Պարսելոնայի մարզիչ Լուիս Էնրիքէ իր կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ ամրան քաթալոնական ակումբէն հեռանալէ ետք դադար պիտի առնէ եւ 2017-2018 տարեշրջանին որեւէ խումբի մարզիչ պիտի չըլլայ:
«Սքայ Սփորթս» հաղորդեց, որ ինք այլ ակումբներու մասին չի մտածեր ներկայիս, այլ կը զգայ, որ պարզապէս քիչ մը հանգիստի կարիք ունի:
46 տարեկան Էնրիքէ 2014-ին ստանձնեց Պարսելոնայի մարզիչի պաշտօնը:



