Արդարութեան Ձայնը
Մեր երկիրը իր պետական, կուսակցական, գրական ու արուեստի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ եւ պարզ ժողովուրդէն կազմուած հսկայ թափօրով մը ընծայեց իր վերջին յարգանքը տաղանդաւոր բանաստեղծ ու գրագէտ Գուրգէն Մահարիին: Քանի մը մտաւորականներ դամբանական խօսեցան, բայց Վահագն Դաւթեանն էր, որ խտացուց անհետացող դէմքին բովանդակ արժանիքը.
«Գնաս բարով, սիրելի՛ Մահարի, թող թեթեւ լինի հողը քեզ վրայ, այն հողը, որ դու առաւել գեղեցկացրիր քո զարմանալի արուեստով»:
Հողը, հողին ուժը, հողին արտայայտութիւնները, այդ հողին վրայ լսուած շշուկները, տարածուած գոյները, լոյսերը, բոյրերը, հոն կատարուած մեծագործութիւններուն մեծ արձագանգները` բոլո՛րը անցան Մահարիի հոգիէն ու նոր որակով մը բաբախեցին անոր գրչին տակ:
Թրքական բարբարոսութիւններուն ու ստալինեան համայնավարութեան դառն հետեւանքները յետին մանրամասնութեամբ ճաշակած այս դէմքը, իր բախտով ու տաղանդով ամէնուն համակրանքը նուաճած այս բազմաչարչար ու բազմարդիւն հոգին, վերջին իր գործով, սակայն, գրգռեց ամէնուն զայրոյթը եւ ստիպեց հայրենադաւանդ սրբութիւնները սրբութեամբ դիտող հայրենիքի թէ արտասահմանի մտաւորականները, որ համընդհանուր պոռթկում մը ունենան իրեն դէմ: Պատմական իրադարձութիւններու հանդէպ յարգանք ունեցող մարդու գործ չէր «Այրուող այգեստաններ»-ը եւ ոչ ալ` արուեստագէտի խղճմտանքով գլուխ բերուած գրական երկ, այլ գրուած էր պարզապէս «հրապուրուելով ծապլվարականութեան խարազանմամբ», ինչպէս պիտի ըսէր Հայաստանի քննադատներէն մէկը:
Այս թերթին ընթերցողները ծանօթ են հարցին բոլոր ծալքերուն, բայց դարձեալ աւելորդ չէ թարմացնել յիշողութիւնները:
Հայաստանի գրողներու քարտուղարութիւնը Մահարիի «Այրուող այգեստաններ»-ու մասին իրե՛ն, «Սովետական Գրականութիւն» ամսաթերթին ու «Գրական Թերթ»-ի խմբագրութիւններուն հասած նամակներուն, գրախօսականներուն ու յօդուածներուն ճնշումով` ստիպուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ համադրել բազմաթիւ մարդոց դիտողութիւնները, յիշեցնելով, որ Մահարին «չի կարողացել տեսնել հայ ժողովրդի բնաւորութեան վեհութիւնն ու մարդկայնութիւնը եւ բացասական, ոչ բնորոշ բարոյական յատկանիշներով է օժտել վէպի կերպարներին, դրանով իսկ վիրաւորելով հայ ժողովրդի արժանապատուութիւնը: … Աւելի՛ն. պատմական բազում դէպքեր ենթարկուել են կամայական, անբարեխիղճ մեկնաբանութիւնների: Վէպում առատ տեղ են գտել անհաշիւ բամբասանքներ, անպատշաճ սրամտութիւններ, չարդարացուող զաւեշտ»:
«Այրուող այգեստաններ»-ը քննարկուեցաւ նաեւ Երեւանի համալսարանի մէջ, եւ քննարկութեան ընթացքին խօսք առնող բոլոր մտաւորականները` Գ. Անանեան, Եդ. Ջրբաշեան, Ռ. Արամեան, Կ. Դանիէլեան, Մ. Մկրեան եւ ուրիշներ, ո՛չ սովորական ուրիշներ, անուանի գրագէտներ, փրոֆեսէօրներ, տոքթորի աստիճան ունեցող դէմքեր, բոլո՛րն ալ, առանց բացառութեան, ընդգծեցին պատմական ու գրական անառողջ սկզբունքներով գրուած Մահարիի այս գործին արատաւոր կողմերը, «պահանջուած լրջութիւնից» զուրկ բաժինները, «ժողովրդի ազատատենչ ոգու արտայայտութիւնը» հեգնելու միտող գրողին «անպատեհ ու անտեղի զաւեշտը», գործին ա՛յն մասերը մանաւանդ, ուր «աչքի են զարնում անբարեխիղճ վերաբերմունքը, եւ գռեհկաբանութիւններն ու զազրախօսութիւնները աներեւակայելի չափերի են հասնում»:
«Այրուող այգեստաններ»-ուն հանդէպ գրեթէ նոյն դիրքը բռնեց նաեւ արտասահմանի մտաւորականութիւնը, չհաշուած, անշուշտ, այն հատուկտոր անպատասխանատուները, որոնք այդ առիթով, աւելորդ անգամ մը եւս պէտք զգացին ցուցադրել իրենց լեզուագարութիւնները` դրուատելով այդ վրիպած վէպը, փութալով թերթօնի վերածել զայն եւ Մահարին պաշտպանելու կեղծ վրդովմունքով` օրինական հռչակել անոր անյարիր կամայականութիւնները:
Բայց արուեստագէտի մը եւ պատճառաբանուած համոզումներու հիմամբ խօսք ըսող գրչի միւս ներկայացուցիչներուն միջեւ մտնող պատեհապաշտներուն հանդէպ բախտը երբեք շռայլ չէ եղած:
Ու արուեստագէտ էր Մահարի: Ու վանտալներ չէին «Այրուող այգեստաններ»-ու խոտելի էջերուն դէմ ծառացող մարդերը: Արդար էին այդ վերջինները, եւ արդարութեան հանդէպ խուլ չմնաց արուեստագէտ Մահարիին խիղճը:
Հետաքրքրական է կարդալ «Հայաստան» հրատարակչութեան տնօրէն Խ. Բարսեղեանի խօսած դամբանականին հետեւեալ պարբերութիւնը.
«Յաջորդաբար լոյս կը տեսնեն Մահարու երկերի հատորները, այդ թւում` հիմնովին վերամշակուած «Այրուող այգեստաններ» վէպը: Զգայուն գրողը, ունկնդրելով ընթերցողների, ընկեր-բարեկամների արդար ձայնին, մահից առաջ նոր լոյսի տակ ներկայացրեց իր ճշմարիտ գեղարուեստական համոզմունքները»:
Ջուրը չտեսած բոպիկնալու շատ սովորութիւն չունինք, բայց արդար ձայներուն արդարօրէն արձագանգելու փաստի մը մասին կը խօսուի, որ չի կրնար չուրախացնել մեզ, ինչպէս չի կրնար չանհանգստացնել թոյլ տրուած նախկին կամայականութիւնները օրինական հռչակած Մահարիի կամակոր ու փո՛ւճ փաստաբանները:
Արուեստագէտին եւ անոր գործը խղճմտօրէն քննող քննադատին միջեւ մտնող հաշուախնդիր մարդոց մասին հարկ չկայ նոր խորհրդածութիւններ կուտակել: Նման առիթներու կը բաւէ յիշել ժողովրդական առածը, ա՛յն առածը, ըստ որուն, օր մը ձին ու ջորին կռիւի կը բռնուին եւ խոնարհագոյն կենդանին իր նուազագոյն խելքին պատճառով կը փորձէ միջամտել կռուին եւ, վերջին հաշուով, հարուածները երկուստեք իր գլխուն կը տեղան, խոնարհագոյն կենդանիին յիմարագոյն գլխուն:
Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ
Ընկ. Հրայր Մարուխեանի Տեսակցութիւնը
Տոքթոր Ալպա Ռոպալիոյի Հետ
Ընկ. Հրայր Մարուխեան Հարաւային Ամերիկայի հայ գաղութներուն տուած իր այցելութեան առիթով, օգոստոս 19-ին, ընկերակցութեամբ Հայ դատի Լատին Ամերիկայի Կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչ Վ. Պէրպէրեանի եւ Մոնթեվիտէոյի յանձնախումբի անդամներէն Թադէոս Պուտագեանի եւ Գրիգոր Տեմիրճեանի, այցելութիւն մը տուած է ծանօթ հայասէր ծերակուտական տոքթոր Ալպա Ռոպալիոյի:
Հ. Մարուխեան հայոց իրաւունքներու ջերմ եւ նուիրեալ պաշտպան յարգելի տիկնոջ փոխանցած է Հայ դատի բոլոր մարմիններուն երախտագիտական եւ համակրանքի զգացումները: Ապա խօսակցութիւնը դարձած է հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերականգնման եւ Հայ դատի առնչութեամբ տարուող աշխատանքներու շուրջ: Քննութեան առնուած են նաեւ ապագային կայանալիք ամերիկեան քսաներկու երկիրներու համաժողովին մէջ Հայկական հարցը արծարծելու կարելիութիւնները:
Տիկին Ռոպալիօ լաւատես գտնուած է` խոստանալով ամէն ինչ ընել, որպէսզի իր եւ իր բարեկամներու ջանքերով Հայկական հարցը մաս կազմէ Համամերիկեան համաժողովի օրակարգին, եւ ապահովուի անոր դրական արդիւնքը:
Արուեստագէտ Արշիլ Կորքի
Միացեալ Նահանգներու մէջ ծանօթ անուն մըն է Արշիլ Կորքի (Ոստանիկ Ադոյեան), որուն համբաւը մահէն ետք տարածուեցաւ: Ամերիկեան արդի նկարչութեան կարեւոր արուեստագէտներէն մէկն էր: Իր գործերը այսօր փնտռուած արուեստի առարկաներ կը նկատուին: Անոնցմէ մաս մը ներկայիս կը ցուցադրուի Նիւ Եորքի մէջ, «Քոնտըր կալերի»-ի մէջ:
Իր կեանքի ու ստեղծագործութիւններու մասին հատորներ գրուած են, ու միշտ կարելի է յօդուածներու հանդիպիլ արուեստի պարբերականներու մէջ:
Վերջերս Հայաստանի մէջ եւս հետաքրքրութիւն ստեղծուած է Արշիլ Կորքիի գործերուն հանդէպ: Յօդուածներով կ՛անդրադառնան իր կեանքին ու գործին: