ՃԻՒՆԻԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը ուրախութեամբ կու գայ յայտնելու, թէ կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2019-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագին պիտի հանդիսապետէ`
Թեմի Բարեջան Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Յընթացս սուրբ պատարագի ծաղկեայ փիլոն պիտի ստանայ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ ԱՐԺ. Տ. ՍԻՄԷՈՆ ՔՀՆՅ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ:
Սիրով հրաւիրուած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակցելու հոգեպարար արարողութեան:
ՃԻՒՆԻԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՄԱՐԿՈՍ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2019-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի։
ԱԲՕ ԳԱՍԱՊԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2019-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի։
ՄԱՐԻ ՇԱՔԼԵԱՆի (ծնեալ՝ Աբրահամեան) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2019-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի։
ՄԱՐԻԱՄ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2019-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի։
————————————-
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՌՆԱՆՔ
ԵՒ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹԵՆՔ
Երեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Լիբանանի հայ երեք համայնքապետներու գլխաւորութեամբ եւ հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւորականներու ու հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, Լիբանանի խաղաղութեան համար հաւաքական աղօթք պիտի կատարուի:
Կը հրաւիրենք լիբանանահայութիւնը միասնաբար աղօթելու Լիբանանի խաղաղութեան համար:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
(ԷՇՐԵՖԻԷ)
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Այս տարի Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին տօնը կը զուգադիպի շաբաթ, 14 դեկտեմբեր 2019-ին: Այս տօնին զուգորդած ենք` ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆԸ, «ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒ ՕՐԸ» եւ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ 65-ԱՄԵԱԿԸ (1955-2020):
Ամէն տարուան պէս պիտի պատրաստուի աւանդական մատաղ-հարիսան` հակառակ երկրին մէջ տիրող դժուարութիւններուն:
Անոնք, որոնք այս առիթով կը փափաքին մատաղցու ոչխար (Արու) նուիրաբերել կամ փոխան մատաղցու ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին հեռաձայնել 01-266414 կամ 01-449926 թիւերուն:
Աստուած ձեր ուխտը ընդունելի դարձնէ:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն:
Դիմել` հեռ. 76-695869:
————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Գրասենեակ մը կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը, համակարգիչ գործածել գիտնալը պայման: Հեռ. 03-574296: