ւ համար չէք արձանագրուիր գրական խումբի մը մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աշխատանքի մէջ գործերը կը շատնան, բայց նիւթական գնահատանքը միեւնոյն տեղը կը մնայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի լսէք բարեկամական քննադատութիւններ եւ դասեր պիտի քաղէք անոնցմէ: Ամէն հարցի մէջ դրական բաժին մը կարելի է գտնել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երբեմն պէտք է արգիլել որոշ մօտիկ անձերու իրենց աղի հատիկը դնելու ամէն ինչի եւ որեւէ բանի մէջ:
