«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ, 70 տարեկան Մարիոս Լեֆքարիթիս պաշտօնապէս յայտարարեց, որ պիտի լքէ իր պաշտօնը:
Նշենք, որ ան նախապէս եղած է Կիպրոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ:
Լեֆքարիթիս, որ 21 տարիէ ի վեր այս մարզին մէջ է, յայտնեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ընտրութիւններուն:
Ան այս մասին տեղեակ պահեց 55 երկիրներու ֆետերասիոններ` անոնց յղած նամակով մը:



