Այլազան

50 Տարի Առաջ (11 Դեկտեմբեր 1969)

 Մասնաւոր «Ազդակ»-ին Էրեբունի էրեբունի գացի՞ր, հարցուց ծանօթներէս տիկին մը, երբ Նիւ Եորք վերադառնալէս ետք Երեւանէն բերած բարեւ մը իրեն յանձնելու համար տուներնին գացած, ինծի մատուցուած սեւ սուրճը կը խմէի: - Գացի՛: - Ինչի՞ նման է: - Բարձր բլուրի մը գագաթին ամրոցի մը մնացորդներն են. յատակագծին վրայ, մօտ մէկ մեթր բարձրութեամբ, քարէ, առանց շաղախի, հաստ պատեր, կարմիր հող, մառանի բաժնին մէջ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Մի՛ պարտադրէք ձեր տեսակէտը ուրիշներուն, այլ գործակցեցէք անոնց հետ` ձեր գործի յաջողութեան համար: Նախապէս ճշդեցէք ձեր նպատակները: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Որքան ալ սխալները բազմանան, մի՛ այպանէք ձեր սիրելիները: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընտանիքին: Ներող եւ սիրալիր եղէք ձեր հարազատներուն նկատմամբ` հակառակ ձեր զգացած ճնշումին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Հարցեր մի՛ յարուցէք եւ մի՛...

50 Տարի Առաջ (10 Դեկտեմբեր 1969)

Ազգային-Կուսակցական Հայապահպանում Մեր գոյութեան հետ սկսած է հայապահպանման ճիգը եւ կը շարունակուի այդ գոյութեան համար: Հայոց պատմութեան ընթացքին յաճախ ճնշուած` մեր աչքերը յառած ենք լայն հորիզոններու, ստիպուած ենք լքել հայրենական օճախները` նորեր հաստատելու քիչ մը ամէն կողմ: Ու այսօր, երբ կ՛ուզենք ակնարկ մը նետել հայ սփիւռքին վրայ, տխրութեամբ կը հաստատենք, որ հայաշատ գաղութներուն մէկ մասը տեղատուութեան մէջ է` փոխարէն մեծ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Ձեր կեանքի լաւագոյն վայրկեանները կ՛ապրիք: Յարմար ժամանակ է ճամբորդելու: Ամսուան ամէնէն բախտաւոր օրերէն մէկն է: Կարեւոր հանդիպում մը պիտի ունենաք: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Դանդաղ շրջան մըն է: Պիտի նեղանաք եւ յուսախաբութիւն պիտի ապրիք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է: Մինակ մի՛ մնաք, անդամագրուեցէք միութեան մը եւ հոն ծառայեցէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Լաւ...

Յայտարարութիւններ (9 Դեկտեմբեր 2019)

ՄԱՀԱԶԴ Տիկին Սիլվա Գրաճեան եւ զաւակները` Կասիա եւ Սարին ՏԷր եւ տիկին Վարդգէս եւ Սոնիա Գրաճեան եւ զաւակունք Տէր եւ տիկին Ներսէս եւ Սոնա Ֆըստըքճեան եւ զաւակունք Տիար Գրիգոր Գրաճեան եւ զաւակունք Գրաճեան եւ Պատուհասեան ընտանիքներ Տէքէրմէնճեան եւ Էօլմէսէքեան ընտանիքներ եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին` ՎԱՀԱԳՆ ԳՐԱՃԵԱՆԻ (Ծնեալ` Պէյրութ, 1942-ին) մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ,...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ քաջալերելով «Ազդակ»-ի աշխատանքը` Տէր եւ տիկին Վարդան Թաշճեան (Նիկոսիա) 200 եւրօ

50 Տարի Առաջ (9 Դեկտեմբեր 1969)

Մեր Երկրորդական Վարժարաններէն  Հայագիտական Ուսումի Շուրջ Զրոյցի Մը Համար Ազգային վարժարաններու շուրջ կատարուած մեր հարցախոյզերով վերջերս առիթը ունեցանք, ուրիշ հարցերու կարգին, յուզելու նաեւ հայերէնի ուսուցման խնդիրը: Փաստերը առարկայական էին ու անողոք: Մեր հարցապնդումներէն ի յայտ կու գայ, որ, նախակրթարանի մակարդակին արդէն, մեր վարժարաններուն յաճախ կը պակսի անհրաժեշտ որակի տէր հայերէնի ուսուցիչ: Կը ստուգէինք, միւս կողմէ, որ դպրոցական եւ դասարանային գրադարանները...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Զգայուն կ՛երեւիք կարգ մը քննադատութիւններու հանդէպ: Գալիք օրերը յարմար չեն դիմադրութիւններու եւ վիճաբանութիւններու: Մի՛ վատնէք ձեր կարողութիւնները` գոհացնելով ուրիշները: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Կարեւոր որոշումներ մի՛ տաք այս օրերուն: Հին ընկերներու հետ կապ պիտի հաստատէք եւ հին դէպքեր պիտի վերյիշէք: Բնութեան գիրկը հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք: Հին գիրք մը պիտի կարդաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն...

Յայտարարութիւններ (7 Դեկտեմբեր 2019)

ՃԻՒՆԻԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը ուրախութեամբ կու գայ յայտնելու, թէ կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2019-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագին պիտի հանդիսապետէ` Թեմի Բարեջան Առաջնորդ ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ Յընթացս սուրբ պատարագի ծաղկեայ փիլոն պիտի ստանայ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ ԱՐԺ. Տ. ՍԻՄԷՈՆ ՔՀՆՅ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ: Սիրով հրաւիրուած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակցելու հոգեպարար արարողութեան:...

Լուսինին Վրայ Առաջին Քայլը` Շնորհիւ Կնոջ Մը

Լուսինին Վրայ Առաջին Քայլը` Շնորհիւ Կնոջ Մը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 50 տարիներ առաջ Նիլ Արմսթրոնկ իր ոտքը կը դնէր լուսինին վրայ: Այս պատմական քաջագործութիւնը կարելի պիտի չըլլար` առանց Մարկարեթ Համիլթոնի: 1963 թուականին 27 տարեկան Մարկարեթ Համիլթոն կ՛ընդունուի Մասաչուսեց ինսթիթիւթ օֆ թեքնոլոճի` ՏՀԹ-ի գիտաշխատանոց: Հոն մասնագէտները կ՛աշխատին ՆԱՍԱ-ի դէպի լուսին ճամբորդութեան «Ափոլլօ» ծրագրին հրթիռներուն համակարգիչի դրութեան վրայ: Իր խմբակին հետ Մարկարեթ պէտք է մտածէ գտնելու միջոց մը`...

50 Տարի Առաջ (7 Դեկտեմբեր 1969)

Հայ Կաթողիկէ Ակումբ Յարգանքի Հանդէս` Գալուստ Կիւլպէնկեանի (Ծննդեան Հարիւրամեակին Առիթով) Մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով Հայ կաթողիկէ ակումբի կազմակերպած յարգանքի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կաթողիկէ հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. Եղիա եկեղեցիին մէջ: Ներկայ էին` Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Պէյրութի կրթական մարմինի անդամներ, եկեղեցականներ եւ երկսեռ հասարակութիւն մը: Կազմակերպիչ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Ջերմացուցէք մթնոլորտը, որպէսզի լարուածութիւնը մեղմանայ: Նոր գործեր պիտի վստահուին ձեզի: Համբերութեամբ ամէն բան կը լուծուի, ձեր ջիղերը պինդ պահեցէք: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Այս օրերուն զգուշ եղէք վիճաբանութիւններէն ու մի՛ բարդացնէք խնդիրները: Պիտի մտահոգուիք տագնապի մը պատճառով, բայց շուտով պիտի վերագտնէք ձեր ինքնավստահութիւնը եւ սկսիք ձեր անձնական հարցերը լուծել: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ քաջալերելով «Ազդակ»-ի աշխատանքները` Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Թալին Գլպաշեան 500$

50 Տարի Առաջ (6 Դեկտեմբեր 1969)

Ալեքսանդր Սոլժենիցին Ամառուընէ ասդին այս երկրորդ անգամն է, որ համաշխարհային մամուլը զարմանքով ու տագնապանքո՛վ նիւթ կը դարձնէ խորհրդային իշխանութիւններուն ու գրագէտներուն փոխյարաբերութիւնները: Քանի մը ամիս առաջ «ազատութիւնը ընտրած» Անաթոլի Կուզնեցովի պարագան եղաւ մելան հոսեցնողը, իսկ անցնող ամսոյն Ալեքսանդր Սոլժենիցինի խորհրդային Գրողներու միութենէն արտաքսումը, որ դժգոհութեան ահագին ալիք մը ստեղծեց Արեւմուտքի մէջ` ընդվզումի մղելով մինչեւ անգամ իրենց կուսակցական ուխտով համայնավար կամ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Հոգեկան ճնշումներէն եւ նեղութիւններէն պիտի ձերբազատիք: Նոր շրջան մը պիտի սկսիք ձեր կեաքին մէջ: Ձեր նիւթական դժուարութիւնները պիտի վերանան հետզհետէ: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Բախտէ զուրկ շրջան մըն է, արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Դրացիներով տօնական հաճելի մթնոլորտի մէջ ուրախ պահեր պիտի անցընէք: Ձեր երազանքներէն մէկը պիտի իրականացնէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Առողջական անցողիկ խնդիրներ...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Երեք Արտայայտութիւն, Որոնցմէ Ծնողները Պէտք Է Խուսափին

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեք Արտայայտութիւն, Որոնցմէ Ծնողները Պէտք Է Խուսափին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Զաւակի դաստիարակութիւնը բաւական բարդ եւ պատասխանատու գործ է. երբեմն պահի ազդեցութեան տակ ծնողները կ՛ունենան արտայայտութիւններ, որոնք կրնան ճակատագրական ըլլալ փոքրիկին համար եւ հոգեբանական լուրջ հարցեր ստեղծել: Մանկավարժները կը ներկայԱԳ «Քրոջմէդ, Եղբօրմէդ Օրինակ Առ» Երեխաները համեմատելը թշնամութիւն, նախանձ եւ ապառողջ մրցակցութիւն կը սերմանէ: Նոյնիսկ եթէ երեխաներէն մէկը իսկապէս աւելի լաւ վարքագիծ կը ցուցաբերէ, այնուամենայնիւ, պէտք չէ զանոնք համեմատել...

50 Տարի Առաջ (5 Դեկտեմբեր 1969)

Հաղորդագրութիւն  Վեհափառը Նախագահին Մօտ Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետը` Խորէն Ա. կաթողիկոս, 2 դեկտեմբեր 1969, երեքշաբթի, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուին, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, Դրան եպիսկոպոս Գարեգին եպիսկոպոսի, զբօսաշրջութեան նախարար մեթր Խաչիկ Պապիկեանի եւ պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեանի եւ Սուրէն Խանամիրեանի: Քառասուն վայրկեան տեւող սոյն...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Ամսուան նուազ բախտաւոր օրերէն մէկն է: Կարեւոր հարցի մը շուրջ որոշում մի՛ տաք: Քննարկումներու պիտի մասնակցիք եւ սուր վիճաբանութիւններ պիտի ունենաք ձեր մրցակիցներուն հետ: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ պիտի շարունակէք ձեր աշխատանքը: Մեծ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Յարմար ժամանակ է` ընտանեկան ճամբորդութիւն մը կատարելու եւ քիչ մը հանգստանալու: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն...

50 Տարի Առաջ (4 Դեկտեմբեր 1969)

50 Տարի Առաջ (4 Դեկտեմբեր 1969)

Խմբագրական  Վերջին Սուրբը... Այս տարի հայ մամուլին եւ նոյն ակօսով իրականութեան անցուդարձերուն հետեւող մարդը ամէնէն աւելի տեսաւ Կոմիտասը, ամէնէն շատ լսեց Կոմիտասի մասին, իսկ նոյեմբեր ամսոյն ամէնուրեք ինքն էր եւ ի՛նքը, թերթերուն մէջ` Կոմիտաս, բեմերուն վրայ` Կոմիտաս, ամէն հոգիի մէջ, բոլոր շրթներուն` Կոմիտաս, կոմիտասեան երգ, յուշ, ցնծութիւն, հպարտութիւն: Ու այս թոհուբոհին մէջ, դիտուեցաւ հարկաւ, որ մասնագէտները Կոմիտասի ցայտուն մէկ կողմին...

Page 172 of 361 1 … 171 172 173 … 361

Արխիւներ