Լիբանանի վոլիպոլի ախոյեանութեան աւարտականի չորրորդ ճակատումին, Սփիտ Պոլ Շեքքա 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Շեպիպէ Թաննուրինի վրայ եւ 3-1 արդիւնքով ընդհանուր յաղթանակ մը արձանագրելով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան:
Ղազիրի դաշտին վրայ բաւական մեծ թիւով համակիրներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին, յաղթական խումբը, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը տիրանար ախոյեանութեան, իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամէն: