«Լա լիկա»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 23 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ սպասուած «Քլասիքօ»-ն Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ, առաջինին դաշտին` «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ:
Անոնց միջեւ տարեշրջանի առաջին «Քլասիքօ»-ն, որ տեղի ունեցաւ նախորդ 3 դեկտեմբերին, «Քամփ Նու»-ի մէջ, աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ:
Ներկայ դրութեամբ Պարսելոնա կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 63 կէտ: Իսկ Ռէալ Մատրիտ, որ մրցում մը նուազ կատարած է, 65 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը:



