
Եուվենթուսի իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն նախորդ շաբաթավերջին Սամտորայի դէմ տեղի ունեցած Քալչիոյի 29-րդ հանգրուանի մրցումին իր ակումբին հետ նոր մրցանիշ մը հաստատեց: Այս մասին հաղորդեց «Կազեթթա Տելլօ Սփորթ»:
Այս մրցումին 65-րդ վայրկեանին 39 տարեկան Պիւֆոն դարձաւ Եուվենթուսի կազմին հետ ամէնէն շատ վայրկեաններ կատարած մրցումը` 39,704 վայրկեան:
Այսպիսով ան գերազանցեց Ճիամփիերօ Պոնիփերթիի հաստատած մրցանիշը` 39,680 վայրկեան:
Նշենք, որ իտալացի բերդապահը 2001-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Եուվենթուսի հետ:


