Այլազան

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Նոր գործի մը առաջարկը պիտի ստանաք:  Ձեր առողջութեան պէտք է հոգ տանիք: Ձեր հաւատարիմ ընկերներուն դիմեցէք նեղութեան ժամանակ: Դուք պէտք ունիք դրական լիցքաւորման: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Ձեր տրամադրութիւնը պիտի փոխուի, եւ դուք պիտի հանգստանաք: Ձեր ձախող փորձերէն մի՛ յուսահատիք, կրկին փորձեցէք, մինչեւ որ յաջողիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Դէպքի մը պատճառով պիտի...

Նուիրատուութիւն` Լիբանանահայ Երեք Թերթերուն

Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող վերջին ամիսներու զարգացումներուն լոյսին տակ երկրին մէջ ստեղծուած տարբեր դժուարութիւններուն կարգին լիբանանահայ մամուլին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները եւս նկատի ունենալով` Հրայր Ճէպէճեան «Ազդակ»-ին, «Արարատ»-ին եւ «Զարթօնք»-ին կը նուիրէ 75 հազարական լիբանանեան ոսկի:

50 Տարի Առաջ (17 Դեկտեմբեր 1969)

Նոթեր Ու Նետեր Քաղաքական Քաոսէն... Փոքրամասնութիւն Յայտարարուեցաւ, թէ Խորհրդային Միութեան մէջ ռուսերը փոքրամասնութիւն են: Որովհետեւ Խորհրդային Միութիւնը կը բաղկանայ աւելի քան հարիւր ազգերէ եւ ժողովուրդներէ, որոնք հետզհետէ կը բարձրացնեն իրենց ծննդեան տոկոսը` հաւաքաբար դառնալով շատ աւելի բազմամարդ մեծամասնութիւն եւ աւելի փոքրացնելով ռուսական փոքրամասնութիւնը, որ տիրապետողն է: Միթէ նոյնպէս փոքրամասնութիւն չե՞ն թուրքերը, որոնց մնացած հողերուն վրայ կ՛ապրին բազմաթիւ ազգեր եւ ժողովուրդներ`...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Խոյ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Ընտանեկան հարցեր պիտի ունենաք: Իմաստուն եղէք անոնց լուծման մէջ: Հանդարտեցէք եւ ձեր ջիղերուն տէրը եղէք: Այս ամսուան ձեր տուրքերը պիտի չկարենաք վճարել: Ցուլ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Յարաբերաբար դրական շրջան մը պիտի ապրիք: Մի՛ առանձնանաք ձեր կարծիքով, լսեցէք նաեւ ուրիշներուն տեսակէտը: Խելացի մտքերով պիտի օժտէք ձեր ընկերութիւնը: Երկուորեակ (22 մայիսէն 21 յունիս) Յստակ թող ըլլան...

Յայտարարութիւններ (16 Դեկտեմբեր 2019)

ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՎԵՐԱԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ ՄԷՋ Առ ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը յայտնենք, թէ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին առաջարկով եւ առաջնորդ սրբազան հօր` Գերշ. Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսին որոշումով, վերջերս հետեւեալ հովուական վերադասաւորումները կատարուեցան. Ա.- Արժ. Տ. Դանիէլ քհնյ. Մանճիկեան մօտ օրէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ պիտի մեկնի` ծառայելու համար Արեւելեան շրջանի թեմին մէջ: Բ.- Արժ. Տ. Օշին աւ. քհնյ....

50 Տարի Առաջ

Համօ Սահեանի Մօտ «Արագիլ»-էն վերադարձի մեր ճամբուն վրայ ընկերներս ըսին, թէ Համօ Սահեանը արկածով կոտրեր է ոտքը ու ինկեր անկողին: Կ՛ուզե՞ս, որ հանդիպինք իրեն, կ՛ուրախանայ: - Ուզելն ալ խօ՞սք է... Անշուշտ կ՛ուզեմ: Արդէն իր անունը ցանկիս վրայ է: Յետոյ, քանի որ արկածեալ է, մեր պարտքն է տեսութեան երթալ: - Շատ պիտի ուրախանայ,- ըսաւ Թորանեան: - Կարծեմ` ես աւելի պիտի ուրախանամ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Ամսուան ամէնէն բախտաւոր օրերէն մէկն է: Ուրախ լուր մը կը սպասէ ձեզի: Պիտի վերագտնէք ձեր ինքնավստահութիւնը: Ձեռնածալ մի՛ մնաք, օգտուեցէք առիթէն` ձեր մէկ խնդիրը լուծելու համար: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Մի՛ մեղադրէք ձեր շուրջինները` ձեր ձախողութեան պատճառով: Հանդարտ եղէք ձեր ընտանեկան եւ անձնական հարցերը լուծելու մէջ: Ձեր գործերը վաղուան մի՛ յետաձգէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն...

Յայտարարութիւններ (14 Դեկտեմբեր 2019)

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ ԷՇՐԵՖԻԷ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ Ս. ՅԱԿՈԲԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ Շաբաթ, 14 դեկտեմբեր 2019 - Աղօրհնէք` առաւօտեան ժամը 9:00-ին մասնակցութեամբ դպրաց դասին եւ ժողովուրդին - Զենում ոչխարներու` ժամը 9:30-ին - Մատաղի ծագման եւ իմաստի մասին դասախօսութիւն` ժամը 10:00-ին, եկեղեցիին մէջ - Ս. հաղորդութիւն` յետ դասախօսութեան - Երեկոյեան ժամերգութիւն` ժամը 7:00-ին Կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2019 - Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան,...

Մեզի Պահապան Հովանոցը

Մեզի Պահապան Հովանոցը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Երբ մենք երկինքը ամպոտ կը տեսնենք, ձեռքերնիս անմիջապէս կ՛երկարենք դէպի հովանոցը: Ան մեր պայուսակին մէջ կը մնայ միշտ պատրաստ... Սակայն գիտէի՞ր, թէ հովանոցը սկզբունքով հնարուած էր պաշտպանուելու համար արեւէն: Հովանոցը հնարուած է աւելի քան 4000 տարիներ առաջ, եւ մենք ունինք փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, որ Հին Եգիպտոսի, Յունաստանի, Չինաստանի եւ Ասորեստանի մէջ մարդիկ հովանոց կը...

50 Տարի Առաջ (14 Դեկտեմբեր 1969)

Նոթեր Ու Նետեր Աղջիկ Զաւակով Բախտաւորուածներուն Ուշադրութեան Բարեկամ մը եկած էր հիւանդանոց. ի միջի այլոց ըսաւ. - Բախտաւորուեցայ աղջիկ զաւակով մը: Շնորհաւորեցի ու ըրի մաղթանքներ: Բարեկամս աւելցուց. - Աղջկանս համար աղուոր, յաղթական անուն մը ըսէիր: Պատասխանեցի. - Դուն գրասէր ու գեղարուեստասէր ես ու անշուշտ կը փափաքիս, որ օր մը աղջիկդ ըլլայ համբաւեալ արուեստագիտուհի: - Օ՜, այո՛, բախտաւոր կը զգամ ինքզինքս,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Կարեւոր հանդիպում մը պիտի ունենաք: Քննութեան պիտի մասնակցիք եւ լաւ արդիւնք պիտի ապահովէք: Ձեր ընկերներուն հետ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Հանգիստ պիտի չկարենաք ընել ձեր բազմազան գործերուն եւ պարտականութիւններուն պատճառով: Ձեզ գոհացնող եւ ուրախացնող պատասխան մը պիտի ստանաք: Մի՛ չափազանցէք ձեր ծախսերուն մէջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Պիտի վերագտնէք...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Յայտարարութիւններ (13 Դեկտեմբեր 2019)

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ ԷՇՐԵՖԻԷ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ Ս. ՅԱԿՈԲԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ Շաբաթ, 14 դեկտեմբեր 2019 - Աղօրհնէք` առաւօտեան ժամը 9:00-ին մասնակցութեամբ դպրաց դասին եւ ժողովուրդին - Զենում ոչխարներու` ժամը 9:30-ին - Մատաղի ծագման եւ իմաստի մասին դասախօսութիւն` ժամը 10:00-ին, եկեղեցիին մէջ - Ս. հաղորդութիւն` յետ դասախօսութեան - Երեկոյեան ժամերգութիւն` ժամը 7:00-ին Կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2019 - Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան,...

50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1969)

50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1969)

Խմբագրական  Յեղափոխութեան Պսակը 1925-էն ասդին, մեր թերթերը, ամէն աշնան բացառիկ թիւեր կը նուիրեն «Դաշնակցութեան օր»-ուան եւ նուիրական պարտք մը կը համարեն ոգեկոչելու յիշատակը ազգին ու հայրենիքին համար ճգնած, երկնած եւ ինկած յայտնի եւ անյայտ բոլոր հերոսներուն: «Դաշնակցութեան օր»-ուան նուիրելու փոխարէն` մեր այս տարուան բացառիկը ամբողջութեամբ կը յատկացնենք Արամին` ի յուշ մեր նոր պատմութեան այդ վիթխարի դէմքին մահուան յիսնամեակին: Ու կասկած...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Եթէ պէտք ըլլայ, փոխեցէք ձեր առաջնահերթութիւնները: Յամառութիւն մի՛ ընէք: Կանուխ գացէք աշխատանքի, որպէսզի ուշացում չարձանագրէք ձեր գործին մէջ: Նիւթական կոկիկ շահ մը պիտի ապահովէք: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Սերտեցէք եւ ուսումնասիրեցէք ձեր ունեցած բոլոր տուեալները: Մի՛ անտեսէք փոքր մանրամասնութիւնները: Հանդարտութեամբ եւ համարձակութեամբ արտայայտեցէք ձեր կարծիքն ու կեցուածքը: Կորուստի մի՛ մատնէք ձեր ճիգերը: Ձեր կեանքին...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ քաջալերելով «Ազդակ»-ի աշխատանքը` Տէր եւ տիկին Տիգրան Պապիկեան (Լոս Անճելըս) 1200$

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ինչպէ՞ս Ապահովել Երեխային Անվտանգութիւնը Բաղնիքին Մէջ

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Ապահովել Երեխային Անվտանգութիւնը Բաղնիքին Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երեխայի մը համար տան ամէնէն վտանգաւոր վայրերէն մէկը բաղնիքն է: Մինչեւ 6 տարեկան երեխայ մը երկար ատեն բաղնիքը առանձին ձգելու չէ, անոր կը սպառնան զանազան վտանգներ: Ստորեւ` քանի մը զգուշացում: Ծորակէն հոսող տաք ջուրը կրնայ այրել երեխային մարմինը: Նախքան անոր լոգարան մտնելը` պէտք է ջուրը բարեխառնել` 45-55 աստիճան: *** Ջուրով լեցուն լոգարանին մէջ երեխայ մը երկար ժամանակ...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

50 Տարի Առաջ (12 Դեկտեմբեր 1969)

1969 Երիտասարդութեան Տարի Երիտասարդութեան կապուած հարցեր մեծ ուշադրութեան կ՛արժանանան այսօր, քիչ մը ամէն կողմ: Արեւմտեան երկիրներու մէջ հասակ առած է նոր սերունդ մը, որ ունի ապրելու, մտածելու ինքնուրոյն ձեւ, որ թերահաւատութեամբ կը նայի երէցներուն ստեղծած կեանքի օրէնքներուն եւ կ՛ուզէ շինել ու պարտադրել ի՛ր օրէնքները, կեանքի մասին ունեցած ի՛ր տեսութիւնները: Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ ընկերաբաններ մեծ աշխատանք կը տանին նախ հասկնալու...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Ձեր ծախսերը պիտի շատնան, ու նիւթական դժուարութեան մը դիմաց պիտի կանգնիք, մի՛ յուսահատիք: Ձեր նեղութիւնները թեթեւցուցէք ընկերային հաւաքներով: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Պիտի յաջողցնէք իրականացնել ձեր մշակած մէկ ծրագիրը: Յաջողութեան դռներ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Մի՛ ծուլանաք ու ձեր կարելին ըրէք` օգնելու ձեր կարիքաւոր բարեկամներուն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Կտրուկ որոշումներ մի՛ տաք...

Page 171 of 361 1 … 170 171 172 … 361

Արխիւներ