Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Օգոստոս 1969)

Օգոստոս 22, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նափոլէոն

(Ծննդեան 200-ամեակին Առիթով)

Տարօրինակ ու բացառիկ ճակատագիր մը վերապահուած էր քորսիքացի այս հայրենասէրին` ծնած Այաչչիօ, 15 օգոստոս 1769-ին, որ պատանեկութեան տարիներուն կը պայքարէր ֆրանսական լուծէն ազատելու համար իր հայրենիքը:

Բախտը, սակայն, տարբեր ձեւով պիտի տնօրինէր իր կեանքը: Երիտասարդ տարիքին Ֆրանսա պիտի գար հետեւելու համար զինուորական ասպարէզին: Ու հազիւ վարժարանը աւարտած` առիթ պիտի ունենար զինուորական իր բնածին հանճարին ապացոյցը տալու Թուլոնի մէջ` իբրեւ թնդանօթաձիգ տեղակալ:

Ֆրանսական Մեծ յեղափոխութեան խռովայոյզ տարիներուն նոր առիթներ պիտի ունենար արժեցնելու ռազմագէտի իր անվիճելի կարողութիւնները: Բազմաթիւ յաղթանակներ պիտի ապահովէր ֆրանսական դրօշին: Շնորհիւ իր հեղինակութեան ու հմայքին` իր մականին տակ պիտի համախմբէր հարիւր հազարաւոր անձնազոհ զինուորներ, որոնք հաւատարմօրէն պիտի կապուէին իրեն հետ եւ յաղթանակէ յաղթանակ պիտի առաջնորդէին զինք:

Ա՛յնքան պիտի սիրէր Ֆրանսան, որ 1796-ին իր միջամտութեան շնորհիւ է, որ Քորսիքան վերջնապէս պիտի կցուէր իր երկրորդ հայրենիքին:

Նուիրապետական զանազան աստիճաններէ անցնելով, ի վերջոյ պիտի հասնէր իր փառքի գագաթնակէտին` դառնալով կայսր ֆրանսացիներու, 1804-1815: Պոնափարթ պիտի դառնար Նափոլէոն Ա., ծերակոյտի որոշումով:

Յանդուգն ու քաջ զինուորական, օժտուած նախաձեռնութեան բացառիկ ոգիով, ոտքին տակ առաւ բովանդակ Եւրոպան: Սպանիայէն մինչեւ Ռուսիա յաղթական կռիւներ մղեց: Զարկաւ ու զարնուեցաւ:

Նուաճած երկիրներուն մէջ իբրեւ թագաւոր նստեցուց ազգական մը կամ մարաջախտ մը:

Ահուսարսափի մատնեց Անգլիան, Գերմանիան, Աւստրիան ու Ռուսիան, որոնք միացեալ ճակատ կազմեցին իրեն դէմ: 1812-ին Մոսկուայի հրկիզումը եւ մեծ բանակին անփառունակ նահանջը դարձակէտ մը կազմեց իր ա՛յնքան փայլուն ասպարէզին մէջ:

Զօրաւոր կամքի տէր, երբե՛ք չյուսահատեցաւ: Անվեհեր կուրծք տուաւ ներքին եւ արտաքին ամէն կարգի թշնամութեանց ու դժբախտութեանց: Դաշնակիցները գրաւած էին Փարիզը, երբ 1814 ապրիլ 6-ին գահէն հրաժարեցաւ Ֆոնթենեպլոյի մէջ: Պահ մը աքսորական մնաց Էլպա կղզիին մէջ: Ուրկէ շուտով (1815 փետրուար 26-ին) մեկնելով` վերադարձաւ Ֆրանսա եւ կրկին գլուխն անցաւ բանակին, ճակատելու համար Ուէլինկթընի եւ Պլիւխերի գերակշիռ ուժերուն դէմ:

Ուաթերլոն կ՛ըլլար իր վերջին ճակատամարտը: 1815 յունիս 22-ին երկրորդ եւ վերջին անգամ գահէն կը հրաժարէր` տեղի տալով երեսփոխաններու հակառակութեան առջեւ ու կ՛ապաւինէր «վեհանձնութեանը» անգլիացիներուն, որոնք զինք իբրեւ գերի արգելափակեցին Սենթ Հելեն կղզիին մէջ:

Մարդը, որ տարիներով դողացուցած էր Եւրոպան, աքսորի մէջ կ՛աւանդէր իր հոգին 1821-ին: 52 տարեկան էր. իր բովանդակ ուժերու լրութեան մէջ, պատրաստակամ` կրկին կռուի ճակատ նետուելու, եթէ հնարաւորութիւն ունենար:

Ֆրանսայի գլխաւոր թշնամին էր Անգլիան: Բրիտանական կղզիները զինու զօրութեամբ գրաւելու անկարելիութեան առջեւ, Նափոլէոն տնտեսական պաշարման ենթարկեց Անգլիան: Ու ծրագրեց ծանր հարուած մը տալ անոր` գրաւելով Եգիպտոսը, որպէսզի վտանգէ Հնդկաստանի ճամբան:

1798 մայիս 19-ին Պոնափարթ Թուլոնէն ճամբայ ելաւ 335 նաւերով, որոնց մէջ տեղ գրաւած էին 38.000 զինուորներ, եօթը զօրավարներ, որոնց շարքին` Քլեպեր եւ երկու հարիւր գիտնականներ` գլխաւորութեամբ Մոնժի եւ Վիվան Տնոնի: Թարգմանն էր արեւելագէտ Ամետէ Ժոպեր, հեղինակ` «Ուղեւորութիւն ի Հայաստան եւ Պարսկաստան» գրքին:

Ֆրանսացիք Մալթայէն ետք դիւրաւ գրաւեցին Աղեքսանդրիան եւ յառաջացան դէպի Գահիրէ: Կիզէի մէջ Պոնափարթ խօսեցաւ իր պատմական ճառը. «Այս բուրգերու, բարձունքէն քառասուն դարեր ձեզ կը դիտեն»:

Ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին մեմլուքները յուլիս 21-ին: Սակայն քանի մը օր ետք, օգոստոս մէկին անգլիացի ծովակալ Նելսըն Ապուքիրի նաւամատոյցին առջեւ խորտակեց ֆրանսական նաւատորմը:

1799 փետրուարին Թուրքիա պատերազմ յայտարարեց Ֆրանսայի դէմ: Հակառակ Աքիայի ձախողութեան եւ Եաֆայի մէջ ծագած ժանտատենդին` Պոնափարթի զինուորները ծով թափեցին թրքական բանակը Ապուքիրի առջեւ:

Բարերար արդիւնք ունեցաւ Եգիպտոսի գրաւումը ֆրանսական բանակին կողմէ: Նախագահ Նասըր իր «Յեղափոխութեան փիլիսոփայութիւնը» գրքոյկին մէջ կը շեշտէ, որ «14 ամսուան մէջ Պոնափարթ շատ աւելի ըրաւ Եգիպտոսի համար, քան` թուրքերը երեք դարերու ընթացքին»:

Սուլթան Սելիմ Գ. 1517-ին գրաւած էր Եգիպտոսը եւ խալիֆայութիւնը խլած` Ֆաթեմիներու ձեռքէն:

Ֆրանսացի գիտնականներ հոյակապ գիրք մը հրատարակեցին «Նկարագրութիւն Եգիպտոսի» խորագրով, 21 մեծադիր հատորներով, որոնց 11-ը նկարներ են: Պոնափարթ Գահիրէի մէջ հիմնեց եգիպտական կաճառը: Տպարան բացաւ եւ զարկ տուաւ մշակոյթին: Երկու տասնեակ տարի ետք ֆրանսացի Շամփոլիոն պիտի գտնէր մեհենադրոշմներու բանալին, փարաւոններու պատմութեան վրայ մեծ լոյս պիտի սփռուէր: Եգիպտագիտութեան հիմը կը դրուէր:

Նափոլէոնի զինուորական յաղթանակները վաղանցուկ եղան: Սակայն մշակոյթի մարզին մէջ իր կատարած գործերը անմահ անուն ապահովեցին իրեն:

Ֆրանսայի Քաղաքային օրէնքը, ծանօթ` «Քոտ Նափոլէոն» անունով, ցարդ ի զօրու է եւ իբրեւ օրինակ ծառայած է ուրիշ ազգերու: Թէեւ պահ մը մենատիրութիւն փորձեց, սակայն Ֆրանսական յեղափոխութեան գլխաւոր գաղափարներուն տարածիչն եղաւ: Իր «Քաղաքային օրէնքը» առաւելաբար հիմնուած է ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ:

Պատուոյ լեգէոնը, պետական-վարչական կարգ մը հիմնարկութիւններ, ստեղծուած` իր նախաձեռնութեամբ, ցարդ կը պահեն իրենց գոյութիւնը:

Իր փառապանծ հմայքը, աշխարհի կտակած իր յոյսերն ու հեռանկարները, իր անձն իսկ հարիւր յիսուն տարիէ ի վեր ներշնչման աղբիւր կը հանդիսանան քաղաքական ամէն հոսանքի եւ ամէն ազգի պատկանող գրողներուն համար: Հազարաւոր հատորներ հրատարակուած են իր մասին եւ կը հրատարակուին տակաւին, աշխարհի ամէն կողմը, ամէն լեզուով:

Ու այս գրաւական մըն է իր անմահութեան:

ՀՐԱՆԴ ՍԱՄՈՒԷԼ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հետաքրքրական Նարինէ Փոլատեան` Հայաստանի Միակ Աղջիկ Խաչքարագործը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?