Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Վալենսիայի դէմ կատարուած յաղթական մրցումին (4-2) նշանակեց 2 կոլ:
Ան այսպիսով քաթալոնական ակումբին հետ յաջողեցաւ 100-րդ տուպլէն իրագործել` տարբեր տեսակի մրցաշարքերու ընթացքին:
Ատկէ բացի, Մեսսի հանդիսացաւ «Լա լիկա»-ի միակ ֆութպոլիստը, որ վերջին ութ տարեշրջաններէն իւրաքանչիւրին կը նշանակէ 40 կոլ եւ աւելի, եթէ նկատի առնուին անոր ակումբին մասնակցած բոլոր մրցաշարքերը:



