Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը (UWW) քաշային կարգերը 8-էն պիտի աւելցնէ 10-ի: Իւրաքանչիւր քաշային կարգի մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկու օրով, կը յայտնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը (armnoc.am):
Քաշային կարգերու փոփոխութիւնը առ ի վաւերացում այս տարի պիտի ներկայացուի Փարիզի մէջ աշխարհի ախոյեանութենէն առաջ տեղի ունենալիք «UWW»-ի համագումարին ընթացքին:
Այդ երկու օրուան մրցումներու նոր դրութիւնը պիտի փորձուի այս տարի` պատանիներու Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն ընթացքին:
Վաւերացուելու պարագային փոփոխութիւնները ուժի մէջ պիտի մտնեն 1 յունուար 2018-էն սկսեալ: