Յառաջդիմութի՞ւն, Թէ՞ Տեղքայլ
Յառաջդիմա՞ծ ենք, թէ՞ տեղքայլ կ՛ընենք:
Ազգային, կրթական եւ հանրային գործեր վարելու եւ այդ գործերու արդիւնքը կշռադատելու մեր եղանակը փոխատուութիւն կրա՞ծ է արդեօք` նոր ժամանակներու յառաջընթաց ոգիին համաձայն:
Արտաքնապէս կը թուի, թէ շատ բան փոխուած է դէպի լաւը, դէպի արդիականութիւն, դէպի յառաջդիմութիւն:
Մայրերու օր կը տօնենք եւրոպական երկիրներու մէջ ապրող զարգացած ժողովուրդներուն պէս եւ ջերմօրէն կը գնահատենք հայ մօր փրկարար դերը: Ուսուցիչներու օր կը տօնենք եւ կը փառաբանենք հայ կրթական մշակին սրբազան առաքելութիւնը եւ անձնուիրութիւնը:
Ամէն ինչ կարգին է: Արեւմուտքէն որեւէ բանով ետ չենք կարծես: Ծաղկեփունջեր եւ ծաղկեկողովներ ալ հրամցնել գիտենք, եթէ պէտք ըլլայ: Մինչեւ իսկ կրնանք յոբելեաններ կատարել` մեր վաստակեալ մշակներուն վերջին օրերը քաղցրացնելու համար:
Ուրիշ ի՞նչ պիտի ընենք, որպէսզի դարուս յառաջդիմութեան ոգիին հետ քալած ըլլանք:
Ամէն բանէ առաջ պէտք է քաջութիւնը ունենանք անկեղծօրէն քննելու այս բոլորի ետին թաքնուած մտայնութիւնները եւ անոնց ախտաճանաչումը ընելու բաց սրտով:
Արդ, եթէ ամէն կողմ դնենք մեր կեանքին մէջ բեմադրուող արարողական երեւոյթները, պիտի տեսնենք, թէ հայ մարդուն մտածելու եւ գործելու կերպը զգալի փոփոխութիւն չէ կրած: Հարիւր տարի առաջուան մտայնութիւնն է գերիշխողը: Վերանորոգում եւ թարմացում գրեթէ չենք գտներ:
Կրթական եւ մշակութային ճակատին վրայ, մանաւանդ, հայ կեանքը կը քալէ հին անիւներու վրայ: Ճիշդ է, թէ հիմա աւելի լաւ դպրոցներ ունինք` շէնքի եւ կահաւորման տեսակէտէն: Բայց հայ ուսուցիչին ճակատագիրը շատ տարբեր չէ նախկինէն: Կրթական վարիչ մարմիններու մեծ մասին մէջ տիրող հիմնական մտահոգութիւնը նիւթականն է: Ճիշդ այս պատճառով ալ կրթական մշակին գործն ու վաստակը` տեւաբար սակարկութեան նիւթ:
Եթէ նոր սերունդը կռնակ կը դարձնէ այսօր հայ դպրոցին եւ կը նախընտրէ ազգային հաստատութիւններէ դուրս գործել, հիմնական եւ գուցէ միակ պատճառը մեր մէջ տեւականացնող այս հին մտայնութիւնն է: Նորերը իրենց աչքին առջեւ ունին կոխկռտուող արժանապատուութիւններու եւ մանր հաշիւներով նուաստացած եսերու տխուր օրինակը: Ո՞վ կրնայ մեղադրել այն հայ երիտասարդը, որ չ՛ուզեր այլեւս իր նախորդներուն ճակատագրին ենթարկուիլ: Մանաւանդ որ լայն հնարաւորութիւններ կան հիմա ազատ ասպարէզներու տիրացման:
Ի՞նչ կ՛ընենք մենք այս աղիտալի կացութեան դարման գտնելու համար: Ոչի՛նչ, բացի երբեմն¬երբեմն երեմիական ողբեր կարդալէ:
Մինչդեռ եթէ իսկապէս բան մը փոխուած ըլլար հայ կեանքին մէջ, եթէ յառաջդիմութեան ոգին իսկապէս թափանցած ըլլար ուղեղներէ ներս եւ յեղաշրջած հին մտայնութիւնները, մենք անպայման պիտի զգայինք կրթական եւ մշակութային մեր կեանքէն ներս փչող հովերուն բարերար ազդեցութիւնը:
Արդեօք դեռ կանո՞ւխ է յառաջդիմութեան մասին խօսելու: Արդեօք հիմնական յեղաշրջումը պիտի գայ ա՞յն ատեն միայն, երբ հայ մտքին հորիզոնները աւելի լայննան եւ հարստանան` նոր քաղաքակրթութիւններու հետ բաւարար չափով շփուելէ ետք:
Յամենայնդէպս կարելի չէ հայ գիր ու գրականութիւն ծաղկեցնել, հայ մտաւորական պատրաստել, նոր սերունդները հայ արժէքներու սիրով խանդավառել, մեր Դատին ու պայքարին համար նուիրեալ գործիչներ հասցնել, եթէ պիտի շարունակենք հոգեկան եւ մտաւոր արժէքները չափել շուկայի կշիռներով:
Մնացածը արտաքին փայլ է միայն եւ տխուր ինքնախաբէութիւն:
Յ. Պարոնեանի օրերէն ի վեր մենք վարժուած ենք շատ աւելի գուրգուրալու հաստատութեան մը քարերուն եւ պատերուն վրայ, քան` այդ քարերն ու պատերը կանգուն պահող, անոնց շունչ ու կենդանութիւն տուող մտքի մշակներուն: Պատրաստ ենք հսկայ զոհողութիւններ ընելու` նիւթեղէն կառոյցներ կանգնելու համար, բայց, միւս կողմէ, ազգասիրական բա՜րձր պարտականութիւն կը սեպենք հոգեղէն կառոյցներու ճարտարապետներուն տարրական իրաւունքին շուրջ վէճի նստիլը:
Ցաւալին այն է, որ այս դիրքաւորումները սովորութիւն դարձած է մկրտել «նախանձախնդրութիւն» եւ «բծախնդրութիւն» անուններով:
Կը հաւատանք, թէ յանցաւորը անձեր չեն, այլ` մտայնութիւնները: Քար կապած այն մտայնութիւնը, որ հանրային գործերու մէջ յաճախ կը շփոթուի արժանաւորութեան հետ եւ թոյլ չի տար, որ հայ կեանքը բողբոջի նոր ծաղիկներով:
Այսօր դեռ կան մատի վրայ հաշուըւող քանի մը «խենթեր», որոնք կը տոկան եւ կը շարունակեն ծառայել մեր ժողովուրդին, վաղը այսքանն ալ պիտի չգտնենք: Մեր նախակրթարաններու անձնակազմը արդէն իսկ ինկած է իգական սեռի բացարձակ տիրապետութեան ներքեւ: Երանի թէ անոնք բոլորն ալ կոչումով կրթական մշակներ ըլլային: Դժբախտաբար մեծ մասին համար դպրոցը տարանցումի ճամբայ մըն է` վկայականէն դէպի ամուսնութիւն: Պատահական եւ ժամանակաւոր ասպարէզ:
Բան մը պէտք է փոխուի հայ կեանքէն ներս: Եւ այդ փոխուելիքը ամէն բանէ առաջ հանրային գործերը վարելու հին ըմբռնումն է:
Մ. ԻՇԽԱՆ
Պիքֆայայի Ուխտի Օրը
Լիբանանահայութիւնը այս տարի եւս ջերմեռանդ հաւատքով տօնակատարեց Ս. Աստուածածնայ Վերփոխման տօնը:
Շաբաթ, 16 օգոստոս, երեկոյեան, Պէյրութի եւ գիւղագնացութեան հայաշատ կեդրոններուն մէջ Ս. Տիրամօր անուանակոչութիւնը տօնակատարուեցաւ ընտանեկան խրախճանքներով:
Կիրակի, 17 օգոստոս, հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը ուխտի գնաց Պիքֆայա կաթողիկոսարանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, այցելեց յիսնամեակի Նահատակաց յուշարձանը, ապա խոր երկիւղածութեամբ հետեւեցաւ սրբազան արարողութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան Խորէն Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ:
Պատարագեց եւ քարոզեց լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:
Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցան աւանդական խաղողօրհնէք եւ Անթիլիասի Եկեղեցասէր տիկնանց խնամակալութեան կողմէ պատրաստուած մատաղի օրհնութիւն եւ բաշխում:
Կարգապահութեան հսկեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պատկանող ոստիկանական ջոկատ մը ՀՄԸՄ¬ի սկաուտները:
Վեհափառին Այցը Նախագահին
Խորէն Ա. կաթողիկոս, իր Ամերիկա կատարած շրջապտոյտէն վերադարձին առիթով, շաբաթ, 16 օգոստոս, կէսօրէ ետք այցելեց նախագահ Շարլ Հելուի` ընկերակցութեամբ առողջապահութեան նախարար Խաչիկ Պապիկեանի եւ պետական երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեանի:
