Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Օգոստոս 1969)

Օգոստոս 15, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Խանասորի Արշաւանք»-ին Նուիրուած
Խրախճանք-Տօնակատարութիւն
Շթորայի Մէջ

Շաբաթ, 9 օգոստոս, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ Շթորա համախմբուած հայութիւնը ապրեցաւ ազգային եւ ընկերական ջերմ մթնոլորտ մը:

Արդարեւ, ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէութեան Շթորայի ակումբի վարչութիւնը կազմակերպած էր Խանասորի արշաւանքին 72-րդ տարեդարձին առիթով ընկերական եւ ընտանեկան խրախճանք մը` նորակառոյց ակումբի դալար բակին մէջ:

Իր տեսակին մէջ բացառիկ այս հաւաքոյթին ներկայ եղան մօտ երեք հարիւր հայրենակիցներ, եկած` Զահլէէն, Այնճարէն, Շթորայէն եւ Պէյրութէն:

Երեկոյթին բացումը կատարեց եւ վարեց Արմէն Տօնոյեան: Նախ յայտնեց շրջանի պատկան մարմիններուն տարիներու ընթացքին հետապնդած ծրագիրներուն իրականացումը` ունենայ սեփական ակումբ մը հայկական այս գեղեցիկ գիւղին մէջ: Այսօր Շթորան ունի իր ակումբը, ունի իր ընկերային, պատենական եւ ընտանեկան շարժումներու եւ գործունէութեանց յարմար օճախ մը:

Ապա, անդրադառնալով Խանասորի արշաւանքին, Ա. Տօնոյեան պանծացուց այդ սխրագործութիւնը` իբրեւ անմոռանալի թուական մը, անկիւնադարձ մը` մեր յեղափոխական պատմութեան մէջ:

«Սայաթ Նովա» նուագախումբը կրցաւ ստեղծել խանդավառ մթնոլորտ մը:

Խրախճանքը շարունակուեցաւ աննախընթաց ոգեւորութեամբ, ազգային եւ յեղափոխական երգերով եւ հայկական տոհմիկ խմբային պարերով:

Օրուան պատգամախօսն էր Անդրանիկ Ուրֆալեան: Իր խօսքը նախ ուղղեց բոլոր անոնց, որ տքնաջան աշխատանքով յաջողած էին հայկական հայ հողին վրայ բարձրացնել ակումբ մը: Ապա Ա. Ուրֆալեան ըրաւ պատմականը Խանասորի մեծ յաղթանակին: Ներկայացուց 1896-ական թուականներուն հայ իրականութեան քաղաքական աննախանձելի պայմանները, ծանրացաւ Խանասորի շրջանի քրտական վրանաբնակ մազրիկ ցեղախումբին կողմէ նահատակուած մօտ 600 մարտիկներու ողբերգութեան վրայ, որուն ուղղակի եւ անխուսափելի հակազդեցութիւնն էր 1897-ի Խանասորի հերոսական խոյանքն ու առասպելական յաղթանակը:

Այդ կռիւներուն ընթացքին հայ ֆետայիներու ցոյց տուած վեհոգի վերաբերմունքը ընդգծելէ ետք, Ա. Ուրֆալեան հասաւ մեր օրերու իրականութեան եւ յատկապէս շեշտեց գերագոյն նպատակներու համար հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը եւ ՀՅ Դաշնակցութեան անվերապահ պատրաստակամութիւնն ու զոհաբերութիւնը:

Անդրանիկ Ուրֆալեանի խօսքերը բազմիցս ընդմիջուեցան խանդավառ ծափերով:

Ստեղծուած ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ ակումբին. Հաննա Գասարճեան 200 լ.ո., ընկ. Ազատ Գասարճեան 100 լ.ո., Շթորայի Գիւղական խորհուրդին կողմէ, ատենապետ Նազարէթ Կէրկէրեան 50 լ.ո., Ֆ. Աթայեան փինկ-փոնկի սեղան մը, Ժորժ էքմէքճեան պասքեթպոլի գնդակ մը, Ժոզեֆ Գասարճեան պասքեթպոլի մարզիկներու համազգեստ, Սուրէն Մուրատեան փինկ-փոնկի 100 գնդակ եւ չորս ռաքեթ:

Հակառակ ուշ ժամուն, ներկաները երկար մնացին` բերելով իրենց հաւաքական մասնակցութիւնը խրախճանքին: Շնորհաւորեցին ձեռնարկը կազմակերպողները, շրջանի կոմիտէն եւ տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիները:

Վստահ ենք, որ ակումբի յանձնախումբը պիտի յաջողի իր առաջադրած ծրագիրներուն մէջ` կազմակերպելով մանուկներու դաշնակի դասեր, մանուկներու յատուկ տոհմիկ պարախումբ, գրական երեկոներ եւ վիճաբանական ասուլիսներ:

ՀՅ Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի
38-
րդ Շրջանային Ժողովը
104 Նորագիրներ Անցած Են ՀՅԴ-ի Շարքերը

Պունէոս Այրէսի մէջ յուլիս 18-ին գումարուած է Հարաւային Ամերիկայի ՀՅ Դաշնակցութեան 38-րդ Շրջանային ժողովը` մասնակցութեամբ Պուէնոս Այրէսի, Սան Փաուլոյի, Մոնթեվիտէոյի եւ Քորտոպայի բոլոր կոմիտէներու 30 պատգամաւոր եւ 25 խորհրդակցական ձայնով հրաւիրուած ընկերներու:

Ժողովին բացումը տեղի ունեցած է Պուէնոս Այրէսի բոլոր ընկերներու ներկայութեան: Տեղի ունեցած է 12 նորագիր ընկերներու երդման տպաւորիչ արարողութիւն: Ապա` բանախօսութիւններ: Արտակարգ խանդավառութիւն ստեղծուած է, երբ յայտարարուած է, որ անցնող տարեշրջանին Հարաւային Ամերիկայի մեր կազմին մէջ աւելցած են 104 նոր երիտասարդ ընկերներ:

Արդարեւ, Հարաւային Ամերիկայի մեր կազմակերպութիւնը վերջին տարիներուն թեւակոխած է երիտասարդացման շրջան մը: Շնորհիւ անոր` այդ հեռաւոր ափերու մեր գաղութներուն մէջ նոր թափ ու եռանդ ստացած են կուսակցական կեանքը, հանրային եւ կրթական աշխատանքները:

ՀՅ Դաշնակցութեան շունչին տակ եւ մեր մարմիններու ղեկավարութեամբ, ազգային, եկեղեցական, մշակութային եւ կրթական մարզերու մէջ, բոլոր կազմակերպութիւնները հայապահպանման նպաստող օգտաշատ գործունէութիւն ունեցած են:

Յատկապէս Հայ դատի հետապնդման մարզին մէջ մեր մարմինները բեղուն եւ ուշագրաւ գործունէութիւն ի յայտ բերած են Լատին Ամերիկայի երկիրներուն մէջ: Այս աշխատանքները համաժողովրդային խանդավառութիւն ստեղծած են` զօրացնելով հայութեան վստահութիւնն ու հաւատքը` հանդէպ ՀՅ Դաշնակցութեան:

38-րդ Շրջանային ժողովը տեւած է երեք օր, ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ, կարգապահ եւ մասնակցողներու պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Այլազան. «Ուտելի Բոյսերը Հայկական Խոհանոցում» Փառատօն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?