Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Օգոստոս 1969)

Օգոստոս 19, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Տարեկան
Ընդհանուր Բանակումը

Սկաուտական շարժումի գլխաւոր գործունէութիւնը տեղի կ՛ունենայ բանակումներու ընթացքին, երբ բնութեան ծոցին մէջ սկաուտը առիթը կ՛ունենայ իրագործելու այն բոլոր տեսական ծանօթութիւնները, որ ստացած է ակումբային հաւաքոյթներու ընթացքին` վրաններու սարքաւորում, պահակութիւն, խոհարարութիւն, մաքրութիւն, ճաշասեղանի դասաւորում եւ այլն եւայլն:

Տակաւի՛ն, սկաուտները միասին կը սկսին ու միասին կը վերջացնեն ճաշը` առանց մոռնալու աղօթքը: Բանակավայրի սահմանը, նոյնիսկ եթէ կաւիճով գծուած է, ոտնակոխ ընելը մահացու մեղք է եւ այլն:

Սկաուտական շարժումին հիմնադիր սըր Պէյտըն Փաուլ այս ձեւի հարիւրաւոր օրէնքներ մշակած է, որոնք խմբապետութեան կողմէ գործադրուելով` անպայմանօրէն որոշ փոփոխութիւններ կը մտցնեն սկաուտներու նկարագրի կազմութեան մէջ:

Արդարեւ, հանդիպած ենք ծնողներու, որոնք հիացումով խօսած են բանակումէն վերադարձած իրենց զաւկին բնաւորութեան` նիստ ու կացի, ճաշերու ընտրութեան եւ այլն, դէպի լաւը փոփոխութեան մասին:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտները այս տարի եւս իրենց հիմնական աշխատանքը կատարած են բանակումի համար: Նախ` խմբակներու եւ խումբերու դրութեամբ, ապա` մասնաճիւղի սահմանին մէջ, ի վերջոյ վերածուելու համար տարուան մը ամբողջական գործունէութեան պսակումին` ընդհանուր բանակումի:

Տարիներէ ի վեր առիթը ունեցած ենք տեսնելու ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի կազմի ընդհանուր բանակումի հաւաքոյթ-հանդէսները: Նախ բազմաթիւ անգամները: Նախ բազմաթիւ անգամներ Պուա տը Պուլոնիի մէջ եւ վերջին երկու տարիները` Այնճարի մէջ, որոնք այնքան խանդավառութիւն ստեղծած են:

Այս տարի ընդհանուր բանակումը տեղի պիտի ունենայ Խնշարայի մէջ, օգոստոս 22-24:

Վերոյիշեալ բանակումները լաւագոյն առիթները եղած են մեր սկաուտներուն համար, ուր անոնք նախապէս պատրաստուած ծրագրով կը կատարեն ձեռային աշխատանքներ, կայմերու, դուռերու, սեղաններու, կամուրջներու եւ զանազան յատկանշական իրերու շինութիւններ: Իսկ բանակումի վերջին օրը կու գան անոնց միանալու նաեւ արենուշներն ու գայլիկները, ինչպէս նաեւ` Լիբ. օգն. խաչի արծուիկները, որոնք այդ օրուան յետմիջօրէին տեղի ունենալիք հանդէսին կը բերեն իրենց լայն մասնակցութիւնը:

Այս տարի հանդէսին հովանաւորութիւնը ստանձնած է լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, որ սկաուտական շարժման մօտէն ծանօթ ըլլալով` միշտ բերած է իր անվերապահ քաջալերանքը եւ անձամբ ներկայ պիտի գտնուի հանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-6:00:

Շրջ. սկաուտական խորհուրդի որոշումով, այս տարի եւս, ծնողներ եւ սկաուտասէր ազգայիններ, հանդէսէն առաջ, ժամը 2:30-էն մինչեւ 4:30  առիթը պիտի ունենան այցելելու բանակավայր` դիտելու համար սկաուտներու կատարած ձեռային աշխատանքները:

 

Մտածումներ`
Յ. Պարոնեանէն

►Սիրոյ անձնատուր եղողը մեծութեանց եւ իմաստութեանց հրաժեշտ կու տայ:

►Օրէնք դնողներն այրերն են, իսկ բարքերը հաստատողները կիներն են:

►Առանձնութիւնը խաբուած սրտերու մխիթարութիւնն է:

►Սիրոյ վրայ խօսող ծերն ակնոց դնող կոյրէն աւելի խենթ է:

►Գեղեցիկ կին մը պարզ հագուելու է աւելի շնորհք ունենալու համար, իսկ տգեղ կինն ալ պարզ` աւելի տգեղ չերեւալու համար:

►Սէրը լուսնոյ կը նմանի, երբ չ՛աճիր, կը նուազի:

►Պզտիկ աղջիկները պէպէքով կը խաբուին, մեծերն ալ` երդումով:

►Տասնհինգ տարեկան մէկու մը համար պարը զբօսանք մըն է, քսանհինգ տարեկանի մը համար` պատրուակ մը, իսկ քառասուն տարեկանի մը համար` նեղութիւն մը:

 

Հայաստան

Յ. Թումանեանի Անունով Փողոց`
Քիեւի Մէջ

Երեւան, 14 օգոստոս.- Մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով Քիեւի Քաղաքային Խորհուրդի Գործադիր կոմիտէի որոշումով Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի նորակառոյց փողոցներէն մէկը պիտի կոչուի Յովհ. Թումանեանի անունով:

Շաքէ Տէր Մելքոնեանի Այցը
Հայաստան

Երեւան, 15 օգոստոս.- Վերջերս Երեւանի մէջ հիւր էր Մոնրէալի ֆրանսական նահանգային համալսարանի դասախօս Շաքէ Տէր Մելքոնեանը: 1964-ին Պէյրութի մէջ ֆրանսերէնով հրատարակած էր «Հայկական հեքիաթներ եւ աւանդավէպեր» գիրքը` ֆրանսախօս հայ երեխաներուն ծանօթացնելու համար հայ ժողովրդական աւանդավէպերն ու հեքիաթները:

Շաքէն ծրագրած է գիրքը կրկին վերամշակել, որպէսզի լայն տարածում գտնէ նաեւ ֆրանսացիներու մէջ: Մտադրած է գիրքը թարգմանել անգլերէնի` անգլիախօս հայ երեխաներու համար:

Շաքէ Տէր Մելքոնեանը այժմ ֆրանսական գրականութիւն կը դասաւանդէ Մոնրէալի ֆրանսական նահանգային համալսարանին մէջ: Յառաջիկայ տարիներուն ան պիտի դասաւանդէ նաեւ համեմատական գրականութիւն, մասնաւորապէս` ժողովրդական բանահիւսութիւն:

 

Հայ Կեանք

70.000 Տոլարի Նոր Կտակ Մը`
Հայ Կրթական Հիմնարկութեան

Քալիֆորնիոյ հայ կրթական հիմնարկութեան քարտուղարութեան կողմէ տրուած հաղորդագրութենէն կ՛իմանանք, որ Լոս Անճելըս բնակող ազգանուէր ամոլ մը, որ չի բաղձար իր ինքնութիւնը հրապարակել, 70.000 տոլարի կտակ մը ըրած է հայ կրթական հիմնարկութեան:

Գումարը, յետմահու, պիտի կազմէ անձեռնմխելի հիմնադրամ մը, եւ տոկոսը պիտի յատկացուի նախընտրաբար Քալիֆորնիոյ «Մեսրոպեան» վարժարանին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի. Նորոգել Ազգի Միաւորման Գաղափարական Խարիսխը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?