Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2014-ին Միշտ Աւելի Տաք Օդ Մը

Յունուար 10, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

011015_2014-dak-otՄեզի կը թուի, թէ ամէն տարի նախորդ տարիէն աւելի տաք ըրած է: Միջին հաշուով, 2014 թուականը նոր մրցանիշ մը արձանագրած է տաքութեան աստիճաններուն մէջ…

2010, 2005, 1998 թուականներէն ետք, վստահաբար, 2014-ը արձանագրուած պիտի ըլլայ իբրեւ ամէնէն տաք տարին, կը հաստատէ Միջազգային օդերեւութաբանական կազմակերպութիւնը: 2014-ի հոկտեմբեր ամիսը եղած է ամէնէն տաք հոկտեմբեր ամիսը, եւ անիկա միակը չէ: 2014 թուականի իւրաքանչիւր ամիս այդ մրցանիշը կոտրած է:

Այս ձեւով, 2014 թուականին ովկիանոսներուն եւ ցամաքներուն մակերեսին վրայ արձանագրուած ջերմաստիճաններու միջինը 10,3 աստիճան է. անիկա 1,05 աստիճան աւելի է, քան` նախորդ դարու ջերմաստիճաններու միջինը:

Ներկայիս համաձայնութիւններ կը կնքուին միջազգային գետնի վրայ, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ, որոնք ջերմանոցի ազդեցութիւն ունեցող կազեր ամէնէն աւելի արտանետող երկիրներն են: Երկու երկիրներուն նախագահները կլիմայի վերաբերեալ համաձայնագիր մը կնքած են: Անոնք որոշած են, որ Չինաստանը պիտի չանցնի այդ կազի արտանետման իր սահմանը, իսկ Միացեալ Նահանգներ պիտի նուազեցնեն իրենց արտանետումը մինչեւ 2025-2030 թուականները: Եւրոպան ալ նոյն ուղղութեամբ կ՛աշխատի. Եւրոպական Միութեան 20 անդամ երկիրները կրցած են համաձայնութեան մը յանգիլ եւ որոշումներ տուած են. անոնք 40 առ հարիւր պիտի նուազեցնեն ջերմանոցի ազդեցութիւն ունեցող կազի իրենց արտանետումը մինչեւ 2030 թուական:

 

Կլիման Կը Փոխուի

Բոլոր նշանները բացայայտ են. սառոյցի մեծ կոյտերը կը հալին, կղզիներ կը կորսուին ջուրի մակարդակին տակ, անապատը կը յառաջանայ… որովհետեւ մարդոց գործունէութիւնը ահա երկու դար է, որ կլիմային ջերմացման պատճառ կը դառնայ: Արմատական փոփոխութիւն մը, որ ամբողջ հաւաքականութիւններու կը ստիպէ տեղափոխուիլ եւ պատճառ կ՛ըլլայ  բնութեան մէջէն անասուններու եւ բոյսերու բազմաթիւ տեսակներու անհետացման:

* * *

011015_gliman-130-50 սանթիմեթր

Մասնագէտները կը նախատեսեն, որ մինչեւ 2050 թուականը ծովուն մակերեսը կրնայ 30-50 սանթիմեթր բարձրանալ: Ասիկա կը նշանակէ, թէ ովկիանոսներու ծովափներէն միլիոնաւոր քառակուսի քիլոմեթրեր պիտի անհետանան ջուրին տակ: Այս ձեւով Հնդկաստանի Գանգէս գետի տելթային մէջ գտնուող Լոշարան եղած է առաջին կղզին, որ անհետացած է 2006-ի դեկտեմբերին: Ուրիշ բնակուած կղզիներ եւս նոյն ճակատագրին դատապարտուած են:

Աւելի քան 200 միլիոն բնակիչ

… Կ՛ապրի զարգացման ընթացքին մէջ եղող երկիրներու մէջ, որոնք 1990 թուականէն ի վեր ամէն տարի կ՛ազդուին կլիմայական արկածներէ: Մինչ զարգացած երկիրներու մէջ այդ թիւնը միայն 1 միլիոնի կը հասնի:

011015_gliman-3120 հազար հեկտար մշակելի տարածքներ

… Կ՛ահետանան ափրիկեան Սահելի դաշտերէն անապատի աւազներուն մէջ, ամէն տարի: Անձրեւները 25 առ հարիւր նուազած են 1960 թուականէն ի վեր, կլիմայի ջերմանալուն պատճառով:

4-6 աստիճան

Մասնագէտները կը նախատեսեն, որ 21-րդ դարու վերջաւորութեան երկրագունդի մակերեսին ջերմաստիճանը 4-6 աստիճան պիտի բարձրանայ, եթէ մարդիկ շարունակեն նոյն կշռոյթով բնածխական կազ արտանետել: Հետեւանքները անշուշտ պիտի ըլլան անապատներու ընդարձակումը եւ երկրագունդի ընդերքին մէջ գտնուող մաքուր ջուրերու պահեստներուն նուազումը:

011015_gliman-2Տարեկան մօտաւորապէս 20 թոն բնածխական կազ

… Այժմ կ՛արտանետուի Միացեալ Նահանգներու կամ Աւստրալիոյ իւրաքանչիւր բնակիչի կողմէ: 3 թոն նուազ` ֆրանսացիի մը կամ սպանացիի մը կողմէ, իսկ 100 անգամ նուազ` Քամպոտիոյ կամ Քոնկոյի իւրաքանչիւր բնակիչի կողմէ:

Գիտէի՞ր, Թէ…

… 40 տարուան մէջ Արքթիքի սառոյցին 40 առ հարիւրը հալած է:

 

Ամազոնի Անտառը Վտանգի Տակ Է

011015_amazonie– Ամազոնի անտառը աշխարհի ամէնէն մեծ արեւադարձային անտառն է: Անիկա կը տարածուի ինը երկիրներու վրայ` Պրազիլ, Կիւյեան, Սուրինամ, Կիւյեանա, Վենեզուելլա, Քոլոմպիա, Էքուատոր, Փերու  եւ Պոլիվիա: Անիկա ունի 7 միլիոն քառ. քիլոմեթր տարածք եւ 30 միլիոն բնակիչ: Զայն կը ջրէ Ամազոն գետը, որ աշխարհի ամէնէն երկար գետն է:

– Հոն կ՛ապրին` 80 տարբեր ցեղախումբեր, 40 հազար բոյսերու տեսակներ, 2,5 միլիոն միջատի տեսակներ, 3 հազար ձուկի տեսակներ, 1294 թռչունի տեսակներ, 427 ստնաւորի տեսակներ, 378 սողուններու տեսակներ եւ 427 երկակենցաղ անասուններու տեսակներ:

– 40 տարուան մէջ անտառէն 763 հազար քառ. քիլոմեթր մակերես փճացուեցաւ: Այս թիւը կը համապատասխանէ իւրաքանչիւր վայրկեանի կտրուած 2000 ծառի: 2013-2014 թուականը անտառը իր ծառերէն պարպելը 500 առ հարիւրի հասած է` ըստ բնութեան հարցերով զբաղող կազմակերպութեան մը: Հետեւաբար պարպուած է 24 հազար ֆութպոլի դաշտերու համապատասխան տարածք մը: Եթէ մարդիկ այս կշռոյթով շարունակեն, անտառին կէսը անհետացած պիտի ըլլայ 2050 թուականին:

– Սակայն մարդիկ ինչո՞ւ ծառերը կը կտրեն. արտադրելու համար փայտ, դաշտեր մշակելու (սոյա, եգիպտացորեն), անասուններ արածելու, հանքերը օգտագործելու, ճամբաներ եւ ամբարտակներ շինելու համար:

Այս փճացումին իբրեւ հետեւանք, ստիպուած, ցեղախումբերը կը հեռանան, անասունի կամ բոյսերու կարգ մը տեսակներ կ՛անհետանան, եւ բնութեան եւ կլիմային հաւասարակշռութիւնը կը խախտի:

– Գիտէի՞ր, թէ երիտասարդ անտառները բնածխական կազը (որ կլիմային ջերմանալուն պատճառ դարձող տարրն է) կը վերածեն թթուածինի, որ անհրաժեշտ է, որպէսզի մենք ապրինք: Սակայն Ամազոնի ծառերուն մեծ մասը այլեւս չի մեծնար եւ իրենց «շնչած» բնածխական կազին չափ բնածխական կազ կ՛արձակեն:

Հետեւաբար ճիշդ չէ ըսելը, թէ Ամազոնի անտառը երկրագունդի թոքն է:

 

Հետաքրքրական

Անջրպետին Ձայները

011015_hedakrkraganԱնջրպետի ամերիկեան հետազօտութեան  գործակալութիւնը` ՆԱՍԱ-ն, յղացած է իւրայատուկ գաղափար մը: Ան անջրպետի սիրահարներուն տրամադրութեան տակ դրած է անջրպետի մէջ արձանագրուած ձայներ:

Հետեւաբար յատուկ կայքէջի մը վրայ կարելի է, օրինակի համար, ունկնդրել անջրպետանաւ «Քասինի»-էն եկած ձայնային նշանները. այս անջրպետանաւը այժմ կը դառնայ Երեւակ մոլորակին շուրջ:

Կարելի է նոյնիսկ մտիկ ընել անջրպետ ղրկուած առաջին արբանեակին ձայները:

Անշուշտ հոն մենք կրնանք լսել նաեւ առաջին անգամ լուսինին վրայ ոտք դրած մարդուն` Նիլ Արմսթրոնկի նշանաւոր նախադասութիւնը. «Պզտիկ քայլ մը` մարդուն համար, բայց հսկայական քայլ մը` մարդկութեան համար»:

Կարճ նախադասութիւն մը` մեր ականջներուն համար, սակայն մեծ գոհունակութիւն` մեր հետաքրքրութեան համար:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս  գտնել վերի տուփիկներու շարքը նուազագոյնը 3 անգամ` վարի տախտակին մէջ: Անոնք կրնան դրուած ըլլալ հորիզոնական ձեւով (ձախէն աջ միայն), ուղղահայեաց ձեւով (վերէն վար միայն), եւ շեղակի (վերէն վար միայն):
Կրնա՞ս գտնել վերի տուփիկներու շարքը նուազագոյնը 3 անգամ` վարի տախտակին մէջ: Անոնք կրնան դրուած ըլլալ հորիզոնական ձեւով (ձախէն աջ միայն), ուղղահայեաց ձեւով (վերէն վար միայն), եւ շեղակի (վերէն վար միայն):
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եօթը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եօթը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս 1-50 երթալ` թիւերուն շարքը յարգելով:
Կրնա՞ս 1-50 երթալ` թիւերուն շարքը յարգելով:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թիւի տեղը վարի տախտակին մէջ:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թիւի տեղը վարի տախտակին մէջ:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (10 Յունուար 1965)

Յաջորդը

2015` Ոչխարի Տարի

RelatedPosts

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է

Մարտ 11, 2023
Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը
Մանկապատանեկան

Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը

Մարտ 4, 2023
Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին
Մանկապատանեկան

Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին

Փետրուար 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In