Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Օգոստոս 1969)

Օգոստոս 21, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Արտագաղթի
Չորս Ուղղութիւնները

Արտագաղթը ընթացիկ երեւոյթ է ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Արտագաղթ տեղի կ՛ունենայ գրեթէ բոլոր երկիրներէն: Այս շարժումէն զերծ չեն նոյնիսկ անոնք, որոնք պետական, ընկերային հաստատուն կառոյցներու նպաստը կը վայելեն: Այս վերջիններու պարագային, արտագաղթը մտահոգիչ երեւոյթ չէ, նոյնիսկ կը քաջալերուի ո՛չ միայն որոշ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծելու համար տուեալ երկրին տնտեսական կարելիութիւններուն եւ աճի համեմատութեան միջեւ, այլ նաեւ` օտար երկիրներու մէջ հայրենիքի շրջուն եւ անպաշտօն դեսպաններ ունենալու ակնկալութեամբ:

Արտագաղթը կը դառնայ աղէտ այն ժողովուրդներուն համար, որոնք իրենց համրանքին վրայ գուրգուրալու հիմնական պատճառներ ունին:

Հայութիւնը, մայր հայրենիքի թէ սփիւռքի իր հատուածներով, կը գտնուի այդ ժողովուրդներու շարքին, նոյնիսկ` առաջին գիծի վրայ: Մեր պարագային, աղէտը ամբողջական է, ու կորուստը, որուն համար շարունակ ահազանգ հնչեցուցած ենք ու պիտի չդադրինք հնչեցնելէ, բացարձակապէս անդարմանելի:

Ակնարկ մը մեր իրականութեան վրայ` ու պիտի տեսնենք, թէ արտագաղթի շարժումը կը կատարուի չորս ուղղութեամբ, երեք տարբեր մեկնակէտներէ.

Առաջին.- Արտագաղթ ազգային կազմակերպուած կեանք ունեցող հայահոծ գաղութներէ` դէպի հեռաւոր ափեր:

Երկրորդ.- Արտագաղթ համայնավար տիրապետութեան ենթակայ արեւելաեւրոպական երկիրներէն` դէպի Ամերիկա կամ այլուր:

Երրորդ.- Արտագաղթ մայր հայրենիքէն` դէպի խորհրդային լայնածաւալ կայսրութեան զանազան անկիւնները:

Չորրորդ.- Մայր հայրենիքէն նախկին ներգաղթողներու վերադարձ դէպի իրենց բնակավայրը` Ֆրանսա, Յունաստան կամ այլուր:

Արտագաղթի այս չորս տեսակի շարժումները, չորսն ալ վնասակար մեր ընդհանրական մտահոգութիւններուն տեսակէտէն, ունին տարբեր շարժառիթներ եւ դրդապատճառներ: Բայց ինչ որ ալ ըլլան անոնք, ենթակաները որքան ալ փորձեն արդարանալի պատճառներ փնտռել ու տալ իրենց քայլերուն, դատապարտելի են այն ԴԱՍԱԼՔՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ, ՈՐ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ ՀԱՇՈՒՈՅՆ:

Դատապարտելի է ան, որ Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներէն, ուր իբրեւ համայնք յիսուն տարուան մեր ջանքերը արդիւնաւորուեցան կազմակերպուած կեանքի մը նպաստով եւ այն մթնոլորտով, որ անհրաժեշտ է մեր ցեղային առհաւական ժառանգութիւններուն զարգացման համար, յանկարծ, քաղաքական, տնտեսական կամ ընկերային այս կամ այն պատճառով կը հեռանայ այս ափերէն` իբր թէ ապահով կայք գտնելու համար հեռաւոր եւ անհարազատ հորիզոններու տակ:

Դատապարտելի է (շատ աւելի` քան Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն մեկնողը), որ կը լքէ հայրենի հողը, հոն իր փնտռածը (կամ խոստացուածը) գտած չըլլալու ախտագին հոգեբանութեամբ` վերադառնալու համար Ֆրանսա, Յունաստան կամ այլուր:

Վերի երկու պարագաներուն, դատապարտութեան մեր խօսքը կ՛երթայ անհատներուն, որոնք անխոհեմ քայլ մը կ՛առնեն թէ՛ իրենց հաշուոյն եւ թէ՛ մանաւանդ այն ժողովուրդին, որուն կը պատկանին, մանաւանդ` իրենց զաւակները:

Կայ սակայն արտագաղթի միւս շարժումը, այն, որ կը կատարուի Հայաստանէն դէպի խորհրդային զանազան հանրապետութիւնները: Մեր վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, այս շարժումը մտահոգիչ համեմատութիւններու հասած է վերջին տասնամեակի ընթացքին` զբաղեցնելով օրուան ղեկավարութիւնը, որ սակայն իր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ եւ իրաւասութեանց գծով, կ՛ապրի տառապանքը բացարձակ անզօրութեան մը:

Ամէն տարի հազարաւոր հայեր, մանաւանդ` երիտասարդներ, աւելի լայն ասպարէզ գտնելու ակնկալութեամբ, կը լքեն հայրենի երկիրը, Հայաստանի ստեղծարար մթնոլորտը ու կը մեկնին Ռուսաստան կամ խորհրդային այլ հանրապետութիւններ` հոն անհետ կորսուելու համար ընդհանուր խառնարանին մէջ: Հայաստանի ղեկավարութիւնը կ՛ապրի այս աղէտին մտահոգութիւնը, մանաւանդ լաւատեղեակ է պատճառներուն, բայց կաշկանդումով մը, որուն վրայ ծանրանալու պէտք չունինք` իբրեւ հանրայայտ իրողութեան, կը դառնայ անզօր հանդիսատեսը ազգային ծանրակշիռ խնդիր մը, որ իսկական ողբերգութեան մը բնոյթը ունի:

Այն պատճառները, որոնք Հայաստանի մեր եղբայրները կը մղեն «խորհրդային հայրենիք»-ի անսահման տարածութիւններուն մէջ «բախտ փնտռելու», կ՛աւելնան այլ պատճառներու վրայ` Արեւելեան Եւրոպայի արբանեակ երկիրներէն հեռացնելու համար մեր հայրենակիցները, որոնք կեանքի եւ նիւթի ապահովութիւն կը յուսան գտնել իրենց համար բոլորովին օտար պայմաններու մէջ:

Արտագաղթի վերջին երկու պարագաներուն գծով, որքա՜ն պիտի շահէր հայութիւնը, պիտի շահէր անոր դատը, եթէ երբեք մեր հայրենիքին մէջ հնարաւորութիւններ ստեղծուէին ո՛չ միայն դէպի դուրս հոսանքը դադրեցնելու, այլ նաեւ արեւելաեւրոպական գաղութներու մեր հայրենակիցներուն հայրենի երդիք շնորհելու համար:

Այդ հնարաւորութիւններէն մէկը մեր Դատին արդար լուծումն է, գոնէ` այդ Դատին այն մասին, որ կը վերաբերի ներքին հողերուն, որոնց վերադարձը կը կարօտի ներքին կարգադրութիւններու, միջազգային բարդութիւններ չի ստեղծեր, այլ միայն դժգոհութիւն` «եղբայրական» երկիրներու մէջ, որոնք յիսուն տարիէ ի վեր անլուր անարդարութեան մը նուիրագործողը կը հանդիսանան:

Արտագաղթի բոլոր շարժումները, իրենց չորս ուղղութիւններով, կը կատարուին սփիւռքեան մեր կեանքը տնօրինող պատկան մարմիններու կամ կազմակերպութիւններու կամքէն անկախ պատճառներով, հակառակ անոնց կամքին: Մեր ճիգը` այս վտանգաւոր շարժումը կասեցնելու, դժբախտաբար բարոյական հեղինակութեան մը սահմաններէն անդին չ՛անցնիր ու որքան ալ ազդեցութիւն գործէ, կը մնայ սակայն մասնակի, երբ, շատ հասկնալի պատճառներով, զուրկ է պետական հեղինակութեան մը այլապէս արդիւնաւէտ նպաստէն:

Բայց այս չի նշանակեր, որ պէտք է ձեռնածալ նստիլ եւ կրաւորական վիճակագրողի տխուր դերին մէջ մնալ: Պայքարը, որ կը մղենք արտագաղթին դէմ, եթէ սահմանափակ թիւով իսկ հայրենակիցներ մղէ հրաժարելու անդառնալի քայլէ մը, դարձեալ որոշ չափով հասած կ՛ըլլայ իր նպատակին` հայութեան զանգուածը պահելով հայկական հարազատ մթնոլորտի մէջ, մինչեւ այն օրը, երբ հայրենիքը իր ընդարձակուած հողերուն դուռերը լայն բանայ հայրենաբաղձ հայորդիներու կարօտին առջեւ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?