Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուսինին Վրայ Առաջին Քայլը` Շնորհիւ Կնոջ Մը

Դեկտեմբեր 7, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

50 տարիներ առաջ Նիլ Արմսթրոնկ իր ոտքը կը դնէր լուսինին վրայ: Այս պատմական քաջագործութիւնը կարելի պիտի չըլլար` առանց Մարկարեթ Համիլթոնի:

1963 թուականին 27 տարեկան Մարկարեթ Համիլթոն կ՛ընդունուի Մասաչուսեց ինսթիթիւթ օֆ թեքնոլոճի` ՏՀԹ-ի գիտաշխատանոց: Հոն մասնագէտները կ՛աշխատին ՆԱՍԱ-ի դէպի լուսին ճամբորդութեան «Ափոլլօ» ծրագրին հրթիռներուն համակարգիչի դրութեան վրայ:

Իր խմբակին հետ Մարկարեթ պէտք է մտածէ գտնելու միջոց մը` առաջքը առնելու այս սխալներուն, որոնք կրնան յառաջանալ մօտ ատենէն իբրեւ փորձ դէպի լուսին ղրկուելիք, ոչ բնակուած անջրպետանաւի մը մէջ: Հրթիռը կը սկսի իր թռիչքը… եւ խանգարումը մը տեղի կ՛ունենայ: Մարկարեթի ստեղծած համակարգչային ծրագիրը անմիջապէս գործի կ՛անցնի, եւ հրթիռի համակարգիչը դարձեալ կը բանի: Այս ամէնը կարելի կ՛ըլլայ միայն 72 քիլօօքթեթ յիշողութեամբ մը, այսինքն հազարաւոր անգամներ նուազ հզօր` քան ներկայի շարժական համակարգիչ մը…

«Ափոլլօ»-ի այս ծրագրին ծիրէն ներս ՆԱՍԱ կը նախատեսէ մարդով թռիչքներ ղրկել դէպի մեր բնական արբանեակը: Փորձերը կը կատարուին իսկական չափով նմուշներու վրայ: Մարկարեթ կը դառնայ այդ խմբակին պատասխանատուն. այս հեղինակաւոր պաշտօնը նոյնիսկ ներկայիս հազուադէպօրէն կը տրուի կնոջ մը:

Կը պատահի, որ գործի ժամերուն Մարկարեթ իրեն հետ գիտաշխատանոց կը բերէ իր 4 տարեկան աղջնակը` Լորըն: Օր մը փոքրիկ աղջիկը կը մտնէ անջրպետանաւի նմուշին մէջ եւ կը սկսի խաղալ ստեղնաշարին հետ: Երբ ան կը սեղմէ նախայարձակումի կոճակը մեքենան յանկարծ կը դադրի աշխատելէ:

Մարկարեթի համար ասիկա մեծ յայտնաբերում մը կ՛ըլլայ. աստղանաւորդները կրնան նոյն սխալը գործել: Երբ ան այս հարցը կը փոխանցէ ՆԱՍԱ-ի, ՆԱՍԱ-ն ենթադրութեան կարեւորութիւն չի տար` ըսելով, որ իր մարդիկը չեն կրնար սխալիլ…

Հետեւաբար Մարկարեթ սրբագրութեան միջոց մը չ՛անցըներ անջրպետանաւի համակարգիչին մէջ:

***

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

1968-ին, անջրպետին մէջ թռիչքի մը ընթացքին «Ափոլլլօ 8»-ի աստղանաւորդներէն մէկը փոքրիկ Լորընին կատարած սխալը կը կրկնէ… ՆԱՍԱ անմիջապէս կը դիմէ Մարկարեթի: 9 ժամուան ճիգերէ ետք դէպի անջրպետամեքենայ ղրկուած նոր տեղեկութիւնները թռիչքը կը փրկեն: Լուսինին հասնիլը այնուհետեւ իրագործելի կը թուի:

20 յուլիս 1969-ին «Ափոլլօ 11» անջրպետանաւը կը բաժնուի հրթիռէն: Դէպի լուսին էջքը կը սկսի: Երբ յանկարծ խուճապը կը տիրէ… լուսնի մակերեսին դպնալէ երեք վայրկեան առաջ համակարգիչը կանգ կ՛առնէ, եւ ահազանգը կը հնչէ: Սակայն Մարկարեթ նախատեսած էր ամէն տեսակի խանգարումներ եւ համակարգիչը օժտած` պէտք եղած ծրագիրներով: Անջրպետանաւի համակարգչային դրութիւնը կը տոկայ… Արմսթրոնկ եւ Ալտրին կրնան վերջապէս իրենց ոտքերը դնել լուսնի մակերեսին վրայ: «Մարդկութեան համար փոքրիկ քայլ մը», որ կարելի եղած է Մարկարեթ Համիլթոնի համակարգիչի լեզուի ծրագիրներուն:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Գիտնականները  կ՛ենթադրեն, թէ շանաձուկերը գոյները չեն զանազաներ:

– Յունաստանի առաջին Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին մարզիկները պանիրով կարկանդակ կ՛ուտէին:

– Մեր մարմնին մէջ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս չորս միլիոն քրտինքի գեղձեր:

– Գոյութիւն ունի երգչախումբ մը, որ կը գործածէ ինքնաշարժի կտորներէ շինուած երաժշտական գործիքներ:

– Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին աւելի քան 1900 միջատներու տեսակներ, որոնք կ՛ուտուին:

– Մեծ կոկորդիլոսները կրնան ապրիլ աւելի քան մէկ տարի` առանց ուտելու:

– Աստղանաւորդ մը կրցաւ ռատիոժամի յայտագիր մը ներկայացնել անջրպետէն:

– Կարգ մը խոզեր ունին գանգուր մազեր:

– Համալսարանական ութ ուսանողներ մասնակցեցան ձմերուկ ուտելու մրցումի մը` երկու ասիական փիղերու դէմ… մարդ արարածները պարտուեցան:

– Գիտնականները կը մտածեն, որ կարգ մը մոլորակներու վրայ ապակի կ՛անձրեւէ:

– Հիւսիսային Քորէայի մէջ ոճիր կը համարուի ճինզ տաբատ հագուիլը:

– Չինաստանի մէջ աւելի քան 30 միլիոն անձեր կ՛ապրին քարայրներու մէջ:

– Աղաւնիները կրնան իրենք զիրենք ճանչնալ հայելիին մէջ:

– Մենք օրական մօտաւորապէս մէկ ժամ կ՛անցընենք ծամելով:

– Նորածիները արցունք չեն արտադրեր, երբ կու լան:

– Կորիլանները կը քնանան բոյներու մէջ:

– Կարգ մը թիթեռնիկներ կը խմեն կրիաներուն արցունքները:

– Ամէնէն կարճ օդանաւային թռիչքը կը տեւէ միայն երկու վայրկեան:

– Ներկայի մեր բջիջային հեռաձայները շատ աւելի հզօր են, քան` այն համակարգիչները, որոնք գործածուած են աստղանաւորդները լուսին ղրկելու գործողութիւններուն ընթացքին:

– Միացեալ Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքին մէջ 3D տպագրութեան ընկերութիւն մը կրցաւ տուն մը «տպել» 24 ժամէն:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մարդամեքենաները:
Քանի՞ մանուկ կը տեսնես պատկերին մէջ:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Դեկտեմբեր 1969)

Յաջորդը

Սպիտակի Երկրաշարժ. Կեանք Մահից Յետոյ

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?