ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Հոգեկան ճնշումներէն եւ նեղութիւններէն պիտի ձերբազատիք: Նոր շրջան մը պիտի սկսիք ձեր կեաքին մէջ: Ձեր նիւթական դժուարութիւնները պիտի վերանան հետզհետէ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Բախտէ զուրկ շրջան մըն է, արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Դրացիներով տօնական հաճելի մթնոլորտի մէջ ուրախ պահեր պիտի անցընէք: Ձեր երազանքներէն մէկը պիտի իրականացնէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Առողջական անցողիկ խնդիրներ պիտի ունենաք: Աշխատանքային նոր պայմանագիր մը պիտի կնքէք: Բարի անակնկալ մը ձեր տրամադրութիւնը պիտի փոխէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Արդար եղէք ձեր դատողութիւններուն մէջ: Ամրապնդեցէք ձեր ընկերային յարաբերութիւնները: Ժամանակի ընթացքին ձեր բոլոր հարցերը պիտի լուծուին:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ուրախ պահեր պիտի ապրիք ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ: Ամսուան ամէնէն ուրախ եւ բախտաւոր օրերէն մէկն է, օգտուեցէք առիթէն` փոխելու ձեր տրամադրութիւնը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Խնդիրներէ եւ վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք: Հանդարտ եղէք եւ հեռու մնացէք ուրիշներուն վրայ ձեր տեսակէտը պարտադրելէ: Պէտք է զիջումներ կատարէք, որպէսզի ձեր գործերը առաջ երթան:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Հարցի մը պատճառով վիճաբանութեան մէջ պիտի մտնէք ձեր գործընկերներէն մէկուն հետ: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է: Ձախողութիւնը պէտք չէ տկարացնէ ձեզ, այլ աւելի զօրացնէ ձեր կամքը:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Աշխուժ շրջան մըն է: Ստիպուած` աւելորդ ժամեր պիտի յատկացնէք ձեր գործին: Մեծ ազդեցութիւն պիտի ձգէք ձեր միջավայրին վրայ: Պէտք է յարգէք ձեր ժամադրութիւնները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր սիրելիին հետ կարեւոր հարց մը պիտի քննարկէք: Գեղեցիկ օր մը պիտի անցընէք ձեր հարազատներուն հետ: Աշխուժ պիտի կատարէք ձեր աշխատանքը այս շրջանին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ընտանեկան ձեր ճնշումները պէտք է թեթեւցնէք: Լուծումներ մտածեցէք ձեր բոլոր հարցերուն: Նիւթական օժանդակութիւն մը պիտի ստանաք եւ ուրախանաք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Կարեւոր որոշում մը պիտի տաք: Ամսուան դժուար օրերէն մէկը պիտի ապրիք: Ձեր լաւատեսութիւնը մի՛ կորսնցնէք կեանքին հանդէպ: Ձեր սխալները սրբագրելու առիթ պիտի ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Առիթ պիտի ունենաք արտայայտելու ձեր զգացումները ձեր սիրելիին: Նիւթական ձեր դժուարութիւններուն վերջ պիտի դրուի: Ժամանակ պէտք է տրամադրէք ձեր ընտանիքի անդամներուն: