Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Սեպտեմբեր 1969)

Սեպտեմբեր 4, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կոմիտասը Հմայած Է…

Կոմիտասը մեծութիւն էր նաեւ օտարներու համար: Եւրոպացի արուեստագէտները անոր մէջ տեսան հայկական մշակոյթի ինքնատիպ խորութիւնը, զարմացան եւ սիրեցին: Անոր մասին հիացմունքով խօսած են երաժշտական աշխարհի ամենայայտնի հեղինակութիւնները: «Եթէ Կոմիտասը գրէր միայն «Անտունի»-ն, այդ ալ բաւական կ՛ըլլար զինք մեծ արուեստագէտ համարելու», խոստովանած է Ֆրանսացի հռչակաւոր երգահան Քլոտ Տեպիւսի:

1899-ին Միջազգային երաժշտական ընկերութեան պատուէրով Կոմիտաս Պերլինի մէջ գերմաներէնով կը կարդայ բանախօսութիւն` «Հայոց եկեղեցական եւ աշխարհիկ երաժշտութիւնը» թեմայով եւ կ՛երգէ պատառիկներ հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգերէն: Արուեստագէտները կը խնդրեն Կոմիտասէն կրկնել դասախօսութիւնը, իսկ Պերլինի օփերայի թենորը հայ երգահանին կ՛առաջարկէ երգել օփերայի մէջ:

«Երգիչի իմ կարողութիւնները մէկ նպատակի կը ծառայեն, մեծ ժողովուրդիս երգն ու երաժշտութիւնը ծանօթացնել երաժշտական աշխարհին եւ ապացուցել, որ հայ ստեղծագործ ժողովուրդը սկզբնական դարերէն, ունեցած է իր ինքնուրոյն երգն ու երաժշտութիւնը», ներողամտութեամբ մերժած է Կոմիտաս:

1914-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած Համաշխարհային երաժշտական ընկերութեան հերթական համագումարին մէջ Կոմիտաս հանդէս կու գայ երեք բանախօսութեամբ: Աշխարհահռչակ երաժշտագէտներու խնդրանքով ան Փարիզի հայկական եկեղեցիին մէջ կու տայ անսովոր համերգ մը` Բաբայեան քոյրերու եւ Արմենակ Շահմուրատեանի մասնակցութեամբ:

Համերգին ներկայ գտնուող աւստրիացի մեծ երաժշտագէտ Աթլեր մօտեցած է կոմիտասին եւ` ըսաւ. «Չեմ գիտեր, եթէ Աստուած հայոց ձայնը չլսէ, հապա որո՞ւ ձայնը պիտի լսէ»:

Կոմիտաս տուաւ հայ ժողովրդական եւ հոգեւոր երգերու համերգ մը` հիացում պատճառելով ներկայ երաժշտական հեղինակութիւններուն… Անոր դասախօսութիւնները համագումարի նիստերուն, ամենաթանկագինը եղան:

«Երբ Կոմիտաս նստաւ դաշնամուրի մօտ` մեղմօրէն երգելու համար հայկական երգ, ունկնդիրները քարացած էին, լուռ, եւ հոն տիրեց այն վեհապանծ հմայքը, այն գերագոյն պարզութիւնը, որ կը բխի հայկական երաժշտութենէն», հիացած գրած է Սորպոնի համալսարանի փրոֆեսէօր Ֆրետերիք Մաքլեր: Իսկ գերմանացի հռչակաւոր երաժշտագէտ Ֆրանց Քարլ Էնտրեսի Կոմիտասը անուանած է «մեծահանճար վարդապետ» եւ ըսած է. «Հայկական երաժշտութիւնը կը ներկայացնէ անհուն գեղեցկութիւն: Այնտեղ կան իրական գանձեր` Եւրոպայի համար անծանօթ»:

Կոմիտասի երգերու եւ պարեղանակներու մեղեդայնութիւնը, արեւելեան ճկունութիւնը եւ բազմաձայնութիւնը մեծ տպաւորութիւն թողած են Վիեննայի համալսարանի փրոֆեսէօր, երաժշտագէտ Վելեշ Եկոնի վրայ, որ յատուկ ուսումնասիրութեան առարկայ դարձուցած էր հայ երաժշտի ստեղծագործութիւնը: «Կը զարմանամ Կոմիտասի արտակարգ ընդունակութիւններուն վրայ: Շատ լաւ իմանալով ժողովրդական երգը` ան այդ երգերը ներդաշնակած է հազուագիւտ ճաշակով եւ ճշդօրէն: Այն բոլոր երգերը, որ ես անձամբ լսեր եմ Կոմիտասէն եւ կամ` ուսումնասիրած, ամէնէն առաջ մէկ բան կ՛ապացուցեն, որ Կոմիտասը եզակի դէմք է` իբրեւ ներդաշնակող, իբրեւ բազմաձայնորդ»:

Կոմիտասը շրջեցաւ քաղաքակիրթ Եւրոպայով, տեսաւ ու զգաց անոր հմայքը, սակայն չմոռցաւ կապոյտ լեռներու եւ լիճերու առասպելական երկիրը. «Իտալիան շատ գեղեցիկ է, բայց մեր դժբախտ հայրենիքը աւելի գեղեցիկ է»: Ան կը պաշտէր Խորենացին, Նարեկացին, իսկ Խ. Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» երկը իրեն հետ տարած էր Գերմանիա եւ իբրեւ աղօթագիրք ամէն օր կը կարդար:

Ան մտադիր էր Պոլսոյ մէջ բանալ հայկական երաժշտանոց, ամբողջութեամբ լոյս ընծայել իր մշակած ու ստեղծած բոլոր եղանակները, գրել «Վարդան Մեծ», «Սասնոյ ծռեր», «Քաղաքավարութեան վնասները», «Անուշ» օփերաները:

Եւրոպացիները կը սիրէին երազներով ապրող մեծ երգահանը, որովհետեւ ան ամէնէն առաջ հայ էր, ինքնատիպ ու խորունկ, ինչպէս` մեր տաճարներու եւ երգերու հինաւուրց, երկրի հազարամեայ անըմբռնելի ձայները:

Ա. ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Հայաստան

 Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան
Հարիւրամեակի Նախօրեակին

Օրերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Խորհրդային Միութեան կից, Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 100-ամեակի յոբելենական կոմիտէի նիստը` բանաստեղծ Ա. Սուրկովի նախագահութեամբ:

Քննարկուած են յոբելենական տօնակատարութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները:

Հայաստանի մէջ յոբելենական տօնակատարութիւնը պիտի սկսի սեպտեմբեր 20-ին: Պիտի տեւէ 6 օր եւ վերջ պիտի գտնէ սեպտեմբեր 25-ին: Համաժողովրդական մեծ տօն պիտի ըլլայ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդավայր` Թումանեան գիւղին մէջ:

Յոբելենական տօնակատարութիւններ պիտի կատարուին նաեւ Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Լենինականի, Մոսկուայի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Խորհրդային Միութեան ռատիոն եւ պատկերասփիւռը պիտի կազմակերպեն շարք մը հաղորդումներ: Անգլերէնով եւ ռուսերէնով պիտի հրատարակուին Թումանեանի ստեղծագործութիւնները: Ամէնուրեք տեղի պիտի ունենան համերգներ եւ գրական-երաժշտական երեկոներ:

Մոսկուայի մէջ հանդիսաւոր նիստը տեղի պիտի ունենայ մեծ թատրոնին մէջ: Մոսկուայի փողոցներէն մէկը պիտի կոչուի Յովհաննէս Թումանեանի անունով:

Հայ Նկարիչներու
Պաստառները Մոսկուայի Մէջ

Մոսկուայի մէջ բացուեցաւ Հայաստանի նկարիչներու ստեղծագործութիւններուն ցուցահանդէսը: Ներկայացուած են 300 պաստառներ:

Թումանեանի Եւ Կոմիտասի
Նուիրուած Յուշանուէրներ

Թումանեանի եւ Կոմիտասի նկարները դրոշմուած են փայտի վրայ: Հեղինակները Երեւանի յուշանուէրներու փորձնական գործարանի գեղարուեստական արտադրամասի վարպետներն են:

Ա.- Թումանեանի դիմանկարը եւ Համբոն Գիգորը քաղաք կը տանի: Գիգոր չ՛ուզեր երթալ, չի կրնար կտրուիլ հարազատներէն, հայրենի գիւղէն:

Բ.- Կոմիտասի նկարը: Մեծանուն երաժիշտն ու հայրենասէրը հոգեկան ուժգին ցնցումի պահուն: Գործ` ժողովրդական նկարիչ Գր. Խանջեանի:

Թումանեանի Դիմանկարը

Կիրովական-Թումանեան խճուղիի մօտ գտնուող «Ծիծեռնակի քարափ» ժայռին վրայ կը քանդակուի Թումանեանի դիմանկարը: Կը գրաւէ ութ քառակուսի մեթր մակերես:

Ժայռակերտ դիմաքանդակի հեղինակն է քանդակագործ Ալիս Մելիքեան:

Ֆութպոլ

«Արարատ» Առաջին Դիրքի Վրայ

Երեւանի «Արարատ» ֆութպոլի խումբը իր սեփական դաշտին մէջ ընդունեց Թաշքենտի (Ուզպեքիստան) «Պախտակոր» խումբը: Մրցումը վերջ գտաւ հաւասար արդիւնքով` 1-1:

Վեցերու մրցաշարքէն միայն երկու խումբեր իրաւունք պիտի ունենան մասնակցելու Խորհրդային Միութեան 1970-ի ֆութպոլի առաջին դասակարգի 14 լաւագոյն խումբերու ախոյեանական մրցաշարքին: Ամէնէն աւելի հաւանական թեկնածուները «Արարատ» եւ «Պախտակոր» խումբերն են:

Հայ մարզիկները, որոնք վերոյիշեալ մրցաշարքին մէջ կը գրաւեն առաջին դիրքը, 25 մրցումներէ ետք շահած են 27 կէտ: Արձանագրած են 10 յաղթանակ, 7 հաւասարութիւն եւ 8 պարտութիւն: Նշանակած են 31 կոլ եւ ստացած են 29 կոլ: «Արարատ»-ի կը յաջորդեն թաշքենտցիները, որոնք 24 մրցումներէ ետք շահած են 23 կէտ:

Վեցերու մրցաշարքը աւարտած չէ: Երեւանի «Արարատ»-ի երկրպագուները համոզուած են, որ իրենց սիրելի խումբը պիտի պահէ Խորհրդային Միութեան ուժեղագոյն խումբերէն մէկը ըլլալու իր իրաւունքը:

ԵՐԵՒԱՆ ՀԵՌԱՏԻՊ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?