«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան 11 ճակատումներ:

Օքլահոմա Սիթի – Միլուոքի Պաքս մրցումին, որ աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 110-79 արդիւնքով, Ռասըլ Ուեսթպրուք (Օքլահոմա) յաջողեցաւ պատմութիւն կերտել, երբ իրագործեց այս տարեշրջանի իր 41-րդ «թրիփըլ տապըլ»-ը (12 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ):
Ան այսպիսով կրկնեց Օսքար Ռոպըրթսոնի հաստատած մրցանիշը, որ 1961-1962 տարեշրջանի 41 «թրիփըլ տապըլ» մը իրագործած էր:
Բնականաբար, Ուեսթպրուք պիտի բարելաւէ այդ մրցանիշը` նկատի ունենալով, որ Օքլահոմա ցարդ 5 մրցում ունի կատարելիք, նախքան փլէյ-օֆի մրցումները:

Այլ գետնի վրայ, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ 121-107 արդիւնքով յաղթեց Մինեսոթա Վուլվզին, արձանագրեց իր 204-րդ յաղթանակը` վերջին երեք ախոյեանութիւններուն ընթացքին:
Ասիկա «Էն. Պի. Էյ.»-ի կը նկատուի փոխախոյեանին համար մրցանիշ մը:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Շիքակօ Պուլզին, որ 1995-1998 տարիներուն արձանագրած էր 203 յաղթանակ:
Նշենք, որ երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտերը նշանակեցին (41-ական) Քլէյ Թոմսըն (Ուորիըրզ) եւ Անթոնի Տէյվիս (Նիւ Օրլինզ):
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Պրուքլին Նեթց | 118-141 |
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Շարլոթ Հոռնեթց | 118-111 |
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Օրլանտօ Մեճիք | 122-102 |
Ինտիանա Փէյսըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ | 108-90 |
Նիւ Օրլինզ – Տենվըր Նակեթց | 131-134 |
Օքլահոմա Սիթի – Միլուոքի Պաքս | 110-79 |
Նիւ Եորք Նիքս – Շիքակօ Պուլզ | 100-91 |
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 95-89 |
Եութա Ճեզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ | 106-87 |
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ | 121-107 |
Սաքրամենթօ Քինկզ – Տալաս Մավըրիքս | 98-87 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Մայեմի Հիթ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Օքլահոմա Սիթի
Հիուսթըն Ռոքեթց – Տենվըր Նակեթց
Պոսթըն Սելթիքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տալաս Մավըրիքս