Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մօտ Ատենէն` 9 Միլիա՞ռ…

Յունուար 17, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

11715_9-milliards-1Ամէն օր մօտաւորապէս 350 հազար երեխաներ կը ծնին: Այդ ծնունդներէն իւրաքանչիւրը մեծ տօն մը պէտք է ըլլայ: Սակայն` նայած, թէ այդ նորածինը կ՛ապրի հիւսի՞սը, թէ հարաւը, հարո՞ւստ, թէ՞ աղքատ ընտանիքի մը մէջ, անոր կեանքը պիտի ըլլայ լա՞ւ, թէ՞ դժուար: Ինչպէ՞ս ան պիտի կարենայ խուսափիլ հիւանդութիւններէն: Ան պիտի ստիպուի՞ իր երկիրը ձգել: Ան պիտի ունենա՞յ երկար եւ լաւ կեանք մը:

 ***

– Աշխարհին մէջ 2008 թուականին մարդիկ, միջին հաշուով, կ՛ապրէին մինչեւ 67 տարեկան: Այս թիւը ժամանակի ընթացքին կը բարձրանայ: Այժմ երեխայ մը կրնայ յուսալ 8 տարի աւելի ապրիլ, քան` իր ծնողքը: Սակայն այս միջինը մեծ անհաւասարակշռութիւններ կը պարունակէ, օրինակի համար, Ֆրանսայի մէջ միջին տարիքը 80 տարեկան է, մինչ Պոսթուանայի մէջ ան կը հասնի միայն 35 տարեկանի:

– Օրական 200 հազար մարդ արարածներ կը ծնին: Այս է միջազգային բնակչութեան աճման կշռոյթը: Այժմ մեր մոլորակին վրայ կ՛ապրին 6,7 միլիառ բնակիչներ: Մօտաւորապէս 1000 թուականին անոնք մօտաւորապէս 300 միլիոն էին, իսկ 1800 թուականին` մօտաւորապէս 1 միլիառ: Այս կշռոյթով շարունակելով` մեր թիւը հաւանաբար պիտի հասնի 9 միլիառի, մօտաւորապէս 2050 թուականին:

– Աշխարհի բնակչութեան 8 առ հարիւրը աւելի քան 65 տարեկան է: 2050 թուականին անոնք 21 առ հարիւր պիտի ըլլան: Այս ձեւով շատ աւելի մեծ թիւով մեծ հայրիկներ եւ մեծ մայրիկներ պիտի ըլլան` ապրելակերպի փոփոխութիւններ յառաջացնելով:

– 30 անձի վրայ մէկ անձ չ՛ապրիր իր ծնած երկրին մէջ: Այս ձեւով շուրջ 200 միլիոն անձեր հեռու կը գտնուին իրենց ծննդավայրերէն: Յաճախ աղքատութիւնը եւ պատերազմները մարդոց կը ստիպեն լքել իրենց ծննդավայրը:

– Մոլորակին երեխաներէն միայն 10 առ հարիւրը կ՛ապրի զարգացած երկիրներու մէջ:

– 100 անձի վրայ 59-ը կ՛ապրի Ասիոյ մէջ, 14-ը` Ափրիկէի, 14-ը` Ամերիկայի, 13-ը` Եւրոպայի:

 

Ծանուցումները Արգիլուած Են
Քաղաքին Մէջ

11715_dsanoutsoumՖրանսայի Կրընոպլ քաղաքը արգիլած է ծանուցումի պաստառները քաղաքին մէջ: Ասիկա բացառիկ երեւոյթ մըն է, նոյնիսկ` միջազգային գետնի վրայ: Մինչեւ մայիս 2015 ընդամէնը 326 պաստառներ պիտի հանուին հանրային վայրերէն: Արդեօք ասիկա լա՞ւ գաղափար մըն է:

Կրընոպլի բնակիչները այլեւս իրենց աչքերուն առջեւ պիտի չունենան վերջին ինքնաշարժին կամ նշանաւոր անուշահոտի մը արժէքները գովող պաստառներ: Քաղաքապետը տուած է այս որոշումը: Ան կը ծրագրէ նաեւ ծանուցումներուն գրաւած 2000 քառ. քիլոմեթր հանրային այդ տեղերը փոխարինել ծառերով եւ «ազդագիրներ ազատօրէն փակցնելու կէտեր»:

Հետեւաբար, մայիս 2015-էն սկսեալ, Կրընոպլ պիտի ըլլայ աշխարհի առանց ծանուցումի միակ քաղաքը… Սակայն` ոչ ամբողջովին: Ան տակաւին համաձայնագիր մը ունի մինչեւ 2019 թուականը ծանուցումի մէկ ընկերութեան հետ, որ կը զբաղի փոխադրակառքերու կայարաններու ծանուցումներով:

Անշուշտ կը մնայ այս պատճառով քաղաքապետարանին արձանագրած նիւթական վնասները: Այս պատճառով, քաղաքապետութիւնը կը ծրագրէ նիւթական խնայողութիւններ ընել. այս ձեւով, քաղաքապետական խորհուրդի ընտրուած անդամները ընդունած են 25 առ հարիւր նուազեցնել իրենց հասանելիք յատկացումները:

Անշուշտ շատեր ուրախ են եւ կը գնահատեն «տեսողական ապականումին» դէմ առնուած այս յատկանշական քայլը. մինչ ուրիշներ դժգոհ են: Անոնց համար ասիկա առաջին քայլ մըն է դէպի անձնական ազատ արտայայտութեան երեւոյթին դէմ:

Սակայն, առանց այդքան ծայրայեղ կեցուածք մը ունենալու, ճիշդ է ընդունիլ, թէ կարգ մը ծանուցումներ շատ ստեղծագործ եւ գեղեցիկ կրնան ըլլալ:

Իսկ դո՞ւն ինչ կը մտածես: Նման քաղաքի մը մէջ պիտի ուզէի՞ր պտտիլ, թէ՞ պիտի կարօտնաս այդ մեծ ծանուցումներու պաստառները:

 

Համակարգիչի 5 Տարեկան
Հրաշք Մանչուկը

11715_hamagarkitchԱյըն Քուրէյշի 5 տարեկան է (մօտ ատենէն` 6). ան կ՛ապրի Անգլիոյ մէջ:

Ան յաջողած է ստանալ համակարգիչի դժուար մրցանքի մը վկայագիր, որ վաւերացուած է ամերիկեան Մայքրոսոֆթ ընկերութեան կողմէ:

Սկիզբը, այն համալսարանին մէջ, ուր տեղի կ՛ունենար քննութիւնը, հսկիչները չէին ուզեր անոր արտօնել որ մտնէ:

Սակայն, վերջապէս ան կրցած է անցընել քննութիւնը, որ իրեն թուած է «դժուար, բայց հաճելի»: Քննութեան ներկայացուած էին համակարգիչի ծրագիրներու, գրուելիք օրէնքներու, պարագաներ վերլուծելու… մասին բազմաթիւ ընտրութիւններու մէջէն պատասխանը զատելու ձեւին տակ շատ թեքնիք հարցումներ:

Այս ձեւով Այըն դարձած է աշխարհի համակարգիչի ամէնէն փոքր թեքնիսիէնը:

Ճիշդ է, որ բացառիկ յիշողութիւն մը ունի, սակայն ան ունի նաեւ հայր մը, որ համակարգիչի մարզին մէջ կ՛աշխատի եւ սկսած է իր տղուն սորվեցնել, երբ մանչուկը 3 տարեկան երեխայ էր:

Տան մէջ Այըն ունի իրեն յատուկ աշխատանոցը եւ օրական երկու ժամ կ՛աշխատի համակարգիչին վրայ… եւ տակաւին նախակրթարան կը յաճախէ: Սակայն մեք չենք գիտեր, թէ ան կը սիրէ՞ նաեւ ֆութպոլ խաղալ իր ընկերներուն հետ, թէ՞ ոչ:

 

Հարցարան

Ընդհանուր Զարգացում

11715_hartsaran1) Լեկօ բառը կազմուած է տանըմարքերէն բառերէ, որոնք կը նշանակեն` «Լաւ խաղալ»:
ա-ճիշդ, բ-սխալ

2) Մօտաւորպաէս ո՞ր տարին տեղի ունեցած է շարժակով օժտուած օդանաւին առաջին թռիչքը:
ա-1700, բ-1800, գ-1900, դ-2000

3) Ատոլֆ Սաքս հնարած է սաքսոֆոնը:
ա-ճիշդ, բ-սխալ

4) Արուսեակը մեր արեգակնային դրութեան ամէնէն փոքր մոլորակն է:
ա-ճիշդ, բ-սխալ

5) Տաք օդը կը բարձրանայ:
ա-ճիշդ, բ-սխալ

6) Նորածին մը իր մայրը կը ճանչնայ յատկապէս անոր դէմքէն:
ա-ճիշդ, բ-սխալ

7) Մարդ արարածները նոյնքան լաւ կը լսեն ջուրին մէջ, քան` ջուրէն դուրս:
ա-ճիշդ, բ-սխալ

8) Ի՞նչ անուն կը տրուի մանր ծառերուն:
ա-Պամպու, բ-Պոնզայ, գ-Կաղնի, դ-թզուկ-ծառ

9) Մենք աստղերը աւելի լաւ կը տեսնենք քաղաքին մէջէն, քան` բնութեան մէջ:
ա-ճիշդ, բ-սխալ

10) Երբ մենք զառի մը կը նայինք, ո՞ր թիւը կրնանք տեսնել թիւ 6-ին հակառակ կողմին վրայ:
ա-1, բ-3, գ-4, դ-5:

11) Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն մեծ ցամաքամասը:
ա-Ասիա, բ-Հիւսիսային Ամերիկա, գ-Ափրիկէ, դ-Եւրոպա

12) Երկրագունդին կեդրոնը ջերմաստիճանը կը հասնի 6000 աստիճան տաքութեան:
ա-ճիշդ, բ-սխալ

13) Պէյսպոլի խումբ մը կազմուած է 9 մարզիկներէ
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

14) Ո՞ր երկրին մէջ ծագած է սառոյցի վրայ հոքին:
ա-Չինաստան, բ-Եգիպտոս, գ-Քանատա, դ- Պրազիլ:

15) Ո՞ր ցամաքամասէն եկած է գետնախնձորը:
ա-Եւրոպայէն, բ-Հարաւային Ամերիկայէն, գ-Ափրիկէէն, դ- Ասիայէն

16) Էյֆել աշտարակը աւելի բարձր է ամրան, քան` ձմրան
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

17) Կապոյտ կէտը աշխարհի ամէնէն մեծ ապրող անասունն է:
ա-ճիշդ, բ-սխալ

18) Ո՞րն է ամէնէն հզօր քարը` ճատրակի խաղին մէջ:
ա-Խենթը, բ-Ձին, գ-Թագուհին, դ-Թագաւորը

19) Որո՞ւ կը վերագրեն մկրատին գիւտը:
ա- Թոմաս Էտիսընի, բ-Լէոնարտօ Տա Վինչիի, գ-Ալեքսանտր Պելլի, դ-Ճէյմս Ուաթթի

20) Կովերը աւելի կաթ կ՛արտադրեն, երբ կթելու ժամանակ անոնց մտիկ ընել կը տրուի զօրաւոր եւ խանդավառ եղանակ:
ա-ճիշդ, բ-սխալ

21) Ի՞նչ կը նշանակէ արեւի խաւարում:
ա- երբ լուսինը կը գտնուի երկրագունդին եւ արեւուն միջեւ, բ-երբ երկրագունդը կը գտնուի լուսինին եւ արեւուն միջեւ, գ- երբ Արեւը կը գտնուի լուսինին եւ երկրագունդին միջեւ, դ-Արեւի խաւարումները միայն հեքիաթներուն մէջ գոյութիւն ունին:

22) Եթէ դոյլ մը ջուր արագօրէն դարձնես գլխուդ շուրջ, ջուրը դոյլէն պիտի չթափի:
ա – ճիշդ, բ-սխալ

23) Ձայնը օդի թրթռացում մըն է:
ա-ճիշդ, բ-սխալ

24) Մեր աչքին բիբը կը մեծնայ, երբ շատ լոյս կ՛ըլլայ:
ա-ճիշդ, բ-սխալ

25) Ջրախոտերը արմատ չունին:
ա-ճիշդ, բ-սխալ

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

 Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել վերի ձախ անկիւնի նկարին եւ միւս իւրաքանչիւր նկարի միջեւ գտնուող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել վերի ձախ անկիւնի նկարին եւ միւս իւրաքանչիւր նկարի միջեւ գտնուող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մարզիկները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մարզիկները:
Կրնա՞ս օգնել իրաւարարին` գտնելու համար իր սուլիչին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս օգնել իրաւարարին` գտնելու համար իր սուլիչին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

1-ա, 2-գ, 3-ա, 4-բ, 5-ա, 6-բ, 7-բ, 8-բ, 9-բ, 10-ա, 11-ա, 12-ա, 13-ա, 14-գ, 15-բ, 16-ա, 17-ա, 18-գ, 19-բ, 20-բ, 21-գ, 22-ա, 23-ա, 24-բ, 25-ա:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (17 Յունուար 1965)

Յաջորդը

«Մասնաճիւղիս Հետ, Միութեանս Համար»

RelatedPosts

Չինաստանի Մէջ` Մարդամեքենաներու Վազքի Մրցում
Մանկապատանեկան

Չինաստանի Մէջ` Մարդամեքենաներու Վազքի Մրցում

Մայիս 17, 2025
Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?