Նախորդ շաբաթավերջին Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ սկսաւ Եւրոպայի քարաթէի ախոյեանութիւնը: Այս տեղեկութիւնը փոխանցեց Հայաստանի քարաթէի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանէն 15 մարզիկ-մարզիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ` Հայաստանի քարաթէի ֆետերասիոնին նախագահ` Անդրանիկ Յակոբեանին:
Գէորգ Գէորգեան Հայաստանի ապահովեց ոսկի մետալ մը, մինչ Յովհաննէս Կալբուխեան, տիրացաւ արծաթ մետալի:
 
			


