Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆութպոլի Ծփացող Դաշտ Մը Թայլանտի Մէջ

Փետրուար 14, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

21415_tailandԵրբ մենք այցելենք Թայլանտի Փանյի կղզի, մեր առջեւ պիտի գտնենք դրախտային տեսարան մը. կրային հրապուրիչ ցից ժայռեր, գերաններու վրայ շինուած տուներ… Սակայն այս գեղեցիկ տեսարանը չէ, որ կը գրաւէ զբօսաշրջիկները, այլ` անոր ֆութպոլի ծփացող դաշտը:

Թայլանտի հարաւը, Ֆանկա Նկա շրջանին մէջ Փանյի կղզիին վրայ օտար այցելուները շատ են: Անոնք կու գան յատկապէս անոր ֆութպոլի ծփացող դաշտին վրայ խաղալու առիթը ունենալու համար: Այս դաշտը զետեղուած է կղզիին նաւահանգիստի թումբին մօտ, պարաններով իրարու կապուած մեծ ծփացող յատուկ արկղներու վրայ: Դաշտը ունի 16 մեթր լայնութիւն 25 մեթր երկարութիւն:

Ֆութպոլի Սիրահարներ

Նախքան դաշտին կառուցուիլը` կղզիին բնակիչները իրենց ապրուստը կը հոգային գլխաւորաբար ձկնորսութեամբ, եւ երբ անոնք ձկնորսութեան ելած չէին ըլլար, անոնց նախասիրած ժամանցը ֆութպոլն էր:

Անոնք կը խաղային ծովափին: Սակայն ասիկա կարելի էր միայն այն ատեն, երբ ծովու տեղատուութիւն ըլլար: Այլապէս անոնք ստիպուած էին խաղալու 30 տարիներ առաջ շինուած ծփացող դաշտի առաջին տարբերակին վրայ: Այդ հին դաշտը շինուած էր ժանգոտած գամերով իրարու միացուած փայտի կտորներէ, որուն վրայ խաղալը շատ դժուար էր եւ վտանգաւոր: Պէտք էր ուշադրութիւն ընել դուրս ցցուած գամերուն վրայ չկախելու համար: Սակայն կղզիին բնակիչները ուրիշ լուծում չունէին եւ ստիպուած էին իրենց ունեցած այդ միակ դաշտին վրայ խաղալու:

Գործ` Երիտասարդներուն Համար

Այս նոր դաշտին շինութեան գլխաւոր առաւելութիւններէն մէկը այն էր, որ ան կրցաւ երիտասարդները կղզիին վրայ պահել: Առաջ անոնք կ՛ուզէին լքել կղզիին եւ երթալ մայր ցամաքին վրայ գործ գտնել:

Զբօսաշրջիկները գրաւող այս ծփացող դաշտին շնորհիւ` Փանյի կրցաւ այս երեւոյթը շրջել: Այժմ կղզին ունի 1800 բնակիչ, մինչ տասը տարի առաջ անոնց թիւը կը հասնէր միայն 1200-ի: Մանր առեւտուրը եւ փոքր աշխատանքները աւելի լաւ են կղզիին վրայ, քան` մայր ցամաքին. երիտասարդները աւելի դիւրութեամբ կրնան դրամ շահիլ, օրինակի համար, նաւակ քշելով: Զբօսաշրջիկներուն այցելութիւնները օրական 50 հազարէն 70 հազար պաթ (1500-2000 տոլար) շահ կրնան ապահովել բնակիչներուն: Այս ձեւով անոնց եկամուտը հինգ անգամ բազմապատկուած է վերջին 10 տարիներուն:

Փանյիի բնակիչները շատ հպարտ եւ ուրախ են իրենց ծփացող դաշտով եւ կ՛ուզեն դաշտը կտակել իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն:

 

Քաղաք Մը` Ովկիանոսին Տակ

Ճափոնի մէջ «Շիմիցու» շինարարական ընկերութիւնը գրեթէ գիտաերեւակայական ծրագիր մը ներկայացուցած է: Ան մտադրած է ընդծովեայ քաղաք մը շինել մինչեւ 2030 թուական:

Ճարտարագէտներ, ճարտարապետներ եւ ովկիանոսներու մասնագէտներ արդէն սկսած են աշխատիլ այս ծրագիրին վրայ: Անոր իրականացման աշխատանքները պիտի տեւեն 5 տարի եւ պիտի կարօտին աւելի քան 26 միլիառ տոլարի:

* * *

Երեք Մեծ Տարրեր

21415_ovguianos-1Քաղաքին գագաթը, 500 մեթր տրամաչափով կլոր կառոյցին մէջ պիտի կեդրոնանայ մարդկային կեանքը: Ան զետեղուած պիտի ըլլայ անմիջապէս ծովուն մակերեսին տակը` օգտուելու համար ցերեկի լոյսէն եւ օդէն:

Անոր 5000 բնակիչները պիտի բնակին շրջանակին կեդրոնը բարձրացած աշտարակին մէջ: Անշուշտ հոն գոյութիւն պիտի ունենան նաեւ վաճառատուներ, պանդոկներ եւ գրասենեակներ:

Գործարան

21415_ovguianos-2Այս «կեանքի գունդին» տակ պտուտակաւոր հիմք մը պիտի իջնէ մինչեւ ծովուն խորերը: Հոն մենք պիտի գտնենք մեթան կազ արտադրող գործարան մը: Այս կազը ուժանիւթ պիտի հայթայթէ քաղաքին:

Կայուն

Ըստ շինարարական ընկերութեան, այս քաղաքը պիտի ազդուի ո՛չ երկրաշարժներէ, ո՛չ ալ ցունամիներէն: Այս քաղաքը լաւ լուծում մը կրնայ ըլլալ կլիմայի ջերմանալուն պատճառով ջուրերու մակերեսի բարձրացումի սպառնալիքին տակ գտնուող կղզիներուն համար:

 

Ի՞Նչ Է Ատլանտիտը

21415_Atlantide1Ատլանտիտը հռչակաւոր հսկայական կղզի մըն է: Ըստ աւանդութեան, ան ջուրերուն տակ ընկղմած է:

Ք. Ա. 5-րդ դարուն է, որ յոյն փիլիսոփայ Պղատոն առաջին անգամ կը խօսի այս կղզիին մասին: Ըստ անոր, կղզին կը գտնուէր Սպանիոյ եւ Մարոքի միջեւ:

Կղզիին թագաւորը Ատլասն է, որ ովկիանոսներու աստուծոյ` Պոսիտոնի եւ բնութեան դիցուհի Քլէիթոյի զաւակն է: Ան շատ հարուստ էր` շնորհիւ կղզիին վրայ գտնուող յարգի մետաղի մը: Անոր բնակիչները նուաճած էին Ափրիկէի եւ Եւրոպայի մեծ մասը:

Կարգ մը անձեր կը հաւատան, թէ այս կղզին իսկապէս գոյութիւն ունեցած է, եւ ան հաւանաբար յունական Սանթորինի կղզին է: Դարձեալ ըստ առասպելին, կղզին ընկղմած է Ք.Ա. 1600 թուականին հսկայական մակընթացութիւններու պատճառով:

 

Անհաւատալի Բայց Իրաւ

Վրաստանի Ռուսթաւի քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի օդանաւ մը, որ իբրեւ մանկապարտէզի դասարան կը գործածուի: Օդանաւին մէջ կան գրասեղաններ, խաղեր եւ խաղալիքներ:
Վրաստանի Ռուսթաւի քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի օդանաւ մը, որ իբրեւ մանկապարտէզի դասարան կը գործածուի: Օդանաւին մէջ կան գրասեղաններ, խաղեր եւ խաղալիքներ:

 

 

 

 

 

 

 

 Ֆանի աշխարհի ամէնէն մեծ քալող մարդամեքենան է: Վիշապի կերպարանք ունեցող այս մարդամեքենան 16 մեթր երկար է, անոր բացուած թեւերուն լայնքը կը հասնի 12 մեթրի, եւ ան կրնայ նոյնիսկ կրակ ժայթքել բերնէն:
Ֆանի աշխարհի ամէնէն մեծ քալող մարդամեքենան է: Վիշապի կերպարանք ունեցող այս մարդամեքենան 16 մեթր երկար է, անոր բացուած թեւերուն լայնքը կը հասնի 12 մեթրի, եւ ան կրնայ նոյնիսկ կրակ ժայթքել բերնէն:
Ո՞վ օրական աւելի քան 400 հարցում կը հարցնէ: Չորս տարեկան երեխայ մը: Անոր հարցումներուն մեծ մասը պարզապէս «ինչո՞ւ»-ն է:
Ո՞վ օրական աւելի քան 400 հարցում կը հարցնէ: Չորս տարեկան երեխայ մը: Անոր հարցումներուն մեծ մասը պարզապէս «ինչո՞ւ»-ն է:

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Շուն մը իր քիթին մէջ ունի 220 միլիոն հոտառութեան յատուկ բջիջներ, նապաստակը ունի 100 միլիոն… մինչ մարդ արարածը` 5-6 միլիոն միայն:
  • Սկովտիոյ թագուհի Մերի 1542 թուականին թագուհի դարձաւ, երբ ան միայն 6 օրուան նորածին էր:
  • Մրջիւնները արդէն գոյութիւն ունէին հոյամողէզներուն շրջանէն, մօտաւորապէս 130 միլիոն տարիներէ ի վեր:
  • «Չոքոլըթ պայ Միւլըր» ընկերութիւնը կը շինէ մարդկային մարմինի մասերու ձեւերով տուրմեր, ինչպէս, օրինակ, ականջներ, աչքեր, սիրտեր եւ ուղեղներ:
  • 2,5 սմ անձրեւը հաւասար է 25 սմ ձիւնի:
  • Գիտէի՞ք, թէ Գերմանիոյ մէջ գոյութիւն ունի խռկոցի թանգարան մը:
  • Անջրպետին մէջ աստղանաւորդները յաճախ կը կորսնցնեն իրենց հոտառութեան եւ համտեսելու կարողութիւնները:
  • Եթէ մենք գիշերը անջրպետէն երկրագունդին նայինք, մեր տեսած ամէնէն լուսաւոր քաղաքը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու Լաս Վեկասը:
  • Սենեկալի մէջ գոյութիւն ունի պատկերասփիւռէն ներկայացուած ոչխարներու յատուկ գեղեցկութեան մրցանք մը:

 

Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1-138` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1-138` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել ծակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել ծակին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու այս բուրգը` գիտնալով, որ  իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարին:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու այս բուրգը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարին:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու աստակոսները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու աստակոսները:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (14 Փետրուար 1965)

Յաջորդը

Տեսակէտ. Որոշ Նկատառումներ Սիրիայի Տագնապի Մասին

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?