Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիպիոթիքներ Ծովերուն Խորերըշ

Յունուար 24, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

12415_antibiotique-1Մարդիկ սկսած են շատ անթիպիոթիքներ առնել: Այս պատճառով այս դեղերուն ազդեցութիւնը ժամանակի ընթացքին կը տկարանայ: Հետեւաբար գիտնականները սկսած են նոր անթիպիոթիքներ փնտռել ծովերուն խորերը:

Քանի մը ամիսէ ի վեր իրլանտացի գիտնականներ կը գտնուին Հարաւային Ամերիկա, Չիլիի ափերուն մօտ, ովկիանոսին վրայ: Անոնց նաւը կը փոխադրէ գործիքներ եւ մեքենաներ` հետախուզելու համար ծովերուն խորերը ընկղմած նաւերու մնացորդները: Անոնք յատուկ մարդամեքենայ մը կ՛իջեցնեն աւելի քան 8000 մեթր` փնտռելու համար ընդծովեայ ապրող մանրէներու տեսակներ, նոր դեղեր պատրաստելու համար:

Այս ձեւով գիտնականները 3000 մեթր խորութեան վրայ գտած են սպունգներ, որոնք կը պարունակէին անծանօթ մանրէներ:

12415_antibiotique-2Տարրալուծարանին մէջ անոնք նշմարած են, թէ այդ մանրէները կրնան յարձակիլ այլ մանրէներու վրայ: Հետեւաբար այդ մանրէները կարելի է գործածել անթիպիոթիքներ պատրաստելու համար: Գիտնականները պիտի փորձեն անոնց քիմիական բաղադրութիւնը գտնել` զանոնք վերարտադրելու համար:

* * *

Այս իրլանտացի մասնագէտները կ՛աշխատին «Ֆարմասի» կոչուած մեծ ծրագիրի մը ծիրին մէջ, որուն կը մասնակցին 14 երկիրներէ 24 տարրալուծարաններ:

Անոնց համար ապագայի անթիպիոթիքները կը գտնուին ծովերուն խորերը, եւ որոնք կը ծածկեն մեր մոլորակին 70 առ հարիւրը:

Աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար, ամէնէն խոր, ամէնէն տաք եւ ամէնէն պաղ (Արքթիք եւ Անթարքթիք) ովկիանոսներուն խորերը:

Գիտէի՞ր, Թէ…

Ներկայի անթիպիոթիքները ժամանակի ընթացքին նուազ ազդեցութիւն կ՛ունենան, որովհետեւ վերջին 40 տարիներուն մենք շատ անթիպիոթիք գործածեցինք: Հետեւաբար կարգ մը մանրէներ վարժուեցան անոնց եւ սկսան անոնց դիմադրել:

Ի՞նչ Է Անթիպիոթիքը

Անթիպիոթիքը շատ զօրաւոր դեղ մըն է. անիկա բաղկացած է մանրէէ մը, որ կը փճացնէ ուրիշ մանրէներ, կամ անոնց արգելք կ՛ըլլայ, որ աճին:

Մանրէները ապրող էակներ են, որոնք կրնան մեր մարմնին օգտակար ըլլալ: Սակայն ուրիշ մանրէներ կրնան նաեւ վարակումներ յառաջացնել (ինչպէս` կոկորդի բորբոքում, ականջատապ…):

Անթիպիոթիքները ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին ժահրի պատճառով յառաջացած հիւանդութիւններուն դէմ (ինչպէս հարբուխ, կրիփ…): Ժահրը մակաբոյծ մըն է, որ միշտ վնասակար է մեր մարմնին համար:

 

Հարցարան

Ընդհանուր Զարգացում

12415_hartsaran-11.- Քանի՞ տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունի երկրագունդը:
ա – Մօտաւորապէս 460 տարի, բ – մօտաւորապէս 46000 տարի, գ – մօտաւորապէս 4,6 միլիոն տարի, դ – մօտաւորապէս 4,6 միլիառ տարի:

2) Մեռեալ ծովուն ջուրը շատ աղի է:
ա – ճիշդ, բ – սխալ:

3) Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն մեծ երկիրը:
ա – Քանատա, բ – Ռուսիա, գ – Չինաստան, դ – Պրազիլ:

4)  Ո՞ր քաղաքը անուանուած է  «Մեծ Խնձորը»:
ա – Թոքիօ, բ – Լոս Անճելըս, գ – Նիւ Եորք, դ – Ռիօ տը Ժանէյրօ

5) Հարաւային Բեւեռը անապատ մըն է:
ա – ճիշդ, բ – սխալ:

6) Ի՞նչ կը պարունակէ եւրոպական ֆութպոլի գնդակ մը:
ա – փետուրներ, բ – քարեր, գ – ջուր, դ – օդ

7) Եւրոպական ֆութպոլի խաղին օրէնքները դրուած են աւելի քան 100 տարիներ առաջ` Անգլիոյ մէջ:
ա – ճիշդ, բ – սխալ:

12415_hartsaran-28) Ո՞ր երկրին մէջ ծնած է փինկ փոնկի խաղը:
ա – Թանզանիա, բ – Չինաստան, գ – Արժանթին, դ – Գերմանիա:

9) Հոքիի խաղ մը կը տեւէ 20 վայրկեան:
ա – ճիշդ, բ – սխալ:

10) Ի՞նչ տեսակ մարզաձեւ մըն է փոլոն:
ա – օդային մարզաձեւ մը, բ – սառոյցի վրայ պասքեթպոլի նման խաղ մը, գ – ջուրին մէջ կռփամարտի տեսակ մը, դ – ձիու վրայ հոքիի նման խաղ մը:

11) Եւրոպայի հիւսիսային շրջաններուն մէջ արեւը բնաւ մայր չի մտներ ամրան շրջանին բազմաթիւ շաբաթներ:
ա – ճիշդ, բ – սխալ:

12) Ո՞ր ցամաքամասին վրայ երեւցած են առաջին մարդ արարածները:
ա – Ամերիկա, բ – Ասիա, գ – Եւրոպա, դ – Ափրիկէ

13) Բուրգերը շատ թեթեւ քարերով շինուած են:
ա – ճիշդ, բ – սխալ:

14) Ի՞նչ կը կոչուի ճափոնական դրամը:
ա – եին, բ – եան, գ – եէն, դ – եոն:

15) Ի՞նչ է անթարքթիքան:
ա – Բոլոր ովկիանոսներուն հաւաքական անունը, բ – բոլոր ցամաքամասներուն հաւաքական անունը, գ – հիւսիսային բեւեռը, դ – սառոյցէ ցամաքամասը, ուր կը գտնուի հարաւային բեւեռը:

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

 Օդով Բանող Հովանոցը

12415_hovanotsԷր Ամպրելլա (օդով հովանոց) պզտիկ գաւազան մըն է, որ մեզի կարելիութիւնը կու տայ անձրեւէն պահպանուելու: Անիկա գործածողին գլխուն վրայ շատ զօրաւոր հով կ՛արձակէ. այդ հովը գլուխէն կը հեռացնէ անձրեւի կաթիլները, եւ գործածողը չի թրջուիր:

 

Պոտի` Մանըքեն Շունը

12415_chounՊոտի Շիպա ինտու տեսակի շուն մըն է: Պոտի մանըքեն շուն մըն է, որ սկսած է մեծ յաջողութիւն գտնել համացանցին վրայ:

Անոր տէրերը կը հաստատեն, թէ ան շատ կը սիրէ նկարուիլ այր մարդոց հագուստներ հագուած: Ան նոյնիսկ պատկերը դարձած է համացանցին վրայ բազմաթիւ հագուստի վաճառանիշներուն:

 

Փողոցները Մաքրող Միլիոնատէր

12415_millionaderԵօ արաբական Պահրէյն երկրին մէջ ապրող միլիոնատէր մըն է: Ան շատ դրամ կը շահի, սակայն ասիկա արգելք չ՛ըլլար անոր` իր շուրջիններով հետաքրքրուելու:

Ամէն առտուան սովորութիւն ունի կանուխէն արթննալու` քաղաքին փողոցները մաքրելու համար: Իր աղբի տոպրակները շալկած` ան ո՛չ միայն կը հաւաքէ աղբերը, այլ զանոնք վերամշակելու ղրկելու համար կը խմբաւորէ:

Անոր նպատակն է աղքատ բնակիչներուն կեանքը բարելաւել: «Փողոցներուն մէջ շատ աղբ կայ,- կ՛ըսէ ան:- Շատեր անոր պատճառով կը հիւանդանան»: Շատերը կը զմայլին այս միլիոնատէրին վարուելակերպին վրայ, սակայն քիչեր կը հետեւին անոր օրինակին:

 

Մեքսիքայի Մէջ Պահուած Գանձեր

12415_mexiqueԹէոթիհաւաքան Մեքսիքոյի հնագիտական ամէնէն կարեւոր վայրերէն մէկն է: Անիկա կառուցուած է աւելի քան 2000 տարիներ առաջ: Անոր ամէնէն կարեւոր շինութիւններէն մէկուն` փետուրով օձին բուրգին տակը հնագէտները գտած են գաղտնի անցք մը: Ան գոցուած էր 1800 տարիներ առաջ:

Անցքը կը գտնուի 18 մեթր գետնին տակ: Յատուկ մարդամեքենաներով կարելի եղած է հոն հասնիլ` առանց բան մը փճացնելու: Անոր մէջ մասնագէտները գտած են աւելի քան 70 հազար առարկաներ, որոնք հաւանաբար մեռեալներուն ընծաներ եղած են:

 

Կարդալ Գիտցող Մատանին

12415_madaniՄինչեւ այսօր լաւ չտեսնող կամ կոյր անձերը միայն մէկ միջոց ունէին գիրք մը կարդալու համար` պրայ լեզուով տպուած գիրքը: Գիրքին էջերը ծածկուած են գիրերը յիշեցնող ցցու՛ն կէտերով:

Այժմ ընթերցանութեան նոր միջոց մը կը պատրաստուի: Անիկա տարօրինակ ձեւ մը ունի. անիկա մատանի մըն ` «Այրինկ» կոչուած օղակ մը, որ օժտուած է մանր քամերայով մը. այս օղակը կ՛անցուի մատին վրայ` քամերան դէպի գրութիւնը ուղղուած:

Քամերան պիտի նկարէ գրութիւնը եւ նոյն ժամանակ զայն «թարգմանէ»: Ապա համակարգիչի ձայնը այդ գրութիւնը պիտի արտասանէ: Մատանին պզտիկ թրթռացումով մը կը նշանակէ, երբ էջը դարձնելու պահը հասնի:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներէն իւրաքանչիւրին միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներէն իւրաքանչիւրին միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել տուրմերու տոպրակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել տուրմերու տոպրակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

 

1-դ, 2-ա, 3-բ, 4-գ, 5-ա, 6-դ, 7-ա, 8-բ, 9-բ, 10-դ, 11-ա, 12-դ, 13-բ, 14-գ, 15-դ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Յունուար 1965)

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Գործունէութենէն. Մասնաճիւղեր

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?