ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ամսուան նուազ բախտաւոր օրերէն մէկն է: Կարեւոր հարցի մը շուրջ որոշում մի՛ տաք: Քննարկումներու պիտի մասնակցիք եւ սուր վիճաբանութիւններ պիտի ունենաք ձեր մրցակիցներուն հետ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ պիտի շարունակէք ձեր աշխատանքը: Մեծ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Յարմար ժամանակ է` ընտանեկան ճամբորդութիւն մը կատարելու եւ քիչ մը հանգստանալու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր ապրած երկրին օրէնքները յարգեցէք: Դժուար շրջան մըն է, բայց մի՛ յուսահատիք, լաւատես եղէք: Ընկերային ուրախ հանդիպում մը մեծապէս պիտի փոխէ ձեր տրամադրութիւնը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Նոր միտքեր պիտի առաջարկէք ձեր ընկերութեան մէջ եւ պիտի աշխատիք ձեր ծրագիրը գործադրել ամէն գնով: Յաջողութեան դռներ պիտի բացուին ձեր դիմաց:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Նիւթական դժուարութիւններ պիտի ունենաք, զգուշ եղէք: Աւելորդ ծախսերէ հեռու մնացէք: Բարի անակնկալ մը մեծապէս պիտի ուրախացնէ ձեզ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Հանդարտ եղէք եւ ձեր ջիղերուն տէրը եղէք: Փոփոխական շրջան մըն է, ձեր տրամադրութիւնն ալ փոփոխութեան պիտի ենթարկուի: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է, համբերեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Մի՛ կեդրոնանաք երկրորդական հարցերու վրայ, այլ առաջնահերթութիւններով զբաղեցէք: Աշխատանքային գետնի վրայ նոր մտահոգութիւններ պիտի ունենաք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Հանգիստ եւ ապահով պիտի զգաք այս շրջանին: Ձեր ժամանակը անցուցէք լաւատես մարդոց հետ, որովհետեւ գանգատող մարդիկ կրնան փճացնել ձեր օրն ու տրամադրութիւնը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր ընտանեկան պահանջներն ու կարիքները պիտի շատնան, համբերող եղէք: Ժամանակի ընթացքին ձեր բոլոր մտահոգութիւնները պիտի վերանան: Կեդրոնացէք կեանքի լաւ կողմերուն վրայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Զրոյցով եւ քննարկումներով լուծումներ պիտի գտնէք ձեր ընկերութեան հարցերուն: Աշխատանքային օգտակար հանդիպումներ պիտի ունենաք բարձրաստիճան պետական անձնաւորութիւններու հետ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Վերատեսութեան պիտի ենթարկէք ձեր հաշիւները: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք, բախտը ձեր կողքին պիտի չըլլայ այս օրերուն:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր պարտականութիւնները պիտի բազմանան եւ աշխատանքային մեծ ճնշում պիտի զգաք ձեր ուսերուն: Բարի եւ ուրախ լուր մը ձեզի կը սպասէ: