Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Սեպտեմբեր 1969)

Սեպտեմբեր 6, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երկրորդ Թաղումը

Որչափ ալ արագ փորձեցի քալել, չկրցայ հասնիլ ետեւէն ու ստիպուած` կանչեցի:

– Գարեգի՛ն:

Գարեգին ետ նայեցաւ, նշմարեց զիս ու իր քայլերուն վրայ վերադարձաւ` աւելորդ յոգնութենէ ազատելու համար զիս:

– Ո՞ւր այդպէս, ինչո՞ւ կը վազես,- հարցուցի շնչասպառ:

– Քանի մը օրէն Հայաստան կ՛երթամ պտոյտի,- ժպտեցաւ,- առկախ գործեր ունիմ կարգադրելիք: Որեւէ բան կը փափաքէի՞ք, որ բերեմ ձեզի հայրենիքէն:

Նայեցայ Գարեգինին ուրախ աչքերուն, այդ նոյն այքերը որչա՜փ հանելուկային արտայայտութիւն ունէին հօրը դէմքին վրայ:

– Ո՛չ,- ըսի.- բայց եթէ կարենաս հօրդ աճիւնէն պտղունց մը տանիլ հայրենիք, վստահաբար Հայաստանի հողը կը հարստացնես:

Գարեգին, սեւեռուն, դիտեց զիս. աչքերուն ուրախ փայլը անհետացած էր եւ յուշերու տխուր մշուշը պատած զանոնք: Խօսելու ատեն մեծ ճիգ կը թափէր` իր առնականութենէն բան չզիջանելու համար: Բառերը, սակայն, լացը նոր դադրեցուցած երեխայի մը նման, սրտի ճմլումով դուրս կու տար:

– Չեմ գիտեր,- ըսաւ,- պէ՞տք է յայտնեմ ձեզի թէ ոչ. մայրս կ՛ուզէ, որ բացարձակապէս գաղտնի մնայ այս բանը. շատ կը սոսկայ մարդոց ծիծաղէն: Դուք հօրս լաւագոյն բարեկամն էիք ու ծանօթ` անոր բոլոր հոգեկան տագնապներուն եւ վերիվայրումներուն: Դուք գիտէք, թէ հօրս մէկը աչքը երբ խնդար, միւս աչքէն արտասուք կը յորդէր: Հայրս, մահամերձ, պատուիրած էր մօրս, որ մեր ընտանիքէն ոեւէ մէկը եթէ օր մը Հայաստան երթալու բախտին արժանանար, հետը տանէր իր լուսանկարը ու Հայաստանի լեռներուն վրայ, տեղ մը, խորունկ փոսի մը մէջ թաղէր զայն: Մօրս դրական պատասխանը ստանալէ ետքն էր միայն, որ հայրս խաղաղութեան մէջ կ՛աւանդէր հոգին: Ահա՛, իր մահէն քսան տարի ետք, ինծի կը վիճակուի իրագործել հօրս վերջին կամքը:

– Կը բաւէ՛,- ըսի.- կը բաւէ, սա հիւանդ սիրտս ասկէ աւելի յուզումի չի դիմանար: Երթաս բարով, Աստուած հետդ:

Ու ձեռքս սրտիս վրայ հանգչեցուցած` անոր արագ տրոփիւնը հանդարտեցնելու համար, կը շարունակեմ ճամբաս Գարեգինին հօրը հետ:

– Քիչ մը դանդաղ քալէ՛,- կ՛ըսեմ Պօղոսին,- աշխարհի վերջին օրը չէ:

– Աշխարհի առաջին օրն է,- կ՛ըսէ Պօղոս,- աշխարհի ամէնէն պայծառ օրն է այսօր, շտապէ՛ քիչ մը:

– Վստահ չեմ, որ լուրջ ես,- կ՛ըսեմ.- իրապէս պիտի արձանագրուի՞ս Հայաստան երթալու համար:

Նայուածքը կը մխուի աչքերուս մէջ ու կը քարանայ հոն. կ՛ակնկալէ, որ ժպտիմ, ցոյց տամ, թէ կատակ էր ըրածս: Նայուածքէն ձերբազատելու համար կը ժպտիմ:

– Կ՛ըսեն, թէ Հայաստանի մէջ ինքնաշարժի սերվիս չկայ. քեզի պէս շոֆեր մը ի՞նչ կրնայ ընել հոն:

– Տօ՛, անօրէն,- կ՛ըսէ,- Հայաստանի մէջ տուներ չկա՞ն` կառուցուելիք, ճամբաներ չկա՞ն շինուելիք, ջրանցքներ չկա՞ն բացուելիք, աղբեր չկա՞ն հաւաքուելիք:

– Տէ՛,- կ՛ըսեմ,- այդքան համեստութիւն շատ է քեզի. որբանոցէն կը ճանչնամ քեզ. դուն ամէնէն ուշիմ տղան էիր. դուն էիր մեր ներկայացումներուն պարծանքը, քու իւղանկարներդ կը զարդարէին որբանոցին պատերը: Դուն արուեստագէտ ըլլալիք մարդ էիր, բայց բախտդ քեզ շոֆեր ըրաւ այս երկրին մէջ. հիմա ալ Հայաստան կ՛ուզես երթալ աղբահաւա՞ք ըլլալու:

– Հոս աղբ ըլլալէն` հոն աղբահաւաք ըլլալ կը նախընտրեմ,- կ՛ըսէ մեղմ ձայնով:

– Եւ դեռ, նայինք, պիտի արտօնե՞ն, որ Հայաստան մեկնիս:

– Ի՞նչ,- կը պոռայ Պօղոս,- որո՞ւն ապրանքը որո՛ւն պիտի զլանան. չե՛ն համարձակիր. ես Հայաստանի անարժան մէկ մասնիկն եմ:

– Հայաստանցիներէն վախ չկայ,- բայց տեղացիները…

– Ինծի նայէ՛,- կ՛ընդմիջէ խօսքս. ես շոֆեր եմ, շոֆե՜ր, սերվիսի շոֆեր, փոստա կը քշեմ, բոլորն ալ կը ճանչնան զիս. դուն քու մասիդ մտմտայ. ես շատ լաւ գիտեմ այդ տեղացիներուն հետ խօսելու կերպը:

– Շոֆերի կերպ չգործածե՛ս,- կ՛ըսեմ,- չկատակե՛ս ու չելլես յանկարծ, ըստ սովորութեանդ, բոցավառիս` այրելով շուրջբոլորդ:

Կը հասնինք արձանագրութեան շէնքին դիմաց: Դրան առջեւ բազմահարիւր մարդիկ խճողուած են: Պօղոս իր հուժկու մարմնովը եւ շոֆերի «փափկանկատութեամբ» կ՛արմկահարէ շուրջի մարդիկը ու ճամբայ կը բանայ: Ես, առագաստանաւուն ետեւը կապուած նաւակի մը հեշտութեամբ, կը հետեւիմ իրեն: Կարճ ժամանակուան մէջ կը հասնինք առաջին շարք: Դրան առջեւ երիտասարդ մը կանգնած է, Պօղոս կ՛ուզէ ներս մտնել: Երիտասարդը, ձեռքի առաջին երեք մատները միացուցած` համբերութեան նշանը ցոյց կու տայ ու կը ժպտի: Պօղոս կը ծռի իմ կողմս ու կը յայտնէ, որ այդ երիտասարդը ժամանակին, իր օգնականն է եղած: «Կը տեսնե՞ս, ես այս բոլոր տեղացիները կը ճանչնամ»:

Կէս ժամ ետք ներս կ՛ընդունուինք: Բաւական ընդարձակ սենեակ մըն է: Խոշոր սեղանի մը երեք կողմերը նստած են վեց հոգի: Որոշ է, որ կեդրոնի երկու աթոռները գրաւողները հայաստանցիներ են: Խոշոր սեղանին մօտ, կայ բաղդատաբար աւելի փոքր սեղան մը` թուղթերով ծածկուած, ուր քարտուղարը զբաղած է արձանագրութիւններով: «Բարի լոյս»-երու փոխանակումէն ետք, Պօղոս, մեծ սեղանին դէմ կայնած, կը սպասէ հարցումներու տեղատարափին:

Մանր կազմով, ակնոցաւոր, առատ գանգուր մազերով տեղացի պարոն մը կը սկսի հարցումներուն.

– Անուն մականուն, հօր անուն, մօր անուն, ծննդավայր եւ ծննդեան թուական:

– Պօղոս Հայկազեան,- կը պատասխանէ Պօղոս:

Լռութիւն կը տիրէ:

– Միւսնե՞րը,- կը հարցնէ պարոնը:

– Միւսները չկան,- կ՛ըսէ Պօղոս,- ես անապատէն խլուած որբ մըն եմ,- մականունս ալ ճիշդ չէ,- որբանոցին նուէրն է:

– Բայց մօտաւոր բաներ մը չե՞ս կրնար տալ, որ արձանագրենք:

– Կրնամ,- կ՛ըսէ Պօղոս.- հօր անուն` Կարապետ, Թորոս կամ Մարկոս. մօր անուն` Հայկուհի, Մարիամ կամ Նուարդ. ծննդավայր` Խարբերդ, Արաբկիր կամ…

– Կը բաւէ՛,- կը յանդիմանէ պարոնը, հոս քօմետի չենք խաղար:

Կը նշմարեմ Պօղոսի դէմքի մկաններու ելեւէջը. կը զգամ, թէ փոթորիկը կրնայ պայթիլ:

– Ի՞նչ կրթութիւն ունիս,- կը հարցնէ պարոնը` խիստ:

– Անկիրթ եմ,- կը պատասխանէ Պօղոս, շեշտակի նայելով ակնոցներու ետին ապաստանած աչքերուն.- տակաւին կրթիչներ չեմ ունեցած:

– Կարդալ-գրել չե՞ս գիտեր:

– Գիտեմ,- կը պատասխանէ Պօղոս. որբանոցին մէջ բաւական ուսում տուած են ինծի:

Հայաստանցիները կը ժպտին:

– Ի՞նչ է արհեստդ:

– Շոֆեր եմ, փոստայի շոֆեր:

– Ի՞նչ իտէալ ունիս:

– Ինքնաշարժի մը տէր ըլլալ,- կը պատասխանէ Պօղոս:

Հայաստանցիները կրկին կը ժպտին:

– Աւելի վսեմ իտէալ մը չունի՞ս:

– Ունիմ. Հայաստան երթա՞լ:

– Որեւէ միութեան կը պատկանի՞ս:

Պօղոսի դէմքի մկաններուն շարժումները կը կրկնապատկուին:

– Այո՛, ՀՄԸՄ-ի անդամ եմ,- կը պատասխանէ Պօղոս զուրպ ձայնով:

– Ինչպէ՞ս կը ծառայես միութեանդ:

– Ֆութպոլիստները խաղավայր կը տանիմ փոստայովս, եւ եթէ կռիւ ծագի դաշտին վրայ, մեր տղաքը կը պաշտպանեմ:

– Որեւէ կուսակցութեան կը պատկանի՞ս եւ կամ կը համակրի՞ս անոնցմէ որեւէ մէկուն:

– Կուսակցական չեմ,- կը ջղայնանայ Պօղոս,- կը համակրիմ Դաշնակցութեան:

– Ի՞նչ ձեւով կ՛արտայայտես համակրութիւնդ:

– Մայիս 28-ին օղի կը խմեմ, կ՛ըսէ Պօղոս քմծիծաղով:

– Այդ թուականը շատ կը սիրե՞ս,- կը հարցնէ պարոնը` Պօղոսը ծուղակը ձգած ըլլալու ինքնագոհութեամբ:

– Ո՛չ,- կը պատասխանէ Պօղոս,- ես անկախ Հայաստանի գաղափարը շատ կը սիրեմ:

– Միա՞յն անկախ Հայաստան մը շատ կը սիրես:

– Զաւակը, մայրն ու հայրենիքը կը սիրեմ` առանց նկատի առնելու անոնց վիճակը: Ես, թուրքերու կողմէ ոտնակոխ, մեր հայրենի հողերը նոյնչափ կը սիրեմ, նոյնիսկ` աւելի:

– Բայց կը նախընտրես անկախ միացեալ Հայաստան մը:

– Նոր զոհեր մի՛ փնտռէք, խնդրեմ, կը ջղայնանայ Պօղոս:

Փոթորիկը կանխող քամիին սողոսկիլը կը զգամ ծոծրակիս վրայ. մարմինս ալ կը սարսռայ:

– Ինչո՞ւ կ՛ուզես Հայաստան երթալ,- կը շարունակէ հարցումները ակնոցաւոր պարոնը:

– Հայերու պէտք չէ ուղղուի այս հարցումը,- կ՛ըսէ Պօղոս հայաստանցիներուն:

– Ինչո՞ւ կ՛ուզես Հայաստան երթալ,- նոյն հարցումը կը կրկնուի աւելի բարձրաձայն:

– Որովհետեւ հա՜յ եմ,- կը պոռայ Պօղոս, որովհետեւ առանց ինծի` մեր հայրենիքը կը կոչուի «աստան», ինչպէս որ առանց պարսիկի` Պարսկաստանը կը կոչուի «աստան» ու առանց հնդիկի` Հնդկաստանը կը կոչուի «աստան»: Ես հայ ծնած եմ, հա՜յ…

– Տրամադի՞ր ես հրաժարելու այս երկրին հետ ունեցած կապերէդ:

– Երախտագիտական են իմ կապերս միայն: Կին մը եւ երեք զաւակներ ունիմ Հայաստան տանելիք:

– ՀՄԸՄ-էն պատրա՞ստ ես հրաժարելու:

– Կ՛ուզէք որ հրաժարի՞մ, թէ՞ դադրիմ սիրելէ,- կը հարցնէ Պօղոս, առանց պատասխան սպասելու:

– Չե՞ս կրնար զոհել քիչ սիրուած բան մը, շատ աւելի սիրուած բանի մը համար:

– Երբ «քիչ սիրուած բանը» նպաստած է, որ շատ աւելի սիրեմ այդ «շատ սիրուած բանը», ես անիմաստ ու վնասակար կը գտնեմ նեցուկներ խորտակելը,- կ՛ըսէ Պօղոս` բառերը հատ հատ շեշտելով եւ մատները ջղայնօրէն, բանալ-գոցելով:

– Ուրեմն պատրաստ չե՛ս հրաժարելու:

– Ես այդպիսի բան մը չըսի,- կ՛ըսէ Պօղոս կարծր ձայնով.- կարելի է հրաժարիլ, բայց կարելի չէ դադրիլ սիրելէ:

– Աւելորդ փիլիսոփայութեան պէտք չկայ. որոշ է, որ դուն պարզապէս Հայաստան կ՛ուզես երթալ նիւթական ակնկալութիւններով,- կ՛եզրակացնէ ակնոցաւոր պարոնը: – Դուն Հայաստանը չես սիրեր պէտք եղածին չափ: Կրնաս դուրս ելլել:

– Ե՞ս,- կը կատղի Պօղոս ու մրճահարելով իւրաքանչիւր բառը` կը պոռայ.- ե՛ս Հայաստանը կը սիրեմ` անձս, կինս ու երեք զաւակներս զոհելու աստիճան: Չե՛մ արտօներ քեզի, որ այդպիսի խօսքեր ըսես: Քու այդ ժահրով լեցուն գանկիդ մէջ բաւարար ուղեղ չկայ չափելու համար իմ հայրենասիրութիւնս: Իմ մարմինս Տէր Զօրի անապատներուն աւազներով է կերտուած, ոճրագո՛րծ: Մօտաւոր հօր, մօր անուն կը պահանջես ինձմէ, անզգա՛մ, ու «քոմետի» կ՛որակես այդ բանը: Ես հայր, մայր չեմ տեսած, սրբապի՛ղծ: Հայաստանը եղած է թէ՛ իմ հայրս, թէ՛ իմ մայրս: Ու կը յանդգնիս լրբութիւնը ունենալու` այդպիսի կասկածներ վերագրելու ինծի… հա՜…

Ու, յանկարծ, կատաղի վագրի մը ոստումով կը խոյանայ հարցաքննիչ պարոնին վրայ, աթոռովը մէկտեղ կը բարձրացնէ ու գետին կը զարնէ զայն: Անմիջապէս կը շրջապատենք Պօղոսը: Դրան առջեւ կայնած երիտասարդը ներս կը կանչուի: Դժուարաւ կ՛ազատենք խլեակը Պօղոսի ոտքերուն տակէն: Պօղոսի դէմքին վրայ արեան գոյն չէ մնացած: Շնչառութիւնը լեցուցած է սենեակը: Կը մռնչէ վիրաւոր առիւծի նման ու բառերու հեղեղը, արցունքներու հետ խառն, կը յորդի: Բոլորս ալ կը դողանք: Ինձմէ կ՛ակնկալուի, որ հանդարտեցնեմ Պօղոսը:

– Պօղո՛ս, Պօղո՛ս, հանդարտէ,- կ՛աղաչեմ անդադար:

Պօղոս ուժասպառ, կ՛իյնայ իրեն հրամցուած աթոռին վրայ: Առատ մազերը ճակտին փակած են. քրտինքի ու արցունքի կաթիլները ողողած են դէմքը: Ծանր կը հեւայ: Կը սպասենք, որ աստիճան մը հանդարտի: Աչքերով կը փնտռէ հարցուփորձող պարոնը: Անոր բացակայութիւնը սենեակին մէջ` չափով մը կը հանդարտեցնէ Պօղոսը: Դրան առջեւ կայնած երիտասարդին օժանդակութեամբ դուրս կը հանեմ Պօղոսը ու ինքնաշարժով տուն կը հասցնեմ:

* * *

Ամիսներ շարունակ Պօղոս փորձեց սիրաշահիլ յանձնախումբի անդամները, ծանօթներ միջամտեցին, կաշառք խոստացաւ. անօգուտ: Յանձնախումբի անդամները սարսափած էին իրմէ: Զինք հարցուփորձող պարոնը չէր համարձակեր, առանց պահակներու, փողոց իջնել:

Նաւեր մեկնեցան, Պօղոսի արցունքները  խառնուեցան ծովեզերքի ալիքներուն: «Ո՞վ մեր սերունդէն աւելի իրաւունք ունի Հայաստան երթալու, ո՞վ,- կը պոռար.- ճշմարի՛տ, ե՛ս, իմ փոստայովս Հայաստան պիտի երթամ, պիտի խորտակեմ մուտքը ու փշաթելերը քաշքշելով` պիտի հասնիմ Երեւան»:

Տարիներ անցան ու աննպաստ լուրեր շարունակուեցան գալ Հայաստանէն. «Ամօ՜թ, ամօ՜թ ոճրագործներուն,- կը պոռար.- Հայաստանի իսկական զաւակները դուրս ձգեցին ու լալկան բուերով լեցուցին հայրենիքը»: Ջղային, կռուազան ու անոպայ մէկն էր դարձած: Լուտանքները անպակաս էին բերնին մէջ ու տեւական կռուի մէջ էր իր թրքախօս շոֆեր ընկերներուն հետ: Արկածները անպակաս էին, ու օր մըն ալ ինքնաշարժը բախեցաւ շոգեկառքին: Մահամերձ վիճակի մէջ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: Հինգ օր ետք Պօղոսի մարմինը յանձնեցինք հողին:

* * *

Օդակայանին մէջ երկարօրէն դիտեցի հաստատուն փլաստիքէ շրջանակի մէջ առնուած Պօղոսի նկարը: Երջանիկ արտայայտութիւն մը ունէր: Երջանիկ, որովհետեւ կը մեկնէր հայրենիք` Հայաստանի լեռներուն վրայ երկրորդ թաղում մը ունենալու համար:

 

ՖԻԼԻՓ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ուխտագնացութիւնը Կեդրոնական Տեղ Գտած Է Մեր Հաւաքական Կեանքին Մէջ» Հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?