ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Զգայուն կ՛երեւիք կարգ մը քննադատութիւններու հանդէպ: Գալիք օրերը յարմար չեն դիմադրութիւններու եւ վիճաբանութիւններու: Մի՛ վատնէք ձեր կարողութիւնները` գոհացնելով ուրիշները:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Կարեւոր որոշումներ մի՛ տաք այս օրերուն: Հին ընկերներու հետ կապ պիտի հաստատէք եւ հին դէպքեր պիտի վերյիշէք: Բնութեան գիրկը հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք: Հին գիրք մը պիտի կարդաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Առիթ պիտի ունենաք հանգչելու հոգերէ: Նիւթական հարցերով պիտի զբաղիք: Ձեր տրամադրութիւնը խանգարուած պիտի ըլլայ այս շրջանին: Հանգստացէք եւ ժամանցի ժամանակ տրամադրեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պիտի ունենաք առողջական հարց մը, զոր պէտք է դարմանէք: Կեդրոնացումով եւ հանդարտութեամբ պիտի լուծէք ձեր առջեւ ծառացած խնդիրները: Զգայուն շրջան մըն է. ձեզմէ կը խնդրուի արթուն եւ զգօն ըլլալ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Անհասկացողութենէ հեռու մնացէք: Պինդ պահեցէք ձեր ստացուածքները եւ ունեցուածքները: Քիչ մը պիտի յուսահատիք, բայց նոր ծրագիրներ պիտի մշակէք: Մանկութեան ուրախ եւ հանգիստ օրեր պիտի վերապրիք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Նոր հորիզոններ պիտի բացուին ներդրումներ կատարելու: Զգացական գեղեցիկ պահեր պիտի ապրիք: Անձնական գետնի վրայ ուրախ երազներ պիտի ունենաք: Եթէ ձեր սիրտը գրաւուած չէ, սիրային նոր յարաբերութիւն մը պիտի ապրիք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Օգտուեցէք դրական մթնոլորտէն` փաստելու ձեր կարողութիւնները: Ձեր փափաքը պիտի իրականանայ: Նոր սկիզբ մը պիտի դնէք ձեր գործին եւ անձնական կեանքին մէջ: Նոր տուն տեղափոխուելու մասին կը մտածէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէք: Դէպքի մը առիթով լուսարձակները ձեր վրայ պիտի կեդրոնանան: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք: Սիրային գեղեցիկ պահեր պիտի ապրիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր հարազատներէն մէկը իր դիրքին շնորհիւ ձեզի պիտի օգնէ: Համբերող եղէք այս օրերուն: Մի՛ գնէք այն առարկաները, որոնք այնքան ալ պէտք չեն ձեզի, խնայողութեան ժամանակն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Նոր լուծումներ որդեգրելով` բաւական շահ պիտի ապահովէք: Պիտի յաջողիք դիմագրաւել ձեր դժուարութիւնները: Ձեր ընկերներէն մէկուն հանդէպ ձեր վստահութիւնը պիտի կորսնցնէք: Մի՛դատէք մարդիկ, եթէ չէք աշխատած անոնց հետ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Եթէ զգաք, որ ձեր միտքերը չեն համապատասխաներ իրականութեան, հրաժարեցէք անոնցմէ: Նորութիւն մը պիտի պատահի, եւ նոր լուր մը պիտի ստանաք աշխատանքային ու զգացական գետնի վրայ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Աշխատանքային եւ անձնական ժամադրութիւնները մի՛ յետաձգէք: Անձնական գետնի վրայ հարցեր պիտի ծագին: Վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք եւ ձեր հանդարտութիւնը պահեցէք: Ձեր ընկերներէն մէկուն հետ ձեր կապը պիտի խզէք: