Խրուաթիոյ Սփլիթ քաղաքին մէջ սկսած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն առաջինը իր ելոյթներուն սկսաւ աղջկանց 58 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Իզապելլա Եայլեան, որ չկրցաւ տպաւորիչ արդիւնք արձանագրել:
Ան արձանագրելով 106 քկ եւ 0 արդիւնք մը (չկարենալով բարձրացնել 87 քկ), ախոյեանութիւնը աւարտեց ձեռնունայն:
Այս դասակարգին մէջ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը` Նաթալիա Խլիոսթքինա (95 + 119):
Ցարդ իրենց մրցումներուն չեն սկսած Սոնա Պօղոսեան (75 քկ), Տաթեւ Յակոբեան (90 քկ), Անդրանիկ Կարապետեան (85 քկ), Կարուշ Ղուկասեան (94 քկ), Սիմոն Մարտիրոսեան, Սամուէլ Գասպարեան (105 քկ), Գոռ Մինասեան եւ Ռուբէն Ալեքսանեան (105 քկ եւ վեր):