Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փողոցէն Ետք, Արուեստագէտի Կեանքը

Փետրուար 28, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

22815_masolo-1Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ 13 տարեկան Ֆելլի կրցած է իր թշուառ կեանքէն խուսափիլ` շնորհիւ երաժշտութեան:

Ֆելլի 13 տարեկան պատանի մըն է. ան կ՛ապրի Քոնկոյի մայրաքաղաք Քինչասայի մէջ, որ 10 միլիոն բնակիչ ունեցող հսկայական քաղաք մըն է:

9 տարեկանին ան ստիպուած եղած է փողոցը ապրիլ: Երբ անոր ծնողները մահացած են, ընտանիքը չէ ուզած, որ ան իրենց հետ ապրի, ըսելով, թէ ան վհուկ մըն է: Դժբախտաբար աղքատութիւնը եւ տգիտութիւնը ժողովուրդին մեծ մասին հաւատալ կու տայ, որ կեանքի դժբախտութիւնները վհուկներու պատճառով կը պատահին:

Ան ապաստան գտած է իրեն նման յատուկ պատանիներու ֆուայէի (տունի) մը մէջ: Ան շաբաթը 3 անգամ կը յաճախէ էսփաս մասոլօ ակումբը:

22815_masolo-322815_masolo-5Այս փոքրիկ ակումբը կարելիութիւնը կու տայ փողոցները մնացած մօտաւորապէս քսան պատանիներու 3 տարուան ընթացքին սորվելու տարբեր արուեստներ եւ արհեստի աշխատանքներ: Անշուշտ` առանց մոռնալու Մասոլօ շեփորախումբը: Ֆելլի այս պզտիկ խմբակը իր նոր ընտանիքը կը համարէ: Այս փորձառութիւնը իր կեանքը փոխած է: Ան կը հաւատայ, որ առաջ ինք ոչինչ էր, մինչ հիմա կ՛ուզէ մէկը դառնալ: Ապագային ան կ՛ուզէ գեղանկարիչ եւ երաժիշտ դառնալ: Եւ իր հեքիաթային պատմութիւնը կը շարունակուի…

Շնորհիւ Էսփաս Մասոլոյին եւ եւրոպական տարբեր միութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերուն, գերմանացի ընտանիք մը որոշած է հոգալ Ֆելլիի ուսման ծախսերը:

Նոյեմբեր 2013-էն ի վեր, Ֆելլի դարձեալ սկսած է դպրոց յաճախել եւ ան այժմ կ՛ապրի Քինչասայի գիշերօթիկի մը մէջ: Արձակուրդներուն  ան կը մասնակցի Մանոլօ փողերախումբի բոլոր փորձերուն: Հոկտեմբեր 2013-ին Մասոլօ խմբակը իր «Թոսալի Փարթի» երգահանդէսը ներկայացուց Ֆրանսայի հարաւը, Ամիէնի մէջ: Ֆելլի փողերախումբի ամէնէն կրտսեր փող նուագողն էր:

Էսփաս Մասոլօ

22815_masolo-722815_masolo-8Քինչասայի մէջ Էսփաս Մասոլօ ակումբը շատ բաներ փոխեց փողոցը մնացած մանուկներուն կեանքին մէջ: Առտուն անոնք ակումբին մէջ դպրոցի դասերու կը հետեւին: Իսկ կէսօրէ ետք կարգը կու գայ քանդակագործութեան, նկարչութեան, կարին կամ թատրոնի դասերուն:

Քոնկոյի մայրաքաղաքին մէջ 20 հազար մանուկներ կ՛ապրին փողոցներուն մէջ: Ֆութպոլը այս լքուած մանուկներուն թիւ 1 նախասիրած ժամանցն է:

22815_masolo-9Էսփաս Մասոլոյի մէջ բոլորը համերաշխ կ՛ապրին իրարու հետ: Հոն 13-20 տարեկան պատանիներ տարբեր երաժշտական գործիքներ կը նուագեն մեծ աշխուժութեամբ: Մասոլոյի շեփորախումբը մեծ յաջողութիւն ունի Քինչասայի մէջ:

 

Քարլոս` Նկարներու Թագաւորը

22815_carlos9 տարեկան Քարլոս Փերեզ Նաւալ անասուններու բացառիկ նկարիչ մըն է:

2014 թուականին ան արժանացած է Անգլիոյ Բնական պատմութեան թանգարանին կողմէ տրուած անասուններու նկարիչի պատուաւոր վարձատրութեան:

Քարլոս անասունները սկսած է նկարել 4 տարեկանին: Ան բախտը ունեցած է ընկերակցելու իր ծնողքին, որոնք աշխարհի շուրջ շատ կը ճամբորդէին: Սակայն Քարլոս շատ նկարներ կ՛առնէ յատկապէս իր պարտէզին մէջ եւ տունին շուրջ, Սպանիոյ մէջ:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ…

– Աշխարհի ամէնէն մեծ խոզին մրցանիշը արձանագրուեցաւ 1933 թուականին, Պիկ Պիլլի կողմէ: Այդ խոզը կը կշռէր 1157 քիլօ, ունէր 1,5 մեթր հասակ եւ 2,7 մեթր երկայնք:

– Ճատրակի խաղին մէջ գոյութիւն ունին 318979564000 ձեւեր` խաղալու համար առաջին չորս շարժումները:

– Շէկ մազեր ունեցող անձերուն մազերը չեն ճերմկնար:

22815_anhavadali– Աշխարհի քաուպոյի ամէնէն մեծ գլխարկը կը գտնուի Սիաթըլի մէջ, Միացեալ Նահանգներ: Ան ունի 3 մեթր հասակ եւ 13 մեթր լայնք: Իսկ գիտէի՞ր, թէ ամերիկացիները կը տօնեն քաուպոյի ազգային օրը 26 յուլիսին:

– 11 յուլիս 2011-ին աշխարհի բնակչութեան թիւը հասաւ 7 միլիառի: Իսկ 7 միլիառ քայլերով մենք կրնանք աշխարհին շուրջ դառնալ 133 անգամ:

– Հազար տարիներ առաջ գուլպաները ազնուականութեան նշան կը համարուէին:

– Հին հնդիկները կը հաւատային, որ զմրուխտը դարմանելու յատկութիւնը ունէր:

– Հին Հռոմի մէջ տարին կը սկսէր մարտ ամսուն:

– Թասմանիան քաղաքագէտ Սըր Ճէյմս Ուիլսըն (1812-1880) ծնած եւ մեռած է նահանջ տարի մը (29 փետրուարին):

– Նահանջ տարիները, որոնք կը պատահին ամէն չորս տարին անգամ մը, 4-ով բաժնուող տարիներ կ՛ըլլան:

 

Հարցարան

Ընդհանուր Գիտելիքներ

1) Հաւ մը տարեկան միջին հաշուով 700 հաւկիթ կ՛ածէ:
– Ճի՞շդ, թէ՞ սխալ

2) Քանի՞ աստիճան տաքութիւն կ՛ունենայ կաթը,  երբ կը կթուի:
ա – 36,1, բ – 100, գ – 0,54, դ – 232,8:

3) Որքա՞ն կաթ պէտք կայ շինելու համար 3,8 լիթր պաղպաղակ:
ա – 237 մլ, բ – 0,7 քիլօ, գ – 5,4 քիլօ, դ – 3,8 լ:

22815_hartsaran4) 2009 թուականին, Թայլանտէն ոսկերիչ մը 4,2 միլիոն տոլար արժող, զմրուխտներով եւ ադամանդներով թագ մը շինեց: Որո՞ւ համար էր այդ թագը:
ա – Թայլանտի թագուհիին, բ – Թէյլըր Սուիֆթ ամերիկացի երգչուհիին, գ – Իր ընտանի շնիկին, դ – Ոչ մէկուն համար, ան թագը թափեց:

5) Ֆրիթաունի մէջ, Սիէրրա Լէոն, մարդիկ իրենց գնումները դրամով չեն ըներ: Ի՞նչ կը գործածեն անոնք:
ա – Ցորեն, բ – Կերպաս, գ – Ջուր, դ – Փայտ:

6) Մեքսիքայի մէջ, 2013 թուականին, Քարլոս Սլիմ Հըլուի հարստութիւնը 73 միլիառ տոլարի կը հասնէր: Ի՞նչ մարզի մէջ կ՛աշխատի ան:
ա – Ճաշարաններ, բ – Բջիջային հեռաձայն/համացանց, գ – օդանաւային ընկերութիւն, դ – Օշարակներ:

7) Համակարգիչի պաստառները կրնան ցուցադրել 16,8 միլիոն տարբեր գոյներ: Սակայն քանի՞ տարբեր գոյներ կրնայ տեսնել մարդկային աչքը:
ա – 18 միլիոն, բ – 10 միլիոն, գ – 64, դ – 5:

8) Ճափոնի երկու քաղաքներու միջեւ շատ արագ շոգեկառքով ճամբորդութիւնը կը տեւէ 95 վայրկեան: Աւելի արագ շոգեկառք մը պիտի շինուի 2027 թուականին: Ո՞րքան պիտի տեւէ այդ շոգեկառքով ճամբորդութիւնը:
ա – 40 վայրկեան, բ – 1 վայրկեան, գ – 2 ժամ , դ – 2 երկվայրկեան:

9) 1899-էն մինչեւ 1974 թուական աշխարհի ամէնէն բարձր շէնքը կը գտնուէր Նիւ Եորքի մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
– Ճի՞շդ, թէ՞ սխալ:

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել տուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել տուն հասցնող ճամբան:
Կէտերը իրարու միացուր 1-81` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1-81` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

22815_jam-4-a
Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարումին:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ինը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ինը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխանները

 

1 – Սխալ տարեկան 250-300 հաւկիթ: 2 – ա: 3 – գ: 4 – գ: 5 – գ: 6 – բ: 7 – բ: 8 – ա: 9 – Ճիշդ. Էմփայր Սթէյթ Պիլտինկի կողքին կային նաեւ ուրիշ եօթը տարբեր շէնքեր, որոնք արժանացած էին ամէնէն բարձր շէնքի տիտղոսին 1931-էն 1970-ի միջեւ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (28 Փետրուար 1965)

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ոտքի Ոսկորի Հարցեր» Նիւթով

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?