Արտասահմանեան Հոգեր
Մեր Մամուլը
Մեր խօսքը աւելի արտասահմանի թերթերուն մասին է:
Հայրենիքի թերթերը կարելի չէ դասել մամուլի ընթացիկ ըմբռնումի սահմաններուն մէջ:
Անոնք չեն արտացոլացներ զանազան մտայնութիւններ, քաղաքական տարբեր տեսակէտներ, դիրքորոշումներ, որոնց գումարէն հնարաւոր ըլլայ եզրակացնել քաղաքական անկախ մտքի մը գոյութիւնը եւ զարգացումը:
Նման Խորհրդային Միութեան բոլոր հրատարակութիւններուն` անոնք պետական ձեռնարկ են, եւ իբրեւ այդ` միայն կը ծառայեն արտօնուած միակ կուսակցութեան շահերուն եւ ամբողջատիրական վարչակարգին հետապնդած նպատակներուն` առանց ունենալու ճշմարտութեան, իրականութեան մտահոգութիւնը:
Այլ հոսանքներու կամ վարդապետութիւններու պատկանող գաղափարներ կամ վարչակարգը նուազագոյն չափով քննադատող գրութիւններ ոչ միայն տեղ չունին խորհրդային թերթերուն մէջ, այլ նոյնիսկ արտօնուած չեն որեւէ ձեւով մուտք գործելու եւ շրջագայելու միութեան բովանդակ տարածքին վրայ:
Այս պատճառով հայրենի ժողովուրդը հնարաւորութիւն չունի ազատօրէն հետեւելու արտասահմանի քաղաքական կեանքի անցուդարձերուն եւ հոլովոյթին:
Հակառակ ասոր` համայնավարութիւն կառուցող վարչակարգին պատասխանատուները կ՛ըսեն, որ իրական ազատ մամուլը իրենց մամուլն է, քանի որ պետութիւնը իր ծախսով, աշխատաւոր, բանուոր, գիւղացի քաղաքացիներու տրամադրութեան տակ կը դնէ թերթերու էջերը` ազատօրէն արտայայտելու իրենց կարծիքը, բաղձանքը, դիտողութիւնը. մինչդեռ արեւմտեան երկիրներու մէջ մեծ գումարներ պահանջող մամուլը կը գտնուի դրամատէրերու ձեռքը, որոնք տեղ կու տան միայն դրամատիրական շահերը պաշտպանող գրութիւններուն:
Առանց խորանալու երկու գրութիւններու մամուլի բաղդատութեան մէջ` կը բաւէ միայն մէկ կողմէն մտաբերել վերջերս ազատութիւնը ընտրած ռուս յայտնի գրող Քուզնեցովի տակաւին յիշողութիւններու մէջ թարմ եղող յայտարարութիւնները խորհրդային հրատարակչական պայմաններու մասին, միւս կողմէ` առանց ճիգի հաստատել անիշխանութեան հասնող մամուլի ազատութիւնը, արեւմտեան ժողովրդավարութեան մէջ:
Արտասահմանի հայ թերթերը կը ներկայացնեն գաղութային կեանքին հարազատ պատկերը:
Այսինքն բաժնուած են երկու այլամերժ կողմերու` առանցք ունենալով Հայաստանի խորհրդային իրաւակարգը:
Հասկնալի է, որ մեր իրականութեան երկփեղկումը, որ ծնունդ կ՛առնէ կուսակցութիւններու հակադրութենէն եւ կը տարածուի անոնց հովանիին տակ գործող կարեւոր հաստատութիւններէն մինչեւ ամենայետին միութիւններուն եւ խմբաւորումներուն վրայ, ամէնէն աւելի ուժգնութեամբ արտայայտութիւն գտնէ մամուլի էջերուն մէջ:
Հասկնալի` անոր համար, որ մեր մամուլը կուսակցական գոյն ունի, բացի այն քանի մը թերթերէն եւ հրատարակութիւններէն, որոնք եթէ այդ գոյնը չունին, չգտնուելով կուսակցական անմիջական, ուղղակի կամ անուղղակի հակակշռի տակ, ուրիշ մասնաւոր գոյն ալ չունին, որովհետեւ իրենց պարագայական դիրքորոշումները զիրենք չեն հասցուցած հեղինակաւոր բարձրութեան մը, ուրկէ կարելի ըլլար լսելի դարձնել իրենց խօսքը ընդհանրապէս ազգային կեանքը յուզող հարցերու մասին եւ մասնաւորաբար` միջկուսակցական տեղի կամ անտեղի վէճերու ընթացքին:
Թերթի մը կուսակցական պատկանելիութիւնը ինքնին թերութիւն պէտք չէ նկատել, հակառակ որ այս դրոշմէն կը բխին կարգ մը անպատեհութիւններ, որոնցմէ գլխաւորը կուսակցական քարոզչութեան թիւր ըմբռնումն է: Այսինքն` լռել իր կողմի անբաղձալի եւ դիմացի կողմի յաջող, գովելի երեւոյթներուն վրայ եւ խօսիլ իր կողմի յաջողութիւններուն եւ դիմացինի ձախորդութիւններուն մասին: Անշուշտ` չափազանցելով:
Այս կողմէն գրող մը մեծարժէք ստեղծագործութիւնո՞վ մը կ՛օժտէ հայ գրականութիւնը, միւս կողմի թերթերը կը պահեն քար լռութիւն: Կը պահեն գերեզմանային լռութիւն, նոյնիսկ երբ իր գործերով անմահացած գրագէտ մը փակէ իր աչքերը:
Հայաստան կը ծաղկի՜:
Մեր բոլոր թերթերը անխտիր, ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կ՛արձանագրեն հայրենիքի ձեռք բերած յաջողութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ: Բայց ամէն ինչ անիւի վրայ չ՛ընթանար, նոյնիսկ` հայրենիքին մէջ, ինչպէս ամէն ինչ լաւ չ՛ընթանար որեւէ երկրի մէջ: Առէ՛ք Ամերիկայի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի թերթերը: Որքա՜ն քննադատութիւն` իշխանութիւններու հասցէին: Որքա՜ն մատնանշում` թերութիւններու, ձախորդութիւններու, յուսախաբութիւններու: Կարծէք երկիրը անդունդին ծայրն է:
Բայց արտասահմանի թերթերուն մէկ մասը միշտ լուռ կը մնայ հայրենիքի բացասական կողմերու մասին եւ հայրենասիրութեան պակասով կը դատապարտէ միւս հատուածը, որ կը գրէ այս մասին, կը գրէ ցաւով, սեւը ճերմակ տեսնելու ակնկալութեամբ, յոյսով եւ փափաքով: Այո՛, հայրենիքի թշնամիներ կը նկատուին անոնք, որ կը խօսին այս տխուր երեւոյթներու մասին: Միթէ կարելի՞ է, որ նման երեւոյթներ գոյութիւն ունենան ներկայ վարչաձեւին տակ: Սո՛ւտ կը խօսին, կ՛ուզեն վարչաձեւը քննադատել, հայրենիքէն հեռացնել զանգուածները:
Ի՞նչ կապ` հայրենիքը սիրելու եւ վարչաձեւը քննադատելու կամ տխուր երեսները մատնանշելու միջեւ: Մէկը կ՛արգիլէ՞ միւսը, թէ՞ պարզապէս կ՛ուզուի հայրենիքին սէրը տարածել նաեւ վարչաձեւին վրայ` ջանալով նոյնացուած ներկայացնել հայրենիք եւ վարչաձեւ:
Բայց կը պատահի երբեմն, որ դիտողութեան, քննադատութեան ձայն բարձրանայ նաեւ հայրենիքէն` ուղղակի մատնանշելով կամ թատրոնի եւ վիպակի ձեւով ու առակի ճամբով: Այն ժամանակ միայն տրուած կը նկատուի կանաչ լոյսի ազդանշանը, ու մինչ այդ լռած արտասահմանեան թերթերը կ՛անդրադառնան բացասական երեւոյթներուն, սակայն` զգալիօրէն մեղմ շեշտով:
Կրնանք հարց տալ նաեւ, թէ մեր թերթերը ո՞ր չափով, օրինակի համար, կը զբաղին ազգային իշխանութիւններով, անոնց ժողովական կեանքով կամ անոնց հովանիին տակ գործող կրթական հաստատութիւններով, ուր կարելի է միշտ անհրաժեշտ բարեկարգութիւններ մտցնել:
Մամուլի պարտականութիւնն է լուսաբանել, զարգացնել, առաջնորդել հանրային կարծիքը:
Անկասկած որ, կուսակցական թերթերը պիտի պարզեն կուսակցութեան գաղափարները, տեսակէտները, դիրքորոշումները: Հարկ եղած պարագային պիտի պայքարին, նոյնիսկ` բուռն կերպով, ոչ թէ պայքարի, այլ գաղափարի սիրոյն, ոչ թէ հասարակ, այլ` պարկեշտ ձեւով:
Դիւրին է կիրքեր հրահրել, անհամաձայնութիւն սերմանել, գաղութային կեանքի անդորրութիւնը խանգարել:
Բայց քաղաքական որոշ պատասխանատուութիւն վերցուցած մարդիկ պէտք է հարց տան, թէ ո՞վ կը շահի այս երկփեղկումէն: Ա՞զգը, ժողովո՞ւրդը, հայրենի՞քը, որոնց անունով կը խօսին ամէնքը: Գաղութներու տկարացումը, ամլութի՞ւնը կը նպաստէ՞, թէ՞ կը վնասէ ազգապահպանման գործին, Հայ դատին:
Ընդհակառակն, մամուլը, կուսակցական մամուլը պէտք է ցոյց տայ հանրային կարծիքին, որ կրնայ ստեղծել իրերհասկացողութեան մթնոլորտ` կարգ մը ընդհանրական բնոյթ կրող հարցերու շուրջ, որոնք վեր պէտք է մնան ամէն տեսակ վէճէ եւ անհամաձայնութենէ: Այն ժամանակ իմաստ կը ստանան գաղափարական հակասութիւնները, պայքարները, որքան ալ սուր եւ անզիջող ըլլան անոնք: Միանուագ, շարունակական, անիմաստ, հակասական եւ այլամերժ կեցուածքը կը ջլատէ ամէն ճիգ եւ աշխատանք, որ կը տարուի արտասահմանի դժուար պայմաններու մէջ ընթացող կեանքը բարւոքելու:
Հայ մշակոյթը, հայապահպանումը, հայ լեզուի մաքրութիւնը` արտասահմանի թէ հայրենիքի մէջ, կրթական մտահոգութիւնը, Ցեղասպանութեան դատապարտութիւնը, հողային ներքին թէ արտաքին պահանջները, որոնք Հայ դատին հիմը կը կազմեն, այն նիւթերէն են, որոնք իրենց համահայկական հանգամանքով համահայկական, ներդաշնակ ճիգեր կը պահանջեն:
Հայ մամուլը մղում պէտք է տայ հաւաքական, հասարակաց ճիգերուն` միեւնոյն ատեն հանդիսանալով անոնց արտայայտիչը:
Մեր թերթերը նաեւ գաղութային կեանքին, արտայայտիչը կը հանդիսանան: Գաղութէ գաղութ ձգուած կամուրջ են: Իւրաքանչիւր շրջանի թերթ աւելի տեղ պէտք է տայ այլ գաղութներու կեանքին` ջանալով ստեղծել արտասահմանեան դիմագիծ մը, հայ ժողովուրդի ընդհանրական շահերը պաշտպանելու ժամանակ հաւաքական դիրքորոշումներով հանդէս գալու համար:
Չմոռնանք նաեւ, որ հայ թերթերը չեն դադրիր լրագիր ըլլալէ: Իրենց ազգային առաքելութեան կողքին, ունին հիմնական դեր մը. տեղեկատուութիւն: Առանց բաղդատելու օտար թերթերուն հետ, որոնց լայն հնարաւորութիւններէն եւ կարելիութիւներէն զուրկ են մեր թերթերը, ընդունինք սակայն, որ այս ուղղութեամբ ալ հայ հասարակութիւնը աւելին պահանջելու իրաւունք ունի:
ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ