16-28 յունիսին Խանթի Մանսիսքի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց խմբային ախոյեանութիւնները պիտի կատարուին առանց Հայաստանի հաւաքականներուն:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին նախագահի տեղեկալ Աշոտ Վարդապետեան, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին կայքին յայտնեց, որ թէ տղոց, եւ թէ աղջկանց հաւաքականները այդ ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունք ձեռք չեն ձգած:
«Աշխարհի խմբային ախոյեանութեան կը մասնակցին 10-ական խումբեր. ցամաքամասերու ախոյեանները, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած միջազգային ողիմպիականէն երեք խումբեր, կազմակերպիչ երկիրը, նախորդ ախոյեանութեան ախոյեանը եւ մէկ խումբ ալ` որոշուած «ՖԻՏԷ»-ի նախագահին կողմէ: Դժբախտաբար մեր հաւաքականները չեն ընդգրկուած այդ տասին մէջ», ըսաւ Վարդապետեան: