Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոդիսական Արշաւ Մը

Յունուար 3, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

010315_graham-1Նոր տարին առիթ մըն է անցած տարուան մտովի հաշուետուութիւն մը ընելու եւ նոր որոշումներ տալու Նոր տարուան համար: Արդեօք անգլիացի 33 տարեկան Կրահամ Հիուզ նման որոշում մը տուա՞ծ էր 2008 թուականին, երբ ան ծրագրած էր այցելել աշխարհի շուրջ գտնուող բոլոր 201 երկիրները… առանց օդանաւ օգտագործելու: Ան իր այս մեծ արշաւը կատարած է մօտաւորապէս չորս տարիէն եւ նոյնիսկ մրցանիշ մը արձանագրած` իբրեւ «մէկ տարուան ընթացքին ամէնէն շատ երկիրներ այցելած անձ, միայն ցամաքային եւ ծովային փոխադրամիջոցներ գործածելով»:

Կրահամի մեծ արշաւը սկսաւ 1 յունուար 2009-ին, երբ ան կտրեց Ռիվըր Փլէյթ գետը եւ անցաւ Ուրուկուէյ: Առանց թռչելու աշխարհը տեսնելու այս նպատակը դիւրին չէր: Ան 1426 օրէն (մօտաւորապէս` 3 տարի եւ 11 ամիս) կտրեց 256 հազար քմ` շաբաթը միայն 100 տոլար ծախսելով: Ան այցելեց ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած բոլոր 193 երկիրները, առաւել` Թայուան, Վատիկան, Պաղեստին, Քոսովօ, Արեւմտեան Սահարա եւ Միացեալ Թագաւորութեան չորս պետութիւնները (Անգլիա, Սկովտիա, Կալէս եւ Հիւսիսային Իրլանտա):

 ***

010315_graham-3Կրահամ ճամբորդեց առանձին: Օրէնքները յստակ էին. ան թռչելու իրաւունք չունէր, ոչ ալ` անձնապէս քշելով տեղափոխուելու: Այս ձեւով միջազգային սահմանները կտրեց քալելով, փոխադրակառքերով, թաքսիներով, նաւով կամ նաւակներով:

Ան ապրեցաւ անհաւատալի արկածախնդրութիւններ` երբեմն անցանկալի կացութիւններու մէջ գտնուելով, ինչպէս` Քոնկոյի մէջ, ուր ան վեց օր բանտը մնաց, կամ` երբ չորս օր ճամբորդեց ձկնորսական փոքրիկ եւ ծակ նաւակով մը: Իսկ երբ անոր կը հարցնեն, թէ ինչպէ՛ս կրցած է անցնիլ վտանգաւոր երկիրներու սահմաններէն, ան պարզապէս կը պատասխանէ, թէ ան քալած է, մինչեւ որ հասած է ուրիշ երկրի մը սահմանը:

Սակայն Կրահամ նաեւ անցուցած է շատ հաճելի ժամանակներ եւ ապրած` անհաւատալի փորձառութիւններ: Ինչպէս, օրինակ, երբ ան Պորնէոյի օրանկութաններուն հետ բարեկամացած է, ճանչցած է Թուվալուի վարչապետը, կամ պարած` Փափու Նիւ Կինէայի բնիկներուն հետ:

***

Կրահամ շատ կը սիրէ ճամբորդել: Գլխաւորաբար այս պատճառով է, որ ան ճամբայ ելած է տեսնելու համար, թէ կարելի՞ էր նման մեծ ճամբորդութիւն մը իրագործել առանձին եւ դրամական նեղ պայմաններու մէջ: Սակայն ան ուզած է նաեւ փաստել, որ աշխարհը այդքան ալ գէշ եւ վախազդու տեղ մը չէ, այլ ան լեցուն է ազնիւ անձերով, որոնք պատրաստ են օգնելու ոեւէ մէկ օտարի: Օգտուելով իր այս ճամբորդութենէն` Կրահամ վաւերական ժապաւէն մը պատրաստեց «Նաշընալ ճիոկրաֆիք» կայանին համար եւ դրամ հաւաքեց «Ուաթըր էյտ» բարեսիրական միութեան համար:

***

Չորս անցագիրներու 192 էջերը լեցնելէ ետք, Կրահամ իր վերջին երկրին վիզան կնքել տուաւ Հարաւային Սուտանի մէջ, 26 նոյեմբեր 2012-ին: Երբ Կրահամ իր ճամբորդութիւնը սկսաւ Ուրուկուէյէն 2009-ի յունուար մէկին, ան չէր մտադրած նոյնիսկ Հարաւային Սուտան այցելել… պարզապէս որովհետեւ ան տակաւին գոյութիւն չունէր:

Իր արկածախնդրութեան մթնոլորտին մէջ մնալով` Կրահամ մերժեց Ափրիկէէն Անգլիոյ իր Լիվըրփուլ քաղաքը վերադառնալ օդանաւով: Վերջապէս ան Լիվըրփուլ հասաւ շաբաթ 22 դեկտեմբեր 2012-ին, «Ֆերրի Քրոս տը Մըսսէյ» նաւով:

 

Աշխարհին Շուրջ
Առաջին Ճամբորդութիւնը

010315_magellan-achkharhin-chourtchՆերկայիս աշխարհին շուրջ ճամբորդելը դիւրին դարձած է ոեւէ անձի համար: Պէտք է պարզապէս քիչ մը դրամ եւ բաւարար ժամանակ ունենալ: Սակայն վիճակը նոյնը չէր մեծ հետախուզական արշաւանքներուն եւ աշխարհի շուրջ առաջին ճամբորդութեան ընթացքին:

***

Աշխարհի շուրջ առաջ ճամբորդութիւնը կատարուած է սպանական հետախուզական խումբի մը կողմէ` Մաժելլանի ղեկավարութեամբ: Ան սկսած է 10 օգոստոս 1519-ին եւ վերջ գտած` 6 սեպտեմբեր 1522-ին: Սակայն, դժբախտաբար, Մաժելլան չէ եղած աշխարհի շրջանը կատարող առաջին ճամբորդը, որովհետեւ ան մահացած է 27 ապրիլ 1521-ին, Ֆիլիփինեաններու պատերազմին ընթացքին:

***

Հետախուզական արշաւախումբը կազմուած էր 237 անձերէ եւ 5 նաւերէ. «Թրինիտատ», «Սան Անթոնիօ», Քոնսեփսիոն», «Վիքթորիա» եւ «Սանթիակօ»:

Այս նաւերէն միայն «Սանթիակօ»-ն կ՛աւարտէ ճամբորդութիւնը: Անոր վրայ կը գտնուէին միայն 18 անձեր, եւ նաւապետ Խուան Սեպասթիէն Էլքանօ պաշտօնապէս ճանչցուած է իբրեւ աշխարհին շրջանը կատարած առաջին ճամբորդը:

 

Հարցարան.

Աշխարհին Շուրջ

010315_hartsaran-11) Ո՞ր բեւեռը աւելի ընդարձակ է. Արքթի՞քը,  թէ՞ Անթարքթիքը:

2) Ո՞րն է Նոր Զելանտայի երրորդ պաշտօնական լեզուն` անգլերէնէն եւ նշաններու լեզուէն ետք:

3) Ի՞նչ կը կոչուի Ալճերիոյ մայրաքաղաքը:

4) Ո՞րն է Հնդկաստանի գլխաւոր կրօնը:

5) Քանի՞ օրէն կառուցուեցաւ Պրազիլի մայրաքաղաք Պրազիլիան. 100 օրէն, 1000 օրէն,  2000 օրէն:

6) Ի՞նչ կը կոչուի Աւստրալիոյ կղզիներուն բնիկ ժողովուրդը:

7) Ո՞րն է Նեփալի քաղաքական եւ կրօնական մայրաքաղաքը:

8) Ո՞րն է Ժամայիքայի մայրաքաղաքը: Հաւանա՞, թէ՞ Քինկսթըն:

9) Ի՞նչ կը նշանակէ յունարէն «արքթոս» բառը, որմէ յառաջացած է «արքթիք» բառը. ձիւն, հիւսիս, արջ:

10) Ի՞նչ համեղ ուտեստեղէն մը մաս կը կազմէ Քոթ տ՛Իվուարի գլխաւոր արտադրութիւններուն:

11) Ո՞րն է Չիլիի մայրաքաղաքը:

12) Ո՞ր ծովը կը գտնուի Հարաւային Քորէայի արեւմուտքը:

13) Քանի՞ լեզու կը խօսուի Նոր Քալետոնիոյ մէջ. 16, 28, 29:

14) Ո՞ր ծովը բնական սահման մը կը կազմէ Քենիոյ համար:

15) Ո՞րն է Անթարքթիքի ամէնէն բարձր կէտը. Ռիթման գագաթը, Վինսըն գագաթը, Քափլան գագաթը:

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

Գիտէի՞ր, Թէ…

Անթարքթիքը կը համարուի վեցերորդ ցամաքամասը, որովհետեւ անոր սառոյցի հաստ խաւին տակ կան հողեր: Ան միակ ցամաքամասն է, որ պետութիւններ չունի. անոր տարածքը աւելի քան 14 միլիոն քառակուսի քմ է: Ոչ մէկը կ՛ապրի հոն, բացի կարգ մը գիտնականներէ, որովհետեւ հոն կլիման շատ ցուրտ եւ չոր է:

 

 Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել անվտանգ գետին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել անվտանգ գետին հասցնող ճամբան:
Կէտերը իրարու միացուր 1 - 109` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կէտերը իրարու միացուր 1 – 109` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս տախտակը ամբողջացնել` իւրաքանչիւր հորիզոնական եւ ուղղահայեաց, ինչպէս նաեւ 3x3 տուփիկներուն մէջ դնելով 1-9 թիւերը:
Կրնա՞ս տախտակը ամբողջացնել` իւրաքանչիւր հորիզոնական եւ ուղղահայեաց, ինչպէս նաեւ 3×3 տուփիկներուն մէջ դնելով 1-9 թիւերը:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կատուները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կատուները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

1)Անթարքթիքը,  2) Մաորի լեզուն, 3) Ալժէ. ան Հիւսիսային Ափրիկէի ամէնէն մեծ քաղաքն է, 4) Հինտուիզմը, 5) Ճիշդ 1000 օրէն, 6) Ապորիճիները, 7) Քաթմանտու, 8) Քինկսթըն (Հաւանան Քուպայի մայրաքաղաքն է), 9) Արջ. այս բառը ընտրուած է, որովհետեւ Արքթիքը բեւեռային արջերու երկիրն է, 10) Քաքաոն, որմէ կը պատրաստուի տուրմը, 11) Սանթիակօ, 12) Դեղին ծովը, 13) 28 լեզու, անոնցմէ յիշենք` քանաքը, ժավանէ լեզուն, Թահիթի լեզուն, 14) Հնդկաց ովկիանոսը, որ կը գտնուի Ափրիկէի արեւելքը, 15) Վինսըն գագաթը, որ կը հասնի 4892 մեթրի:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 Յունուար 1965)

Յաջորդը

Զարմիկ Տեմիրճեանի Յիշատակին. Օրինակելի Հայուհին

RelatedPosts

Թութանխամոն Եգիպտոսի Նոր Թանգարանին Մէջ
Մանկապատանեկան

Թութանխամոն Եգիպտոսի Նոր Թանգարանին Մէջ

Նոյեմբեր 15, 2025
Հետաքրքրական.  300 Տարուան Գանձ Մը` Գտնուած Ովկիանոսին Խորերը
Մանկապատանեկան

Հետաքրքրական. 300 Տարուան Գանձ Մը` Գտնուած Ովկիանոսին Խորերը

Նոյեմբեր 8, 2025
Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?