Գրական Առօրեան
Վերջերս Համազգայինի տպարանէն լոյս տեսաւ Յ. Օշականի այնքան սպասուած «Համապատկեր»-ի վեցերորդ հատորը, որ կ՛ընդգրկէ Եղիշէ Դուրեանի, Դանիէլ Վարուժանի եւ Զապէլ Եսայեանի նուիրուած ընդարձակ մենագրութիւնները:
Շարքին նախորդ հատորներուն պատմութիւնը ծանօթ է ընթերցողին: Անոնք, հինգն ալ, լոյս տեսան Սրբոց Յակոբեան վանքի տպարանէն: Առաջինը` հեղինակին ողջուցը (1945), հինգերորդը` առաջինէն տասնամեակ մը (1956) ետք, իսկ վերջինը` հինգերորդէն երկոտասան տարիներ յետոյ: Ուղիղ քառորդ դար կ՛ընէ, ուրեմն, որ «Համապատկեր» կը հրատարակենք եւ դեռ գործին հազիւ կէսը յաջողած ենք հասցնել ընթերցողին: Կը հասկցուի հարկաւ, որ այդ ժամանակաշրջանին իրենց միտքը կազմող եւ ճաշակը յարդարող տղաքը երբեք առիթ չունեցան մեր ամէնէն հանգամանաւոր ու քանքարաւոր քննադատին պեղումներուն, գիւտերուն, բիւրեղացուցած հարցերուն զգաստացնող արդիւնքներուն հաղորդակից դառնալ: Այս զրկանքը, կը խորհինք, հոս հոն պարզուած գրական անհեթեթութիւններուն վճռական ազդակներէն մէկը եղաւ:
Թող բացարձակ հիացումի մը շարժառիթը չտեսնեն մարդիկ այս հաստատումներուն ետին: «Համապատկեր»-ին առջեւ բոլորովին անվերապահ չենք. մեզի համար նեղացուցիչ են յատկապէս Օշականի անհարկի ծաւալումները, հատորէ հատոր կատարած անպատեհ կրկնութիւնները: Աճապարանքի հետեւանք այդ շուքերը չեն նսեմացներ սակայն «վիթխարահսկայ» այդ նուաճումը: Իբրեւ յղացում ու իրագործում` աննախընթաց է անիկա մեր գրականութեան մէջ եւ սիրելի` իբրեւ վերջնական վճիռներու հարուստ հանդէս: Գրականութեան խորունկ առումով, կենսաթրթիռ տարրերով, յաւերժատրոփ իմաստներու շողարձակ լոյսով կազմուած օշականեան չափանիշին մէջ կործանուածը անվերականգնելի է ու աշտարակուածը` անկործանելի:
Ու փայլատակող իր գիտութեան հետ լայննալու, բազմազանակ երեւոյթներուն ամբողջութիւնը ընկալելու հզօր կարողութեան հետ հզօրանալու, կտորին էութիւնը վերբերելու առողջութեան հետ առողջանալու առաւելութեանց հետ ուղղակի՛ վայելք է հանդիսատես ըլլալ Օշականի թէ՛ կործանումներուն, թէ՛ կառուցումներուն: Կարդացէք «ԿԱԼԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ» քերթուածին նուիրուած իր տողերը ու, եթէ կրնաք, զսպեցէք ձեր հիացումը` «Համապատկեր»-ը, իր մեծ տոկոսով, մտքի այդ խնճոյքը ընթերցողին ընծայող մեր ցեղային նուաճումներուն բաբախուն գանձարանն է:
Պ. Ս.
Կալերու Գիշեր
Ամառուան քա՜ղցր գիշեր,- գլուխը կամին վրայ դրած`
Աշխատանքի սուրբ Ոգին կալերուն մէջ կը ննջէ:
Կը լողայ մեծ Լռութիւնն աստղերուն մէջ ծովացած:
Անհունը` բիւր աչքերու թարթափով` զի՛ս կը կանչէ:
Կ՛երգեն հեռուն ծղրիթներ: Ջուրերուն մէջ լճակին
Կ՛ըլլայ հարսնիք մը ծածուկ նայադներու այս գիշեր:
Սիւքն յուզելով ուռենին ափերուն վրայ գետակին,
Կ՛արթնցնէ անծանօթ լարերու վրայ նուագներ:
Ծոթրիններու բոյրին մէջ, պառկած կատարը դէզին`
Ես կը թողում, որ սրտիս դպչի ամէն մէկ ճաճանչ.
Ու կ՛արթննամ գինիովն Անհունի մեծ կարասին,
Ու կը ճմլուին ասուպներ քայլի մը տակ անճանաչ:
Հե՜շտ է մտքիս ընկղմիլ կապոյտին մէջ լուսալիք,
Նաւաբեկիլ – թէ հարկ է – կրակներուն մէջ վերին,
Գտնել աստղեր նորանոր, կորսուած հի՜ն հայրենիք,
Ուրկէ ինկած հոգիս դեռ կու լայ կարօտն եթերին:
Վերանալ քա՜ղցր է ինծի թեւերուն վրայ լռութեան,
Լսել միա՛յն Միջոցին շնչառութիւնն անխռով,
Մինչեւ աչքերս գոցուին քնի մը մէջ դիւթական,
Ու կոպերուս տակ մնայ Անհունը իր աստղերով:
Այսպէ՛ս, ա՛յսպէս կը ննջեն գիւղին մարդիկը ամէն.-
Հօտաղն է իր սայլին վրայ, վերմակին տակ լուսնածոր,
Հարսն է դէզի կատարին` ծոցը բացուած զեփիւռէն,
Ուր կը պարպէ Յարդգողն իր կաթը սափոր առ սափոր:
Եւ այսպէս` օր մը պառկած, փողփողումին տակ երկնի
Իմ ծնողներս մշակ` զիս յղացան կաթոգին,
Զիս յղացա՜ն, սեւեռած իրենց աչքերը բարի
Վերն ամէնէն մեծ Աստղին, ամենավառ Հրայրքին:
Դ. ՎԱՐՈՒԺԱՆ
***
ԿԱԼԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ-ը պաղպաջուն քերթուած մըն է դասական պարունակով, ուր արտաքին աշխարհը կը տնտեսուի` սեղմուելու համար 20-30 տողերու ճիղճ տարածութեան ծոցը, բայց այնպէս մը, որ քանի մը անհուններ, մարդունը, տիեզերքինը, իմաստինը, կեանքինը, յաւիտենականին մշտանորոգ յօրինման անհունները թելադրուէին, տարօրէն արագ անցումներով: Ամառուան գիշերի մը տակ այս հետզհետէ խորացող անհուններուն ճարտարապետութիւնը քերթուածին կը բերէ տեսակ մը հռետորութիւն, խոշորութիւն, որ բարեբախտաբար բառերու տուրք մը չէ, քանի որ ամէնուս տրուած է այցուիլ այդ զգայնութեան տագնապովը, երբ կը կենանք այդպէս մինակ, խեղճ, մութէն ծծուած ու ոչնչացած մեր փոքր կիրքերուն փոքրութիւնը աւելի քան դատելով, մեր փառասիրութիւններն ու երազները ամչնալով կրել մեր ներսը, մինչ մեր գլխուն վրայ հսկայ գմբէթը կը շողափայլի. անհունապէս լուռ ու խօսուն:… Բայց ԿԱԼԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ-ը միայն երկնանուէր զգայնութեանց հանդէս մը չի թելադրեր: Հոն է ուռենին, որ լճի ափերուն, հովին անտես ճպոտին տակ կը թրթռայ իր նուագը, նոյնքան խորունկ, իրաւ, որքան աստղերուն երգը, որ իբր լոյսի շամանդաղում կը դողդղայ միշտ հսկայ գմբէթին տակ:
Հոն է դէզը. հողէն բրգացած այդ շտեմարանը, որ վաղը պիտի ոսկիանայ կալին մէջ, միւս օրը գիւղացիին տունը պիտի տաքցնէ, ապահովելով տարուան մը համար օճախին գոյութիւնը, միւս ամսուն պիտի ըլլայ հացը. անցնելու համար բանաստեղծին ուղեղէն ու դուրս գալու համար անկէ իբրեւ հիւսքը ոսկի բառերու, իբր վկայութիւնը այն կախարդական ճամբորդութեան, որուն սկիզբն ու վախճանը կը վրիպին մեզմէ, քանի որ չենք գիտեր հողէն անդին, ինչպէս չենք գիտեր կապոյտէն անդին: Հռետորութի՞ւն. այս ամէնը: Չեմ կարծեր: Միշտ այդ քերթուածին մէջն է հարսը, դէզին կատարին «ծոցը բացուած զեփիւռէն», ուր «կը պարպէ Յարդգողն իր կաթը սափոր առ սափոր»: Պէտք կա՞յ պատկերին վեհութիւնը, մարդկայնութիւնը, իրաւութիւնը արատաւորելու, հոն խառնելով բաներ, որոնք մեր փոքրութիւններուն թելադրանքն են յաճախ: Քերթուածը կ՛աւարտի ամէնէն վսեմ արարքին մէջը արարչութեան, երբ բանաստեղծին ծնողքը կը յղանան զինքը, «սեւեռած իրենց աչքերը բարի, վերն ամէնէն մեծ Աստղին, ամենավառ Հրայրքին»: Այսպէս զգացուած ու այսպէս բացատրուած` ԿԱԼԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ-ը կ՛ըլլայ մեծակառոյց գեղեցկութիւն մը, բուսած մեր հողէն, բայց շողարձակ, կրկնելու չափ հսկայ կամարին շառաւիղումները, ու մանաւանդ թելադրող ասոնցմէ անդինը: Ու երբ այդ իրեն իբրեւ մթնոլորտ ծառայող բարձրաթռիչ իմաստներու կայծկլտանքը, բառերու հրթիռը, տեսիլներու գոլն ու գաղջութիւնը զգացումներու արիւնոտ համը իրարու հետ կը ներդաշնակուին, մոռցնելու համար մեզի մեր ոչնչութեան, թշուառութեան ստոյգ ալ պատկերը, զոր կը պտտցնենք մեր առջեւէն, երբեմն մեր ետեւէն:
Յետո՞յ: Կայ ատիկա ալ: Ո՜ւր է այդ քերթուածին մէջ ճշմարիտ ԿԱԼԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ-ը, կէս մը կապտաւուն, կէս մը արծաթեայ շղարշումներովը մութին, զոր կրակները մօտէն ու հեռուէն կ՛արիւնեն յաճախ: Ո՞ւր` հոտերը, ցորենէն, խոտէն, միսերէն, հացերէն, մղեղէն, կովէն, իշուկէն, մանկիկէն, ապուրէն, թրիքէն, քրտինքէն, աղտէն ու այլ հազար ու մէկ մանր բաներէն, որոնք մարդերէ բնակուած տեղ մը կը զատեն, կ՛անձնաւորեն: Ո՞ւր` ինչ որ այդ ամէնէն դուրս է նոյն ատեն, մութին վրայ բացուող ծաղիկները բառին, երգին, այս անգամ ձայնին թելովը, բայց վաւերական, որ հիւսէր մեր մտքին առջեւ ամբողջ կեանքը միլիոնաւոր մարդոց, անոնց որոնք պիտի ապրին հողին մէջ, պիտի մեռնին անոր համար: Ո՞ւր` վաւերական գիւղը այդ պայծառ շէնքին ետին: Հարցուցէք ու մտածեցէք: Դանիէլ Վարուժանի մէջ հռետորութիւնը, տեսակէտէ մը, ուրիշ բան չէ յաճախ, եթէ ոչ իրականութեան սա զանցումը – զեղծումը, աւելի բարձր իրականութեան մը թելադրանքին ի խնդիր: Այսպէս ընելով է, որ անիկա դարաւոր զգացումներ, պատկերներ, զգայութիւններ յաջողած է վերանորոգել: Ու իր գործը, այս հաստատումին ընդմէջէն, կը կրէ տիտղոսը, հռետորութիւնը` իբր փառքի պատմուճան:
Յ. ՕՇԱԿԱՆ