Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Զարմիկը` Լուսին

February 7, 2015
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

20715_lucy-140 տարիներ առաջ Եթովպիոյ մէջ, Ափրիկէ, կը գտնուէր 3,2 միլիոն տարուան օսթրալոփիթեքի մը կմախքը: Այս մնացորդներուն ուսումնասիրութիւնները մեզի կարելիութիւնը տուած են շատ բաներ հասկնալու մեր ծագումին մասին:

30 նոյեմբեր 1974-ին Եթովպիոյ գետերէն մէկուն մօտ հնագէտներու արշաւախումբ մը հողը կը փորփրէ եւ կը գտնէ` գանկի մը կտորը, ծնօտի մը մաս մը, կոնքի մը եւ բարձոսկրի մանր կտորներ: Ընդամէնը` 52 ոսկոր: Գրեթէ լման կմախքի մը կէսը:

 ***

20715_lucy-2Այս կմախքը կը պատկանի օսթրալոփիթեքի մը (մարդոց հեռաւոր զարմիկ մը): Ան մօտաւորապէս 20 տարեկան է, ունի 1,10 մեթր հասակ եւ կը կշռէ նուազ քան 30 քիլօ: Մասնագէտները զայն կ՛անուանեն Լուսի` ի պատիւ աշխարհահռչակ երգիչներու խումբի մը` Պիթըլզներու երգերէն մէկուն` «Լուսի ին տը սքայ ուիտ տայմընտզ»:

Այդ ժամանակաշրջանին անոնք մարդոց կողմէ գտնուած ամէնէն հին մնացորդներն են. անոնք 3,2 միլիոն տարեկան են: Այս յայտնաբերումը բոլորովին գլխիվայր կը շրջէ այն տեսութիւնները, որոնք մինչ այդ տիրապետող էին մարդու ծագման մասին:

***

Լուսի կը նախընտրէր ապրիլ ծառերուն վրայ, ուր ան կը պառկէր եւ պտուղներ կը քաղէր:

Սակայն նոյն ատեն ան երկոտանի էր, եւ քիչ մը կաղալով կը քալէր. ասիկա շատ յատկանշական հանգրուան մըն է մարդկութեան պատմութեան մէջ: Առաջին «նախնամարդիկը» սկսած են ուղիղ կանգնիլ իրենց ոտքերուն վրայ իրենց վրայ յարձակողներուն դէմ պաշտպանուելու եւ իրենց ձեռքերը գործածելու համար:

Լուսի կ՛ապացուցէ «նախնամարդոց» (եւ ապա մարդոց) կողմէ կտրած հսկայական ճամբան` դառնալու համար արդի մարդ արարածը:

 

Ափրիկէն`
Մարդկութեան Օրօրոցը

40 տարիներ առաջ Լուսիի յայտնաբերումէն ի վեր, ուրիշ աւելի հին կմախքներ յայտնաբերուած են.

– Թումայ (2001), 7 միլիոն տարի, Չատի մէջ:
– Օրորին (2000), 6 միլիոն տարի, Քենիոյ մէջ:
– Արտիփիթեքուս (1994), 4 միլիոն տարի, Եթովպիոյ մէջ:

Առաջին մարդ արարածները յայտնաբերուած են 2,8 միլիոն տարի առաջ, Ափրիկէի մէջ:

2,5 միլիոն տարի առաջ էր, որ անոնք սկսած են տեղափոխուիլ դէպի ուրիշ ցամաքամաս մը (նախ Եւրոպա, եւ ապա` Ասիա):

Այս յայտնաբերումները կը հաստատեն, որ մարդ արարածը իսկապէս ծնած է Ափրիկէի մէջ:

 

Լուրեր Թութանխամոնին Մասին

Թութանխամոն փարաւոնին գերեզմանին եւ անոր պարունակած բոլոր հարստութիւններուն յայտնաբերումը իսկական առասպել մը հիւսեց Հին Եգիպտոսի այս թագաւորին շուրջ:

20715_toutankhamon-1Երբ Հաուըրտ Քարթըրին ղեկավարած հնագէտներու արշաւախումբ մը Թութանխամոնին գերեզմանը աւազներուն տակէն յայտնաբերեց 1920-ական թուականներուն, անոնք մեծ անակնկալի մը առջեւ գտնուեցան: Թութանխամոնին մոմիան պահող սքանչելի դագաղին կողքին, գերեզմանին մէջ կը գտնուէին հազարաւոր առարկաներ, ինչպէս` ջայլամի փետուրներէ շինուած հովահարներ, պրոնզէ փող մը, ոսկիէ դաշոյն մը, գինիի 30 կարասներ եւ վեց հատ իսկական չափի կառքեր:

Թութանխամոն թաղուած էր նաեւ 32 զոյգ հողաթափերով եւ 139 ձեռնափայտերով: Ընդամէնը աւելի քան 300 առարկաներ դրուած էին անոր գերեզմանին մէջ` յետմահու գործածութեան համար:

Ինչպէ՞ս Էին Թութանխամոնին Դէմքի Գիծերը

20715_toutamkhamon-2Անոր դագաղին վրայի փառաւոր ոսկիէ դիմակը մեզի այն տպաւորութիւնը կու տար, թէ երիտասարդ թագաւորը, որ 9-ը տարեկանին փարաւոն դարձած էր, շատ գեղեցիկ դէմք մը ունէր:

Սակայն իրականութիւնը շատ աւելի տարբեր է:

20715_toutankhamon-3Գիտնականներ ուսումնասիրած են անոր մոմիային մնացորդները` թագաւորին իսկական դիմանկարը յայտնաբերելու համար: Անոնք նոյնիսկ քննութիւններ կատարած են հաստատելու համար, թէ անոր ծնողները իսկապէս քոյր եւ եղբայր էին:

Այս շատ մօտիկ ազգականական կապն է, որ վստահաբար կը բացատրէ այն բազմաթիւ ֆիզիքական թերութիւնները, որոնցմէ կը տառապէր Թութանխամոն: Անոր ակռաները ծուռ էին, կոնքերը կնոջ մը կոնքերուն նման լայն, եւ մէկ ոտքը տափակ (ծռած):

Թագաւորը շատ երիտասարդ տարիքին մահացած է. սակայն` ոչ կառքի մը արկածի պատճառով, ինչպէս կ՛ենթադրուէր: Որովհետեւ այդ յիշուած թերութիւններուն պատճառով ան կառք չէր կրնար քշել:

Անոր գերեզմանին մէջ գտնուած 130 ձեռնափայտերն ալ կու գան փաստելու այս հաւանականութիւնը:

 

  Հարցարան.

Հին Աշխարհէն

20715_hartsaran-11) Միջագետքի (ներկայի Իրաք) Սումեր քաղաքին մէջ է, որ առաջին գրութիւնը ծնունդ առած է գծագրութիւններու ձեւին տակ: Ո՞ր թուականին տեղի ունեցած է այս դէպքը:

ա.- Ք.Ա. 5000 թուականին, բ.- Ք.Ա. 2500 թուականին, գ.- Ք.Ա. 2000 թուականին, դ.- Ք.Ե. 1200 թուականին:

20715_hartsaran-22) Ք.Ա. 2000 թուականէն մինչեւ Ք.Ե. 900 թուականը Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ բնակող մայաները հնարեցին խրթին օրացոյց մը: Ըստ արդի գիտնականներու, ե՞րբ կը սկսի մայաներու օրացոյցը:

ա.- 1 յունուար Ք.Ա. 1000 թուականին, բ) 21 դեկտեմբեր  2012 թուականին, գ) 11 օգոստոս Ք.Ա. 3114 թուականին, դ) 1 յունուար 1 թուականին:

3) Ո՞ր պատմական դէմքը ամբողջովին ստեղծած է ջուրին տակ կորսուած Աթլանթիս աշխարհը 2300 տարիներ առաջ:

ա.- Յոյն փիլիսոփայ Պղատոն, բ) Չինացի փիլիսոփայ Քոնֆուսիուս, գ.- Յոյն փիլիսոփայ Արիստոտել, դ.- Հռոմի կայսր Յուլիոս Կեսար:

4) Աւելի քան 200 մեծ պատկերներ գետնին վրայ փորագրուած են մարդոց կողմէ Հարաւային Ամերիկայի Ամազոն շրջանին մէջ, հարիւրաւոր տարիներ առաջ:

ա.- Ճիշդ, բ.- Սխալ:

5) 982 թուականին Կարմիր Էրիք վայքինկը ո՞ր քաղաքը գնաց եւ անոր տուաւ իր անունը:

ա.- Իսլանտա, բ.- Կրինլանտ, գ.- Աւստրալիա, դ.- Քանատա:

6) Մօտաւորապէս 1250-1500 թուականներուն Խաղաղական ովկիանոսի հարաւը գտնուող Զատիկ կղզիներու բնակիչները հսկայական արձաններ շինեցին ի պատիւ իրենց աստուածներուն: Անոնք ի՞նչ անուն տուին այդ արձաններուն:

ա.- Թաֆ, բ.- Թիքի, գ.- Մուայ, դ.- Ռաշմոր:

20715_hartsaran-37) 1400-ական թուականներու միջնադարեան ասպետները ճանչցուած էին իրենց մետաղեայ տարազներով: Մօտաւորապէս որքա՞ն կը կշռէր ամբողջ տարազը:

ա.- 8 քիլօ, բ.- 23 քիլօ, դ.- 50 քիլօ, դ.- 136 քիլօ:

8) Հնագէտները կը հաւատան, թէ քանատական անտառներուն խորը գտնուած ծառերուն վրայի տուները շինուած են 1530-ական թուականներուն հոն հաստատուած գաղտնի գաղութի մը կողմէ:

ա.- Ճիշդ, բ.- Սխալ:

9) Ափրիկէի մէջ Ղանայի աշանթի ժողովուրդը ունի սուրբ խորհրդանիշ մը: Կ՛ըսուի, թէ անիկա երկինքէն իջած է ուղղակիօրէն առաջին աշանթի թագաւորին գիրկը: Ի՞նչ է այդ սուրբ խորհրդանիշը:

ա.- Ոսկիէ դոյլ մը, բ.- Կարապ մը, գ.- Կատու մը, դ.- ծառ մը:

 

Պատասխանները Վերջաւորութեան

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս օգնել պզտիկ մանչուկին` գտնելու համար գլխարկին եւ ձեռնոցներուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս օգնել պզտիկ մանչուկին` գտնելու համար գլխարկին եւ ձեռնոցներուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել վարի պատկերը` քառակուսիներուն հետեւելով:
Կրնա՞ս ամբողջացնել վարի պատկերը` քառակուսիներուն հետեւելով:
Կրնա՞ս այս թիւերը զետեղել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:
Կրնա՞ս այս թիւերը զետեղել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

 

1 – բ,  2 – գ, 3 – ա, 4 – Ճիշդ, արբանեակներու միջոցով այս նկարները սկսան բացայայտուիլ 1999 թուականէն ի վեր, 5 – բ, 6 – գ, 7 – գ, 8 – Սխալ, այս լուրը ամբողջովին հնարուած է, 9 – ա:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Փետրուար 1965)

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն Հայ Օգնութեան Միութեան Կազմակերպութեամբ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Ոգեկոչման Ձեռնարկներ

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.