Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յատուկ հրաւէր մը ստացած է Փորթուգալի պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն, որպէսզի Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերէ յուլիսին Փորթուգալի մէջ տեղի ունենալիք պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի մը:
Նախքան այս մրցաշարքը, Լիբանան այդտեղ պիտի կատարէ յատուկ բանակում մը, որուն ընթացքին պիտի կատարէ 3-4 մրցում եւրոպական խումբերու դէմ` պատրաստուելու համար Ասիա-2017-ի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ յառաջիկայ տասը օրերուն ընթացքին Լիբանան պիտի ունենայ իր նոր օտար մարզիչը, մինչ մարզիչ Ճօ Մուժահես պիտի ըլլայ անոր օգնականը:
Վերջապէս, Ահմետ Իպրահիմի եւ Ժիւլիեն Խազուհի ազգային խումբին միանալուն մասին յստակ յայտարարութիւն մը ֆետերասիոնը պիտի կատարէ մօտիկ ապագային: