Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ընտրուեցաւ Փորթուգալի 2016 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Տարուան լաւագոյն նորեկը ճանչցուեցաւ միջնապահ Ռենաթօ Սանչես, որ նախորդ ամրան Պենֆիքայէն տեղափոխուեցաւ Պայէրն Միւնիխ:
Իսկ տարուան լաւագոյն մարզիչի տիտղոսին արժանացաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ֆեռնանտօ Սանթոս: