ՖԻՖԱ-ի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ղանացի իրաւարար Ժոզեֆ Լեմփթի ցմահ կախակայուեցաւ` մրցումի մը արդիւնքին հետ խաղացած ըլլալուն պատճառով:
Յայտարարուեցաւ, որ ան յանցաւոր գտնուեցաւ նախորդ դեկտեմբերին տեղի ունեցած Հարաւային Ափրիկէ – Սենեկալ մրցումին (2018-ի մոնտիալի զտում, ափրիկեան գօտի), որ վերջ գտաւ առաջինին յաղթանակով (2-1):
ՖԻՖԱ-ն իր հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ ան անարդարօրէն փենալթի մը սուլեց ի նպաստ Հարաւային Ափրիկէի, որ այս մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց:
Սակայն ՖԻՖԱ-ն չնշեց, թէ այս մրցումը պիտի կրկնուի՞, թէ՞ անոր արդիւնքը պիտի մնայ նոյնը…



