Լիբանանեան «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Լիբանանի տղոց ազգային խումբի եւ ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկ Ահմետ Իպրահիմ յայտարարեց, որ այս տարեշրջանին մաս պիտի չկազմէ որեւէ ակումբի, հակառակ անոր որ շրջան կ՛ընեն տարբեր տեսակի տարաձայնութիւններ, ըստ որոնց ինք պիտի միանայ տեղական կազմերէն մէկուն:
Խօսելով իր կախակայումին մասին` ան ըսաւ, որ այդ պատիժը կանխամտածուած էր նախկին ֆետերասիոնին կարգ մը անդամներուն կողմէ:
Երկու տարիով իր կախակայումը` խթանիչ դեղերու գործածութեան համար, եղաւ անարդար, որովհետեւ ըստ օրէնքի, այդ պատիժը պէտք էր ըլլար 4 ամիս:
Ան ըսաւ, որ այժմ իր կախակայումը բեկանուած է Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիայի եւ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեանի թափած ճիգերուն շնորհիւ, որոնց համար ալ ինք երախտապարտ է:
Ան ըսաւ, որ շատ հաւանաբար երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրէ տեղական խումբի մը հետ, նախքան Միացեալ Նահանգներ իր մեկնումը, ուր անհատական փորձեր պիտի կատարէ մարզիչ Ժատ Ֆաթթուհի հետ:
Ան եզրափակելով նշեց, որ կ՛ուզէ Լիբանանի ազգային խումբին հետ իր մասնակցութիւնը բերել Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին (ամրան ընթացքին):



