ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Մի՛ պարտադրէք ձեր տեսակէտը ուրիշներուն, այլ գործակցեցէք անոնց հետ` ձեր գործի յաջողութեան համար: Նախապէս ճշդեցէք ձեր նպատակները:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Որքան ալ սխալները բազմանան, մի՛ այպանէք ձեր սիրելիները: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընտանիքին: Ներող եւ սիրալիր եղէք ձեր հարազատներուն նկատմամբ` հակառակ ձեր զգացած ճնշումին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Հարցեր մի՛ յարուցէք եւ մի՛ հակառակիք ընդհանուր տեսակէտին: Հանդարտութեամբ լուծեցէք ձեր ընտանեկան եւ անձնական խնդիրները: Հանդարտութիւնը նախընտրելով` պիտի հեռանաք աղմուկէն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր ընկերոջ կամ բարեկամին օժանդակութեան կարիքը ունիք: Օգնութիւն խնդրեցէք: Հոգ տարէք ձեր ընկերային յարաբերութիւններուն: Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ ձեր ընկերներուն եւ հարազատներուն ներկայութեան:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Փորձեցէք առարկայական լուծումներ գտնել: Պայմանագիր մը պիտի ստորագրէք եւ պիտի սկսիք կարեւոր շրջան մը ձեր կեանքին մէջ: Ձեռնածալ մի՛ մնաք ձեր գործի յաջողութեան համար:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Այս օրերը հանդիպումներու եւ ժողովներու համար յարմար են: Յամառութիւն մի՛ ընէք, շինիչ առաջարկներ ներկայացուցէք: Ճկուն եւ սիրալիր եղէք ձեր ընկերներուն հետ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Օգնութեան դռներ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը եւ կայտառութիւնը: Անակնկալ օժանդակութիւն մը պիտի ստանաք եւ ուրախանաք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր սուղ ժամանակը մի՛ կորսնցնէք, մի՛ գանգատիք ու մի՛ թերանաք ձեր ամէնօրեայ գործին մէջ: Իրար մի՛ անցնիք, այլ տուէք ձեր լաւագոյնը: Ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն համար պիտի մտահոգուիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Առաջնահերթութիւններով սկսեցէք: Մի՛ փակէք ձեր գրասենեակին դուռը, մինչեւ որ ձեր բոլոր գործերը չաւարտէք: Ժամանակը նեղ է, առիթ չկայ զբաղելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Երբ ճնշումները շատնան, կառչած մի՛ մնաք ձեր կեցուածքին եւ մի՛ յամառիք: Ձեր կարողութիւնները ցոյց տուէք: Բարի կամեցողութիւն ունեցէք ձեր շուրջիններուն նկատմամբ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Բոլոր մարզերուն մէջ աշխուժ շրջան մըն է: Առիթէն օգտուեցէք ձեր նպատակները իրագործելու համար: Կանուխ գացէք աշխատանքի, որպէսզի ժամանակ չկորսնցնէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր տրամադրութիւնները պիտի բարձրանան: Եռանդ եւ աշխուժութիւն պիտի մտցնէք ձեր գործին մէջ: Ձեր մտային կարողութիւնները ի գործ դրէք` լուծելու տարակարծութիւնները: