Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մարտ 27-ին երկու աստղանաւորդներ «Սոյուզ» հրթիռին միջոցով պիտի երթան դէպի Անջրպետի միջազգային կայան: Անոնք հոն պիտի մնան լման մէկ տարի եւ երկիր պիտի վերադառնան 2016-ի մարտ ամսուն: Այս ձեւով անոնք պիտի ըլլան առաջին երկու աստղանաւորդները, որոնք այդքան երկար կեցութիւն մը պիտի ունենան Անջրպետի միջազգային կայանին մէջ:
Ամերիկացի Սքոթ Քելլի եւ ռուս Միխայիլ Քոռնիէնքօ այս ճամբորդութիւնը պիտի կատարեն գիտական ուսումնասիրութիւններու նպատակով: Այս «հետախուզական արշաւին» միջոցով գիտնականները պիտի ուսումնասիրեն աստղանաւորդներուն վրայ նման ճամբորդութեան մը ազդեցութիւնները անոնց մարմնին եւ հոգեբանութեան վրայ: Այդ ազդեցութիւնները բազմաթիւ կրնան ըլլալ: Տեսողութիւնը կրնայ տկարանալ, ինչպէս նաեւ մարմնին` մանրէներուն դէմ պաշտպանուելու կարողութիւնը, նաեւ մկանները կրնան կծկուիլ…
Եթէ արդիւնքները դրական ըլլան, եւ աստղանաւորդներուն վրայ ազդեցութիւնները շատ կարեւոր չըլլան, գիտնականներուն յաջորդ ծրագիրն է մարդ մը Հրատ մոլորակ ղրկել:
Պարագան նաեւ հետաքրքրական է, որովհետեւ ամերիկացի աստղանաւորդը` Սքոթ, ունի երկուորեակ եղբայր մը` Մարք: Հետեւաբար գիտնականները պիտի կարենան բաղդատել Սքոթին արդիւնքները երկրին վրայ մնացած եղբօր` Մարքին արդիւնքներուն հետ:
* * *
Աստղանաւորդները շատ հպարտ են, որ ընտրուած են այս արկածախնդրութիւնը ապրելու: Սակայն նոյն ատեն անոնք կը խոստովանին, թէ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող շատ մը բաներ պիտի կարօտնան: Նման ճամբորդութիւններու պարագային ամէնէն դժուարը առանձնութիւնն է, եւ միայն մէկ հոգիի հետ խօսելու սահմանափակ առիթը: Միխայիլ կ՛ըսէ, թէ կայանին մէջ իր կեցութեան ընթացքին ինք ամէնէն շատ պիտի կարօտնայ հոսող ջուրը եւ անոր մէջ լողալու հաճոյքը: Սակայն անշուշտ Միխայիլ եւ Սքոթ արհեստավարժ աստղանաւորդներ են: Անոնք մասնակցած են ուրիշ երկար կեցութիւններու (10 ամիս), եւ մարզուած են անջրպետին մէջ երկար ժամանակ կարենալ մնալու համար:
Անջրպետի միջազգային կայանը օժտուած է մարզանքի գործիքներով: Երբ աստղանաւորդները զբաղած չեն ըլլար իրենց գիտական փորձերը կատարելով, անոնք կրնան կարդալ, խաղեր խաղալ կամ ժապաւէններ դիտել: Ռատիոներու եւ քամերաներու միջոցով անոնք կրնան նաեւ հաղորդակցիլ երկրագունդին հետ:
Գրեթէ բնական կեանք մը` 400 քմ բարձրութեան վրայ, մեր գլուխներուն վերեւ:
Հետաքրքրական
Աստղանաւորդ Մը Անջրպետին Մէջ Կորսնցուց 67000
Անգլիական Փաունտ Արժող Գործիքներու Պայուսակ Մը
ՆԱՍԱ-էն աստղանաւորդ Հայտի Մարի Սթեֆանիշըն-Փայփըր շատ վարժ աստղանաւորդ մըն էր եւ աւելի քան 30 ժամ անցուցած էր անջրպետին մէջ շրջելով:
Սակայն 2009 թուականին, երբ ան անջրպետին մէջ կը գտնուէր շինելու համար Անջրպետի միջազգային կայանի արեւի պաստառներէն մէկը, դժբախտ դէպք մը պատահեցաւ:
Իւղի գործիքէ մը իւղ թափած էր ամբողջ գործիքներու պայուսակին մէջ: Երբ ան կը փորձէր պայուսակը մաքրել, թանկագին գործիքներ պարունակող պայուսակը ձեռքէն սահեցաւ եւ անջրպետին մէջ հեռացաւ. աստղանաւորդին համար անկարելի եղաւ զայն բռնել:
Գործիքներու տոպրակը երկրին շուրջ դարձաւ 9 ամիսներու ընթացքին եւ վերջապէս այրեցաւ մոլորակին մթնոլորտին մէջ:
Գիտէի՞ր, թէ անջրպետին մէջ գոյութիւն ունին մարդոց կողմէ շինուած հազարաւոր առարկաներ, որոնք կը դառնան երկրին շուրջ: Անոնցմէ ամէնէն հինն է «Վանկուարտ 1» արբանեակը, որ անջրպետ ղրկուած էր 1958 թուականին:
Հարցարան
Ընդհանուր Զարգացում
1.- Ո՞րն է ամէնէն շատ բնակուած ցամաքամասը:
ա – Ափրիկէ, բ – Ասիա, գ – Հարաւային Ամերիկա, դ – Ովկիանիա
2.- Հաուայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն մէկն է:
ա – ճիշդ , բ – սխալ
3.- Ո՞ր անասունը ամէնէն երկարը կ՛ապրի:
ա – փիղը, բ – թութակը, գ – հսկայ կրիան, դ – հսկայ մողէսը
4.- Ջայլամը վազող թռչուններէն ամէնէն արագն է:
ա – ճիշդ , բ – սխալ
5.- Ո՞ր անասունը ամէնէն մեծ թիւով ակռաներ ունի:
ա – Առիւծը, բ – դլփինը , գ – կոկորդիլոսը, դ – փիղը
6.- Ո՞ր անասունին լեզուն ամէնէն երկարն է:
ա – ընձուղտը, բ – մրջիւն ուտող անասունը, գ – գորտը, դ – օձը
7.- Մեծ ճերմակ շանաձուկը կաթիլ մը արիւնին հոտը կրնայ առնել աւելի քան մէկ քիլոմեթր հեռուէն:
ա – ճիշդ , բ – սխալ
8.- Առաջին համակարգիչը հնարողը եղած է Քոնրատ Սուզ:
ա – ճիշդ , բ – սխալ
9.- Առաջին սառոյցէ պաղպաղակը պատահմամբ ստեղծուած է, երբ պզտիկ տղայ մը իր օշարակը ձմրան օր մը դուրսը ձգած է:
ա – ճիշդ , բ – սխալ
10.- Պեթհովեն իր կարգ մը գործերը յօրինած է, երբ ան այլեւս խուլ դարձած էր:
ա – ճիշդ , բ – սխալ
11.- Առաջին սրինգները շինուած էին եղջերուի ոսկորներով:
ա – ճիշդ , բ – սխալ
12.- Օրական քանի՞ անգամ միջազգային Անջրպետի կեդրոնը կը դառնայ երկրագունդին շուրջ:
ա – 2, բ – 4, գ – 16, դ – 256
13.- Արեւի խաւարումները շատ աւելի յաճախակի են, քան` լուսինի խաւարումները:
ա – ճիշդ , բ – սխալ
14.- Լուսինին վրայ ո՛չ հով, ո՛չ ալ ջուր կայ:
ա – ճիշդ , բ – սխալ
15.- Լերան վրայ, որքան մենք բարձրանանք, այնքան օդը կը տաքնայ:
ա – ճիշդ , բ – սխալ
16.- Բաց գոյնով մորթը մեզի աւելի լաւ կը պաշտպանէ արեւու ճառագայթներէն, քան` մութ գոյնով մորթ մը:
ա – ճիշդ , բ – սխալ
17.- Մանչերու եղունգները քիչ մը աւելի արագ կ՛աճին, քան` աղջիկներուն եղունգները:
ա – ճիշդ , բ – սխալ
18.- Ո՞ւր կը գտնուի մարդուն ամէնէն փոքրիկ ոսկորը:
ա – քիթին մէջ, բ – ականջին մէջ, գ – ոտքի մատին մէջ, դ – ուսին մէջ:
19.- Ամէն օր մենք կը կորսնցնենք շատ փոքր քանակ մը մեր մորթի դուրսի խաւէն:
ա – ճիշդ , բ – սխալ
20.- Չափահասները շատ աւելի մեծ թիւով ոսկորներ ունին, քան նորածինները:
ա – ճիշդ , բ – սխալ
Պատասխանները վերջաւորութեան
Ժամանց



Պատասխաններ
1 – բ, 2 – ա, 3 – գ, 4 – ա, 5 – բ, 6 – բ, 7 – ա, 8 – ա, 9 – ա, 10 – ա, 11 – ա, 12 – գ, 13 – բ, 14 – ա, 15 – բ, 16 – բ, 17 – ա, 18 – բ, 19 – ա, 20 – բ: