ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր կեանքի լաւագոյն վայրկեանները կ՛ապրիք: Յարմար ժամանակ է ճամբորդելու: Ամսուան ամէնէն բախտաւոր օրերէն մէկն է: Կարեւոր հանդիպում մը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Դանդաղ շրջան մըն է: Պիտի նեղանաք եւ յուսախաբութիւն պիտի ապրիք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է: Մինակ մի՛ մնաք, անդամագրուեցէք միութեան մը եւ հոն ծառայեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Լաւ նշաններ պիտի ստանաք: Ձեր կղզիացած վիճակէն դուրս պիտի գաք եւ հանգիստ պիտի զգաք ձեր հարազատներուն եւ ընկերներուն հետ: Ձեր գործերը պիտի ծաղկին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Նոր դռներ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Ձեր շրջապատին նկատմամբ հոգատար պիտի ըլլաք եւ պիտի ուրախանաք ձեռք բերուած արդիւնքներով: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Աճապարեցէք հանդարտեցնել ձեր ընտանիքին մէջ լարուած մթնոլորտը: Պիտի հրաժարիք ձեր պահանջներէն եւ պիտի կեդրոնանաք միայն առաջնահերթութիւններուն վրայ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Դժուար շրջան մը կ՛ապրիք: Պէտք է նկատի առնէք բոլոր պայմանները, որպէսզի սխալներ չգործէք: Օրէնքները զանց մի՛ ընէք: Մթնոլորտը ճնշող է, բայց կարեւոր ժամադրութիւն մը պիտի ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ: Ուրախ տրամադրութիւն պիտի ունենաք այս շրջանին: Բոլոր առիթներէն օգտուեցէք ամբողջացնելու համար ձեր աշխատանքները:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Դժուար շրջան մը կ՛ապրիք: Ձեր հակառակորդը թշնամական դիրք որդեգրած է: Հեռու մնացէք վիճաբանութիւններէ: Դիւանագէտ եղէք եւ զանց մի՛ ընէք օրէնքները: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Այս օրերը ձեզի հաշտուելու առիթ պիտի տան: Մինակ մի՛ մնաք, այլ գործակցեցէք ուրիշներուն հետ` ձեր գործերու յաջողութեան համար: Պիտի քաջալերուիք եւ մաս պիտի կազմէք հաստատութեան մը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Իրար մի՛ անցնիք, նոյնիսկ եթէ յոգնութիւն զգաք: Մթնոլորտը ճնշող է: Ձեր բնաւորութիւնը փոփոխական պիտի ըլլայ այս շրջանին: Աւելի լաւ է` հարցերը լուծէք առանց ազդուելու մթնոլորտէն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Բացառիկ առիթ մը պիտի ստեղծուի յաջողութիւն արձանագրելու համար: Նոր փորձառութիւն մը պիտի ունենաք: Մթնոլորտը դրական է, բայց նիւթական գետնի վրայ պիտի շարունակէք խնայողաբար ապրիլ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Վճռական որոշումներ տալու ընթացքին պէտք է առարկայական ըլլաք: Տագնապալի շրջան մըն է, բայց` ոչ բացասական: Կարեւոր ծրագիր մը կամ պայմանագիր մը պիտի քննարկէք: Ճնշումներուն դիմաց մի՛ տկարանաք: