
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան 8 ճակատումներ:
Բաւական տաք ճակատումէ մը ետք, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 125-120 արդիւնքով տեղի տուաւ իր հիւրին` Քլիվլենտ Քաւալիրզի դիմաց:
Մինչ Քաւալիրզ ապահովեց փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը, անդին պաշտօնապէս հաստատուեցաւ Լէյքըրզի փլէյ-օֆի մրցումներէն դուրս մնալը:
Քլիվլենտէն Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 46 կէտ, մինչ Տ՛անճելօ Ռասըլ (Լէյքըրզ)` 40 կէտ:
Փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը ապահովեց նաեւ Հիուսթըն Ռոքեթց:
Այսպիսով այդ խումբերուն թիւը բարձրացաւ չորսի, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզէն ետք:
Մայեմի Հիթ, որ հիւրընկալեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը, 115-104 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տեմիըն Լիլարտ նշանակեց 49 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Տալաս Մավըրիքս – Պրուքլին Նեթց | 111-104 |
| Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Պոսթըն Սելթիքս | 105-99 |
| Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ֆէոնիքս Սանզ | 112-95 |
| Նիւ Օրլինզ – Մինեսոթա Վուլվզ | 123-109 |
| Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ | 116-91 |
| Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մայեմի Հիթ | 115-104 |
| Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ | 118-102 |
| Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 125-120 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հորնեթց – Աթլանթա Հոքս
Օրլանտօ Մեճիք – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Եութա Ճեզ
Պոսթըն Սելթիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Տենվըր Նակեթց
Օքլահոմա Սիթի – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Նիւ Եորք Նիքս


