Ինչպէս ծանօթ է, 28 ապրիլին Քամիլ Շամունի անուան մարզական համալիրին մէջ Լիբանան պիտի հիւրընկալէ «Քլասիքօ»-ի մրցումը Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի վեթերան մարզիկներուն միջեւ:
Թէեւ վերջին շրջանին Պարսելոնա քանի մը մարզիկի անուն միայն նշեց, բայց անիկա նախանցեալ օր վերջնականապէս յստակացուց Լիբանան ուղարկելիք իր կազմը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ մարզիկներէն.
ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Անկոյ եւ Պայա:
ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Զամպրոթթա, Ապիտալ Քութօ, Խուան Քարլոս, Կոյքոչէա, Պելլեթթի եւ Սերճի Պարխուան:
ՄԻՋՆԱՊԱՀՆԵՐ.- Էտմիլսոն, Տաւիտծ, Ռոնալտ տը Պէօր, Մենտիեթա եւ Տեքօ:
ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ.- Ժիուլի, Հրիսթօ Սթոյիչքով, Խուլիօ Սալինաս, Ռոնալտինիօ եւ Ռիվալտօ:
Այս մրցումը կազմակերպուած է «Էլ. Էմ. Էս. Սփորթս»-ի կողմէ:



