Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մրջիւններու Աշխարհէն

Մարտ 14, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մրջիւնները աշխարհի վրայ յայտնուեցան 120 միլիոն տարիներ առաջ: Անոնք մեզմէ մէկ միլիոն անգամ աւելի փոքր են: Սակայն նոյն ատեն անոնց թիւը մեր թիւէն շատ աւելի է:

Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին 1 միլիոն միլիառ մրջիւններ: Անոնց հաւաքական ընդհանուր ծանրութիւնը շատ աւելին է, քան` ամբողջ մարդկութեան ծանրութիւնը:

Գոյութիւն ունին 14,095 մրջիւններու տարբեր տեսակներ: 10-ը մրջիւնէն 9-ը կը մնան բոյնին մէջ: Իսկ 10-էն 2-ը բան մը չեն ըներ:

Leaf cutter ants carrying leaves, close-upԱշխատող մրջիւններէն իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ պաշտօնը ունի բոյնին մէջ: Զինուորները կը հսկեն թրթուրները. իսկ այդ «երեխայ» մրջիւններով կը զբաղուին ստնտու մրջիւնները եւ թագուհին:

Հետախոյզ մրջիւնները ուտելիք կը փնտռեն. անոնք տերեւները կամ ծաղիկներուն թերթերը կը կտրտեն, սունկեր կը մշակեն…

Հնձողները այդ բոլոր ուտելիքները մրջնոց կը բերեն: Անոնք կրնան իրենց ծանրութենէն 50 անգամ աւելի ծանր բաներ շալկել:

3-14-15_ants-43-14-15_ants-6Թագուհին բոլոր մրջիւններուն մայրն է: Սակայն անոր պաշտօնը միայն հաւկիթները ածելն է: Մրջիւններուն մօտ պետ չկայ: Իւրաքանչիւրը գիտէ` ի՛նչ պէտք է ընէ իր քովի մրջիւնին նայելով:

Բոլոր մրջիւնները քոյր-եղբայր են եւ իրարու շատ կ՛օգնեն: Իսկ գիտէի՞ք, թէ անոնք գրեթէ իրենց գլխուն ետեւը կրնան տեսնել: Անոնց տեսողութեան անկիւնը կը հասնի մինչեւ 300 աստիճանի: Բայց, հակառակ ասոր, անոնց տեսողութիւնը տկար է: Անոնք իրարու հետ կը հաղորդակցին եւ կ՛ուղղուին իրենց մարմնին մէջ արտադրուած նիւթի մը շնորհիւ: Միւս մրջիւնները կրնան այդ նիւթին հոտը առնել իրենց շօշափուկներով:

 

Հարցարան

Ընդհանուր Գիտելիքներ

1) Պահուըտուքի խաղը արդէն գոյութիւն ունէր Միջին դարերուն:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

2) Անիւը հնարուած է 1000 տարիներ առաջ:
ա- ճիշդ, բ-սխալ:

3) Մանրալիք փուռը ջուրը կը գործածէ ուտելիքները տաքցնելու համար:
ա- ճիշդ, բ-սխալ:

4) Փիքասօ դաշնակը հնարած է:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

5) Առաջին սրինգը շինուած է 100 տարիներ առաջ:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

6) Հրատ մոլորակին վրայ տարուան տեւողութիւնը գրեթէ երկու անգամ աւելի երկար է, քան` երկրագունդին վրայ տարուան տեւողութիւնը:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

7) Արեւը մեր` արեգակնային դրութեան ամէնէն մեծ աստղն է:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

8) Ինչո՞ւ օրուան ընթացքին կարելի չէ աստղեր տեսնել երկնքին մէջ:
ա-օրուան ընթացքին աստղերը կը գտնուին երկրագունդին միւս կողմը, բ-աստղերը չեն փայլիր օրուան ընթացքին, գ-չենք կրնար աստղերը տեսնել օրուան ընթացքին, որովհետեւ արեւը շատ լուսաւոր է, դ-աստղերը աներեւելի են, որովհետեւ երկրագունդը անոնցմէ շատ հեռու կը գտնուին օրուան ընթացքին:

9) Մարդ արարածը չի կրնար ապրիլ առանց թթուածինի:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

3-14-15_hartsaran10) Լոյսը շատ աւելի արագ կը տեղափոխուի քան ձայնը:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

11) Շուները մարդ արարածներէն աւելի լաւ կը լսեն…
ա-Յատկապէս սուր ձայները, բ-յատկապէս թաւ ձայները, գ- թէ՛ սուր, թէ՛ ալ թաւ ձայները, դ- ո՛չ, անոնք մարդոց նման կը լսեն:

12) Մեր երկու թոքերը նոյն չափը ունին:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

13) Արիւնը միշտ նոյն ուղղութեամբ կը շրջի մեր մարմնին մէջ:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

14) Ի՞նչ կշռոյթով կը բուսնին մեր գլխուն մազերը:
ա-մօտաւորապէս 1 սմ օրական, բ-մօտաւորապէս 1 սմ շաբաթը, գ-մօտաւորապէս 1 սմ ամիսը, դ-մօտաւորապէս 1 սմ տարին:

15) Մարդոց նման ծառերն ալ կը դադրին աճելէ տարիքէ մը ետք:
ա-ճիշդ, բ-սխալ:

 

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Կրնայ ձիւնել, բաց օդին մէջ ոչ մէկ ամպ կրնայ ըլլալ:
  • Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն ունին 164 միլիոն շուներ եւ կատուներ` տուներու մէջ: Ասիկա կը համապատասխանէ ամէն երկու անձի համար մէկ ընտանի անասուն:
  • Ձիւնի փաթիլներուն մեծ մասը վեց կողմ ունի:
  • Բեւեռային արու արջի մը հասակը կրնայ հասնիլ մինչեւ 3 մեթրի: Ասիկա կը համապատասխանէ մէկ յարկանի տան մը բարձրութեան:
  • Սկզբնական հռոմէական օրացոյցը 304 օր ունէր:
  • Սկիւռները յաճախ կը մոռնան, թէ ո՛ւր պահած են իրենց հաւաքած կաղինները:
  • Չինաստանի մէջ փառատօնի մը ընթացքին քանդակագործներ շինեցին իսկական չափերով սառոյցէ պալատ մը:
  • Տաք տուրմի խմիչքը հնարուած էր մայաներուն կողմէ, հազարաւոր տարիներ առաջ:
  • Դէպի ետեւ 1,6 քմ վազքի մրցանիշը վեց վայրկեան եւ երկու երկվայրկեան է:
  • Ամէն մարտ ամիս հինտուներու Հոլի փառատօնին ընթացքին մարդիկ իրարու վրայ գունաւոր փոշիներ եւ ջուր կը սրսկեն:

 

Հետաքրքրական

Ո՞վ Կատարած Է Հնագիտական
Առաջին Փնտռտուքները

3-14-15_archeologie18-րդ դարուն Նափոլիի թագաւոր Շարլ տը Պուրպոնն է, որ հովանաւորած է Զեսուվ հրաբխային լերան լանջին կատարուած հետազօտութիւնները: Իտալիոյ մէջ գտնուող այս գործող հրաբուխը թաղած է Հերքուլանում եւ Պոմպէյ քաղաքները, Ք. Ե. 79 թուականին: Անոնք մոռցուեցան դարերու ընթացքին, պատահաբար վերագտնուելէ առաջ:

Թոներով հրաբխային քարերու, մոխիրներու եւ ցեխերու տակերէն հնագէտները կը յայտնաբերեն փողոցներ, տուներ, աղբիւրներ: Անոնք կը գտնեն գոհարեղէններ, խճանկարներ, անօթներ,  ուտելիքներու մնացորդներ… Հնագէտ մը կը յաջողի նոյնիսկ զոհերու կաղապարուած դիակներ գտնել: Այս բոլոր յայտնաբերումները մեզի շատ բաներ տեղեկացուցած են այդ հին ժամանակներուն հռոմէացիներուն կեանքին մասին:

 

Ինչո՞ւ «Շերիֆները» Աստղ Մը
Կը Դնեն Իրենց Շապիկին Վրայ

3-14-15_sheriffԱյս սովորութիւնը եկած է միջին դարերէն, Անգլիայէն: Բնիկ ասպետին ներկայացուցիչները իրենց հագուստին վրայ կը դնէին իշխանին տոհմանշանը:

Այս սովորութիւնը անցած է Միացեալ Նահանգներ. ոստիկանները իրենց շապիկներուն վրայ կը կրեն իրենց քաղաքին խորհրդանիշ կրծքանշանը:

Ամերիկեան արեւմտեան պզտիկ քաղաքներուն մէջ աստղը պարզ եւ շուտ ճանչցուող նշան մըն էր: Քաուպոյներու ժապաւէնները` ուէսթերները զայն նշանաւոր դարձուցած են:

 

Ինչո՞ւ Միայն Փանտաներն Են, Որոնք
Արջերու Ընտանիքին Կը Պատկանին,
Միայն Պամպուի Եղէգներ Կ՛ուտեն

3-14-15_pandaՄենք յստակօրէն չենք գիտեր, թէ ինչո՞ւ փանտաները (արջակատու) գրեթէ միայն պամպուի եղէգներով կը սնանին: Գիտնականները կ՛ենթադրեն, թէ ասիկա ճաշակի հարց մըն է, բայց անոնք տակաւին չեն կրցած յստակօրէն փաստել այս ենթադրութիւնը:

Պէտք է նշել նաեւ, որ անոր «զարմիկ» սրճագոյն արջը 80 առ հարիւր բուսակեր է. ընդհանրապէս ան ուրիշ անասուն չուտեր: Վերջին հաշուով, ճերմակ արջն է, որ ինքնակոչն է, որովհետեւ ան կը սնանի միայն միսով եւ ձուկերով: Ճիշդ է, որ սառոյցէ ցամաքամասի մը վրայ ան շատ ընտրութիւն չունի:

 

Ինչպէ՞ս Ծառերը Կը Տոկան
Ապականումին

3-14-15_pollutionԵրբ ծառերը կ՛աճին ապականած միջավայրի մէջ, անոնք կը ծծեն փոքր մասնիկներ եւ ապականող կազեր` իրենց տերեւներով, ճիւղերով եւ կոճղով:

Ապա անոնք կը ձերբազատին այդ ապականութեան մէկ մասէն` իրենց տերեւները կորսնցնելով: Այս ձեւով ծառերը կ՛օգնեն օդը մաքրելու, առնուազն` մինչեւ անոնց փայտը այրի, կամ տերեւները փճանան գետնին մէջ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել պայուսակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պայուսակին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել տաշելիքին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել տաշելիքին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

1-ա, 2-բ, 3-բ, 4-բ, 5-բ, 6-ա, 7-բ, 8-գ, 9-ա, 10-ա, 11-ա, 12-բ, 13-ա, 14-գ, 15-բ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (14 Մարտ 1965)

Յաջորդը

Մահախօսական. Մեծ Ընկերներէս` Վարդան Փայասլեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Ճափոնի Մէջ.  Աղբեր Հաւաքելու Առաջին Աշխարհի Ախոյեանութիւն
Մանկապատանեկան

Ճափոնի Մէջ. Աղբեր Հաւաքելու Առաջին Աշխարհի Ախոյեանութիւն

Մարտ 25, 2023
Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է

Մարտ 11, 2023
Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը
Մանկապատանեկան

Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը

Մարտ 4, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In