Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեւատները Մարդամեքենաներէն Չեն Վախնարշշ

February 21, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

22115_tevadner-1Առանց զանոնք վախցնելու` անասունները նկարելու համար գիտնականները պէտք է աշխատցնեն իրենց երեւակայութիւնը: Անթարքթիքի մէջ անոնք կը գործածեն փըլիւշ ծպտուած մարդամեքենայ մը` թեւատներուն մօտենալու համար:

Թեւատները կ՛ապրին Անթարքթիքի մէջ, հարաւային բեւեռ: Անոնց ապրելակերպին ուսումնասիրութիւնը մեզի կարելիութիւնը կու տայ աւելի լաւ հասկնալու կիլմայական փոփոխութեան ազդեցութիւնները:

Սակայն այս անասուններուն մօտենալը կրնայ անոնց անհանգստութիւն պատճառել եւ իբրեւ հետեւանք` խանգարել անոնց վարուելակերպը, որ իր կարգին կրնայ ուսումնասիրութիւններուն ճշգրտութեան վրայ ազդել: Եւ որովհետեւ այս անասունները խումբով կ՛ապրին, մէկ անասունի անհանգստութիւնը կրնայ միւսներուն փոխանցուիլ:

Մասնագէտներ գտած են լուծում մը, անոնք կը գործածեն հեռավար մարդամեքենայ մը, որ կը շրջի թռչուններուն միջեւ:

Այս ձեւով, Փոսէսիոն կղզիին վրայի թեւատները գրեթէ ոչ մէկ հակազդեցութիւն ունեցան: Անոնք պարզապէս մարդամեքենային քանի մը կտուցի կամ թեւի փոքրիկ հարուածներ տուին, պարզապէս բնականօրէն իրենց տարածքին սահմանները նշանակելու համար:

Թեր Ատելիի մէջ մեծ թեւատները աւելի երկչոտ էին: Երբ մարդամեքենան կը մօտենար, անոնք կը նահանջէին: Հետեւաբար մասնագէտները մարդամեքենան ծպտեցին` անոր տալով ճուտիկի կերպարանք: Այդ ժամանակ է, որ անակնկալը պատահեցաւ. զգացուած թռչունները սկսան փոքրիկ կանչեր արձակել` անոր հետ հաղորդակցելու համար:

* * *

22115_tevadner-2Այս փորձը առաջինը չէ. գիտնականները յաճախ մարդամեքենաներ կը գործածեն բնութիւնը ուսումնասիրելու առանց անասունները խանգարելու:

Մայիս ամսուն ամերիկացի մասնագէտներ հեռավար կոկորդիլոսի կերպարանքով մարդամեքենայ մը գործածած են Քենիոյ մէջ ուսումնասիրելու որակը գետի մը, ուր 4000 գետաձիեր կու գային «լուացուելու»:

Իսկ Չինաստանի մէջ գիտնականները անձամբ դաշտ իջած են. անոնք իբրեւ փանտա ծպտուած են իսկական անասուններուն չվախցնելու համար:

 

Նուազ Գործ`
Մարդամեքենաներուն Պատճառով

22115_martamekenaՉինաստանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ մարդամեքենայ մը խմորեղէնները կը կտրէ, մինչ ուրիշ մը շուներուն ճաշը կը բաժնէ… մարդամեքենաները ամէն տեղ ներկայ են: Ըստ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութեան մը, անոնք կրնան մօտ ատենէն մեզ փոխարինել մեր գործերուն մէջ: Ինչպէս, օրինակի համար, իբրեւ ընդունելութեան պաշտօնեայ, սուփըրմարքէթներուն մէջ դրամ գանձող պաշտօնեայ, հիւանդանոցներուն մէջ, երկրագործութեան մէջ, եւ նոյնիսկ` ոստիկանութեան:

Արդեօ՞ք մարդամեքենաները մեր գործերը մեր ձեռքերէն պիտի խլեն: Անշո՛ւշտ ոչ. սակայն անոնք կրնան կատարել 10 գործի վրայ երկու գործեր, որոնք կրնան կրկնուող եւ ձանձրացուցիչ ըլլալ:

* * *

Այս ձեւով մարդիկ աւելի ժամանակ պիտի ունենան ստեղծագործելու: Ասոր կողքին, մարդամեքենաները պարզապէս պաշտօններ չեն խլեր, այլ անոնք կարողութիւնը կու տան աւելի եւ աւելի արագ արտադրելու: Գործարաններու տէրերը ստիպուած են աւելի պաշտօնեաներ գործի առնելու` կարենալ հասնելու այս արտադրութեան աւելցող պահանջին: Մարդամեքենաներու ներկայութեան մենք պարզապէս պէտք է մեր աշխատելու ձեւը յարմարցնենք եւ նոր պաշտօններ ստեղծենք:

 

Տուտենքա` Սառոյցէ Քաղաքը

Այս տարի Լիբանանի մէջ մենք շատ ցուրտ ձմեռ մը կ՛ապրինք: Բազմաթիւ ուրիշ շրջաններ ալ նոյն վիճակին մէջ կը գտնուին: Այս ձեւով Ռուսիոյ Սիպերիոյ շրջանին մէջ ջուրի խողովակները պայթած են ցուրտի ազդեցութեան տակ: Ասոր պատճառով մեծ քանակով ջուր թափած է ամբողջ քաղաքին մէջ` զայն վերածելով սառոյցի մեծ կոյտի մը:

* * *

22115_doudinka-122115_doudinka-2Տուտինքայի մէջ, ուր Սիպերիոյ մէջ պզտիկ քաղաք մըն է, 22 հազար բնակիչները վարժուած են ցուրտին: Յունուար ամսուան միջին ջերմաստիճանը կը հասնի – 22-ի օրուան ընթացքին, իսկ գիշերը` – 40 աստիճանի: Հակառակ ասոր` անոնք չէին ակնկալեր, որ օր մը իրենց քաղաքը սառոյցներու տակ պիտի անշարժանար:

Կարգ մը խողովակներ, որոնք ջուրը կը հասցնէին մինչեւ բնակարանները, պայթած են: Հետեւաբար ջուրը թափած է ամբողջ քաղաքին մէջ: Փողոցները շատ շուտ ողողուած են: Եւ որովհետեւ ջերմաստիճանը շատ ցած էր, ջուրը սկսած է սառչիլ:

Բնակիչներուն համար գրեթէ անկարելի է տեղափոխուիլը: Անոնց ինքնաշարժները սառոյցէ «թակարդներու» մէջ բռնուած են: Կարգ մը վայրերու մէջ սառոյցին հաստութիւնը հասած է 1,20 մեթրի: Կարելի է նոյնիսկ տեսնել շէնքերէն կախուած շթաքարեր:

 

 Գիտէի՞ր, Թէ…

– Տաք կլիմաներու տակ ապրող արջերը ձմրան քունի մէջ չեն մտներ, որովհետեւ անոնց համար դիւրին է ամբողջ ձմրան ընթացքին ուտելիք գտնել:

22115_kideir-1– Ձիւնի յատուկ առաջին կօշիկները գործածուած էին աւելի քան 6000 տարիներ առաջ:

– Անգլիոյ Հենրի Գ. թագաւորը բեւեռային արջ մը ունէր իբրեւ ընտանի անասուն:

22115_kideir-2– Ամէն փետրուար ամսուան սխտորի յատուկ փառատօն մը տեղի կ՛ունենայ Ֆլորիտայի մէջ, Միացեալ Նահանգներ:

– Նորվեկիա ասպետի տիտղոս տուած է թեւատի մը, որ Սըր Նիլզ Օլաֆ կոչուած է:

– Ձմեռնային Ողիմպիական առաջին խաղերը տեղի ունեցած են 1924 թուականին. այդ Ողիմպիականը կ՛ընդգրկէր միայն վեց մարզաձեւ:

– Կրնայ պատահիլ, որ ձիւնէ, նոյնիսկ եթէ երկնքին մէջ ամպ չկայ:

– Հին անգլերէն լեզուին մէջ փետրուար ամիսը կոչուած էր «Քալեմոնաս», որ կը նշանակէ կաղամբի ամիս:

– 1997 թուականին գիտնականներ երկու խոզերու սորվեցուցած են պարզ վիտէօ խաղ մը խաղալ:

– 16-րդ դարուն աշխարհի ամէնէն շատ ծախուած պեսթ սելըր գիրքը փոքրերուն կենցաղավարութիւն սորվեցնող գիրք մըն էր:

– Կ՛ըսուի, թէ Ազթէք կայսր Տոքթեզումա օրական 50 գաւաթ տուրմ կը խմէր:

– Հայքու ճափոնական բանաստեղծութեան տեսակ մըն է, որ բաղկացած է միայն 17 վանկերէ: Ըստ աւանդութեան վանկերու այս թիւը ամէնէն յարմարն է մէկ շունչով արտասանելու այդ բանաստեղծութիւնը:

– Անգլիացի մը կազմեց իր ամբողջ ընտանիքին ընտանեկան ծառը, որ կը պարունակէ մօտաւորապէս 10 հազար անձ: Ան այս աշխատանքը աւարտեց 28 տարիէն:

– Նապաստակներուն ակռաները անդադար կ՛աճին:

– Հիւսիսային բեւեռի մէջ, ուր հետախոյզները կրցած են հասնիլ 1909-ին, արեւը կը ծագի մարտ ամսուն եւ մար կը մտնէ սեպտեմբեր ամսուն:

22115_kideir-3– 13-րդ դարու ֆրանսական օրէնք մը կը ճշդէր, թէ միայն թագաւոր մը կրնար ադամանդ գործածել: Այս թանկարժէք քարը ապրիլ ամսուան քարն էր:

– Ներկայիս Էյֆել աշտարակը սրճագոյն է: Սակայն դարերու ընթացքին անիկա ներկուած է կարմիր, նարնջագոյն եւ դեղին:

– Աշխարհի ամէնէն երկար պեխը աւելի քան 4 մեթր երկարութիւն ունէր:

– Երեխաները աւելի արագ կ՛աճին գարնան:

– Լուսինը ամբողջովին կլորակ չէ, այլ` հաւկթաձեւ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:
Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ իւրաքանչիւր միւս պատկերին միջեւ գտնուող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ իւրաքանչիւր միւս պատկերին միջեւ գտնուող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս տախտակը ամբողջացնել` գտնելով իւրաքանչիւր թիւին համապատասխանող թիւը:
Կրնա՞ս տախտակը ամբողջացնել` գտնելով իւրաքանչիւր թիւին համապատասխանող թիւը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած թէյի ութ գաւաթները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած թէյի ութ գաւաթները:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Փետրուար 1965)

Յաջորդը

Պարկեշտութեան Մարմնացում Աղբարիկս` Գրիգոր Շահինեան

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.