Նախորդ շաբաթավերջին Մանչեսթըր Եունայթըտ, 29-րդ հանգրուանի իր մրցումին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Միտըլզպորոյի դէմ:
Այս յաղթանակով Մանչեսթըր Եունայթըտ յաջողեցաւ նոր մրցանիշ մը հաստատել, որովհետեւ անիկա Փրեմիեր լիկ-ի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ կ՛արձանագրէ իր 600-րդ յաղթանակը:
2-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Արսենալ (517), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Չելսի (508):



